Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սեպուհ Շահպազեան Կրթական Ֆոնտ»-ի Հիմնադրութեան 17-ամեակի Նշում Եւ «Օրհնութեան Գիր»-ի Շնորհում Շահպազեան Ընտանիքին

Յունիս 25, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքին, երէկ` երկուշաբթի, 24 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սեպուհ Շահպազեան կրթական ֆոնտ»-ի հիմնադրութեան 17-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու, ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեան: Ան նկատել տուաւ, որ հաւաքուած ենք անգամ մը եւս զօրավիգ կանգնելու Ազգային վարժարանին, որ տունն է բոլոր հայ աշակերտներուն, որոնք մեր օճախներուն մէջ կը կերտեն իրենց ինքնութիւնը եւ կը ստանան որակաւոր կրթութիւն:

Եագուպեան յայտնեց, որ այսօրուան ընկերային-տնտեսական դժուարին պայմաններու փոթորիկին դէմ յանդիման կանգնիլը շատ դժուար է, եւ հայ ծնողքը իր ապրուստը ապահովելու կողքին կրթաթոշակ վճարելու մեծ դժուարութեան դիմաց է` աւելցնելով, որ այս պայմաններուն մէջ հայ դպրոցին գոյութիւնը կարելի չէ երաշխաւորել, եթէ չկան եկամտաբեր այլ նախաձեռնութիւններ եւ ծրագիրներ, որոնք ե՛ւ զօրակցութիւն են հայ դպրոցին, ե՛ւ հայ ծնողքին: «Մեր բարեսիրական հաստատութիւնները, ֆոնտերը եւ անհատները, ինչպէս երէկ, այսօր եւս կը զօրակցին հայ դպրոցին եւ իրենց նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ մասնակից կը դառնան նիւթական տագնապներու յաղթահարման ճիգերուն», հաստատեց Եագուպեան` աւելցնելով, որ այս ճիգերուն մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունի «Սեպուհ Շահպազեան կրթական ֆոնտ»-ը, որ 2002-2003 տարեշրջանէն ի վեր կը գործէ եւ 17 տարիներու ընթացքին իր նիւթական ու բարոյական մասնակցութեամբ կը զօրակցի հայ դպրոցին: Ֆոնտը հայ ծնողքին եւ աշակերտին հոգատարն է: Ֆոնտը 2018-2019 տարեշրջանին Ազգային վարժարան յաճախող իւրաքանչիւր աշակերտի տրամադրած է 100 տոլար կրթանպաստ: Առ այդ, ֆոնտը այս տարեշրջանին տրամադրած է 16 միլիոն ութ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի:

«Սեպուհ Շահպազեան կրթական ֆոնտ»-ին անունով Գառնիկ Մկրտիչեան իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, թէ 18 տարի առաջ կորսնցուցինք Սեպուհ Շահպազեանը, որուն վաղահաս մահը խոր սուգի մատնեց իր ծնողքը եւ շրջապատը` անդարմանելի ցաւի մը մէջ ձգելով մեր սիրտերը: Ան ըսաւ, թէ Սեպուհին քառասունքին առիթով անոր յիշատակը վառ պահելու համար ծնողքը տպել տուաւ յատուկ գրքոյկ մը, որ պարփակած էր Սեպուհին համալսարանական վերջին թէզը, որ բոլորին գնահատականը ստացած էր: Գառնիկ Մկրտիչեան նկատել տուաւ, որ Շահպազեան ընտանիքը այսքանով չբաւարարուեցաւ եւ ծնունդ առաւ ֆոնտի մը գաղափարը, զոր սկսան քննել: Շահպազեան ընտանիքին զօրավիգ կանգնեցան Լիբանանի օրուան առաջնորդը եւ Ազգային իշխանութիւնը: Մկրտիչեան ըսաւ, թէ քանի մը ամիս ետք յաջողած են հիմնել «Սեպուհ Շահպազեան կրթական ֆոնտ»-ը` նկատի ունենալով գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ծնողներու նիւթական մտահոգիչ վիճակը: «18 տարիներ անցան Սեպուհի մահէն, եւ մենք իր անունը փորձեցինք չմոռցնել: Լիբանանահայ գաղութը գէթ տարին անգամ մը կը յիշատակէ իր անմար յիշատակը», հաստատեց Մկտիչեան` աւելցնելով, որ 17 տարիէ մեր Ազգային վարժարաններու աշակերտները` թիւով 2434, որոնք մինչեւ օրս ստացած են 290 միլիոն ութ հարիւր հազար լ.ո. օժանդակութիւն այս ֆոնտէն, վստահաբար կ՛աղօթեն իր հոգւոյն խաղաղութեան համար, իսկ անոնց ծնողները երախտապարտ են:

Մկրտիչեան յայտնեց նաեւ, որ որոշ շրջանի մը համար ստեղծուեցաւ հայերէնի բարձրագոյն նիշ ապահովող աշակերտներու լրիւ կրթաթոշակի օժանդակութիւն, զոր ֆոնտը եւ Ուսումնական խորհուրդը հպարտութեամբ փոխանցեցին` գիտակցելով, որ հայերէնի մէջ փայլուն աշակերտները պէտք է գնահատուին ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան համար: «Ֆոնտի անդամները միշտ պիտի յաւերժացնեն Սեպուհի անունը` իր կիսաւարտ իղձերուն դարման մը գտնելու համար», եզրափակեց Մկրտիչեան:

