Կոմիտասի «Իմ չինարի եարը» ստեղծագործութեան տեսահոլովակը առաջին անգամ ըլլալով սփռուեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն, որմէ ետք տեղադրուեցաւ համացանցի վրայ:
Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի ձեռնարկներու շարքին, գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մը իրականացուց Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի վարչութիւնը` պատրաստելով տեսահոլովակ մը` Կոմիտասի «Իմ չինարի եարը» ստեղծագործութեան նորովի մատուցումով, որուն կապակցութեամբ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երկուշաբթի, 24 յունիսի առաւօտեան ժամը 10:50-ին, ուղիղ եթերով սփռուած յայտագիրէն հարցազրոյց մը վարեց Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի վարչութեան ատենապետ Կարէն Եոսուլքանեանի եւ վարչութեան անդամ Ֆատի (Պարգեւ) Պաշխընճիին հետ, որոնք հանգամանօրէն ներկայացուցին Կոմիտաս վարդապետի վարքն ու ունեցած աւանդը, ինչպէս նաեւ իր իսկ յառաջացուցած «Գուսան» երգչախումբին հիմնադրութիւնն եւ ցայսօր կատարած աշխատանքները:
Բարի՛ երթ «Գուսան»-ին եւ նորանոր նուաճումներ: