Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը շրջանի բնակիչներուն ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ ընդհանուր ապահովութեան, մաքրութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին համար որոշած է հետեւեալը.
Ա.- Քաղաքացիներէն եւ շրջանի բնակիչներէն կը պահանջուի սոյն գրութեան թուականէն մինչեւ երկու ամիս իրենց շէնքերու տանիքներէն վերցնել հեռատեսիլի «անթեն»-ները, աղբերը եւ բոլոր հին ու լքուած իրերը:
Բ.- Բնակիչներու այս աշխատանքը դիւրացնելու համար վերոյիշեալ երկու ամիսներուն ընթացքին, կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00, քաղաքապետարանի բեռնակառքեր պիտի շրջին թաղերուն մէջ: Բնակիչներուն կը մնայ տանիքներէն իջեցնել այդ «անթեն»-ներն ու իրերը, եւ քաղաքապետարանի բեռնակառքերը կը ստանձնեն զանոնք փոխադրելու ու թափելու աշխատանքը:
Գ.- Երկու ամսուան ժամանակամիջոցի աւարտին, քաղաքապետարանի աշխատակազմը պիտի ստուգէ տանիքներուն վիճակը, եւ չմաքրուած տանիքներուն պատասխանատուները պիտի ստիպուին մաքրել ու հոգալ փոխադրութեան եւ թափելու ծախսերը:
Յոյս ունինք, որ քաղաքացիներն ու բնակիչները կ՛ընդառաջեն ու կը գործակցին այս նախաձեռնութեան հետ, ի խնդիր ընդհանուր ապահովութեան, մաքրութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին:
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Քաղաքապետ Պուրճ Համուտի