Աշակերտներուն անունով խօսք առաւ Սերենա Լէփէճեան, որ յայտնեց, թէ «Սեպուհ Շահպազեան կրթական ֆոնտ»-ին մասին աշակերտները յաճախ լսած են եւ ցաւած են, որ երիտասարդ կեանք մը կորսուած է, սակայն նոյն ատեն հիացած են Սեպուհ Շահպազեանի ծնողքով, որ հիմնած է ֆոնտ մը, որպէսզի բազմաթիւ պատանիներ եւ երիտասարդներ անոր յիշատակը յարգելով սիրեն կեանքը, կառչին կեանքին: Ան յայտնեց, որ վստահաբար Սեպուհ Շահպազեան շատ տալիք ունէր ազգին, բայց դարանակալ մահը առիթ չտուաւ անոր ծառայելու իր ժողովուրդին: Լէփէճեան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Մենք` այս ֆոնտէն օգտուող աշակերտներս, պիտի իրագործենք Սեպուհին երազը, պիտի ուսանինք, պիտի ծառայենք ազգին եւ յաւիտեան երախտապարտ պիտի մնանք Շահպազեան ընտանքին»:

Գեղարուեստական բաժինով Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Համաստեղի «Հայու ոգին» քերթուածը, Մարիա-Ճէսիքա Հաշէօլեան մեկնաբանեց «Բարի հայրիկ» երգը, Նաթալի Աբոքեան եւ Սէրլի Նեմշեհիրլեան տուտուկի վրայ նուագեցին երաժշտական կտոր մը:

Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան հաստատեց, որ հերոսները չեն մեռնիր` աւելցնելով, որ մարդ արարածի հերոսութիւնը այս կեանքին մէջ կը բնորոշուի երեք ձեւերով. ա) Հերոս կը կոչուին անոնք, որոնք իրենց նահատակութեամբ եւ սխրագործութիւններով իրենց կեանքը կը զոհեն ազգին եւ գաղափարին համար, բ) Հերոս կը կոչուին անոնք, որոնք մշակութային, ազգային, կրօնական կեանքին մէջ հետք մը կը ձգեն իրենց գործերով եւ գործունէութեամբ, գ) Հերոս կը կոչուին անոնք, որոնք մարդոց կեանքին, սիրտին եւ հոգիին մէջ միշտ ներկայութիւն կ՛ըլլան եւ մանաւանդ պատճառ կը դառնան իրենց նմաններու յաջողութեան առաքելութեան:

Հայր սուրբը ըսաւ, թէ Սեպուհի ծնողները իրենց մտայղացումով եւ մանաւանդ իրենց ներդրումով Ազգային վարժարաններու կեանքին մէջ, այսօր Սեպուհ Շահպազեանը դարձուցած են հերոս, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ աշակերտի կեանքին, սիրտին, հոգիին մէջ դրոշմած են Սեպուհի քաղցր յիշատակը: «Այսօր հաւաքուած ենք ապրեցնելու Սեպուհը մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքին եւ հոգիին մէջ», շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` հաստատելով, որ հերոսները չեն մեռնիր, որովհետեւ մնայուն ներկայութիւն են եւ մեր նպատակներու իրագործման քարտէսն են: Ան յայտնեց, որ Սեպուհը իր ծնողքին ճամբով այսօր Ազգային վարժարան յաճախող իւրաքանչիւր աշակերտի նպատակը, տեսիլքը իրականացնող ճամբան եւ քարտէսն է` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր աշակերտ, որ կ՛արժեւորէ իր ուսումը, իր ապագան, իր նպատակը` հասնելու կատարելագոյնին, պիտի յիշէ Սեպուհ Շահպազեան անունը, որուն ծնողքին ջանքերով ինք հասած է իր կատարելագործումին:

Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի եւ Ազգային վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Շահպազեան ընտանիքին այս քաղցր մտայղացումին համար եւ խօսքը ուղղելով ծնողներուն եւ աշակերտներուն ըսաւ, թէ «Սեպուհ Շահպազեան կրթական ֆոնտ»-ը կու գայ իւրաքանչիւրին ընձեռելու առիթ մը, որ ուրիշ համայնքներու մէջ չեն կրնար գտնել աւելցնելով, որ ասիկա փաստ մըն է, որ հայը միշտ ձեռք երկարած է իր նմանին, իր աշակերտին, իր դպրոցին, որովհետեւ հաւատացած է, որ հայ մշակոյթը, հայ երգը, պարը, գրականութիւնը, արուեստը ստեղծողը, յաւերժացնողը եւ բոլորին ողնասիւնը հայ դպրոցն է` կոչ ուղղելով անոնց երախտապարտ ըլլալու Շահպազեան ընտանիքին:

Եզրափակելով իր խօսքը` Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան կարդաց Նարեկ արքեպիսկոպոսի կողմէ Շահպազեան ընտանիքին շնորհուած «Օրհնութեան գիր»-ը, որմէ ետք հրաւիրեց Յարութ եւ Մանուշակ Շահպազեան ամոլը եւ անոնց յանձնեց զայն:

 

Նախորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Յաջորդը

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Վարչականները «Էմ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռի Կայանի Հիւրերն Էին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?