Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Տնօրէնը Եւ Հաւատացեալներ Ֆրանսայէն

Յունիս 20, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 18 յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, իր աշխատանքային հանդիպումներու ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Գարակէօզեան» բարեսիրական հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը: Ան տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը հաստատութեան բարեսիրական, ընկերային ու առողջապահական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց` մօտէն իմանալով հաստատութեան հետզհետէ ծաւալող աշխատանքը հայահոծ շրջաններուն մէջ:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ իր հայրական գնահատանքը յայտնեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, Բարեգործականին, «Ճինիշեան»-ին, «Զուարթնոց»-ին, ինչպէս նաեւ հայկական բարեսիրական այլ միութիւններու աշխատանքներուն, որոնք իրենց կարելին կը կատարեն հասնելու ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն:

Միւս կողմէ, վեհափառ հայրապետին այցելեցին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ Ֆրանսայէն վեր. Ժիլպեր Լեւոնեանի գլխաւորութեամբ Ֆրանսայէն Հայ աւետարանական համայնքին պատկանող հաւատացեալներ:

Վեհափառ հայրապետը ընդառաջելով անոնց հետաքրքրութիւններուն ու հարցումներուն` անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ հայ եկեղեցւոյ ու անոր աստուածաբանութեան եւ միջեկեղեցական շարժումին մասին: Հիւրերը նաեւ շրջեցան Ս. Աստուածածին վանքի զանազան բաժանմունքները եւ ապա ուղղուեցան Անթիլիասի մայրավանք:

Նաեւ, նոյն օրը, առաւօտուն, վեհափառ հայրապետը դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեանի եւ Ս. Աստուածածին վանքի վերահսկիչ Շնորհք վրդ. Աշըգեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Պիքֆայայի վանքին մէջ շինարարութեան ընթացքի մէջ գտնուող եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու յատուկ շէնքը, ինչպէս նաեւ դպրեվանքի դաշտն ու մուտքը եւ ուրախութեամբ հաստատեց, որ շինութիւնները լայն չափով յառաջացած են, եւ շուտով անոնց բացումը պիտի կատարուի:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Դպրեվանքի Ուսուցչաց Հանդիպումին

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?