Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (6) . Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Լուրին Կառոյցին Եւ Կը Վերադառնան Ամառնային Դադարէ Մը Ետք
«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլի շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ապագայ լրագրողներուն ընթացիկ հանդիպումը: Լրագրական վարժողական ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան ներկայացուց լուրին կառոյցը եւ լուր մը գրելու յատկանիշները: Հանդիպումը եղաւ ներգործօն եւ աշխատանքային` լուր մը գրելու իմաստով: Յայտնենք, որ Ապագայ լրագրողները ամառնային դադարէ մը ետք պիտի վերադառնան ամբողջացնելու` պատրաստուած լրագրողներու վարժողական ծրագիրը:



















