Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բացում` «Ազդակ»-ի Երիտասարդ Աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանի Գեղանկարչական Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսին

Յունիս 20, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 յունիս 2019-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանի գեղանկարչական առաջին անհատական ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին:

Բացման ու բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան, որ ըսաւ, թէ ասիկա առիթ է ծանօթանալու երիտասարդ գեղանկարիչի մը` Քրիստ Իսկենտերեանի արուեստին, որ տպաւորիչ է ո՛չ միայն իր ոճով եւ գոյներով, այլ նաեւ իր թեմայով: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայացուած 60 գործերը գծուած են 5 տարիներու ընթացքին` 2014-2019, աւելցնելով, որ երիտասարդ գեղանկարիչը ազդուած է Հայոց ցեղասպանութենէն, հայութեան տարագրութենէն, բայց եւ այնպէս կառչած է նաեւ յոյսին եւ ապագայի վառ գոյներուն:

Անդրադառնալով Քրիստ Իսկենտերեանի եւ «Ազդակ»-ին միջեւ յատուկ կապին` Արշօ Պալեան մատնանշեց, որ ան 2017-ին միացաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան նախաձեռնած լրագրութեան վարժողական աշխատանքին եւ դարձաւ մասնակիցներէն «Ապագայ լրագրող»-ներու Ա. փուլի ծրագիրին, զոր աւարտելէ ետք, այսօր, արդէն օրաթերթի անձնակազմին մաս կը կազմէ` բոլորը տպաւորելով իր ճշդապահութեամբ, հետեւողական աշխատանքով, բծախնդրութեամբ ու ինքնավստահութեամբ: Ասկէ մեկնած, «Ազդակ» ուզած է քաջալերել երիտասարդ աշխատակիցը եւ նախաձեռնած այս ցուցահանդէսին:

Ապա խօսք առաւ եւ երիտասարդ գեղանկարիչի գործերուն մասին խօսեցաւ «Ազդակ»-ի «Արուեստի էջ»-ի պատասխանատու, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ դիտել տուաւ, թէ Հայաստանէն Լիբանան վերադառնալով, 1981-ին, ստանձնեց երկու առաքելութիւն` աշխատանք, որպէսզի գաղութը առաւել եւս սիրէ, գնահատէ եւ ընկալէ կերպարուեստն ու մշակոյթը, իսկ երկրորդ` քաջալերել սկսնակները, յատկապէս երիտասարդները: Ան աւելցուց, որ սկիզբը ան քաջալերած ու գովաբանած է բոլոր երիտասարդները, սակայն տարիներ ետք անդրադարձած է, թէ եթէ ցորենը առողջ է, այն ատեն պէտք է ցանուի առողջ միջավայրի մէջ, գուրգուրանք ու խնամք ստանայ, որպէսզի աճի ու արտադրէ: Մ. Հերկելեան առողջ ցորենի հատիկ նկատեց Քրիստ Իսկենտերեանը, որուն Աստուած տաղանդ, շնորհ ու կրակ տուած է, որպէսզի ստեղծագործէ եւ արդէն իսկ իր կրակին տուած արգասիքին հունձքով ներկայանայ հանրութեան: Ան դիտել տուաւ, որ արուեստը անվերջ ուսումնասիրութեան կը կարօտի, որպէսզի գեղանկարիչը զարգանայ: «Այս երիտասարդը տաղանդը ունի, նաեւ` ստեղծագործելու տենչը. իրեն կը մնայ անընդհատ զարգացնել այդ բոլորը, չհրաժարիլ տքնաջան աշխատանքէ, որպէսզի հաւասարի մեծերուն` միշտ նպատակ ունենալով համաշխարհային արուեստագէտ ըլլալ», հաստատեց Մ. Հերկելեան` նշելով, որ Քրիստ Իսկենտերեան ներշնչուած է Փոլ Կիրակոսեանի արուեստէն, ինչ որ ինքնին շնորհ մըն է: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր գործերուն մէջ անընդհատ պէտք է ինքզինք փնտռէ, որպէսզի տարբերի բոլորէն, կերտէ իր անհատականութիւնը եւ ընդունելի ըլլայ բոլորին կողմէ` իր նախորդներուն վրայ բան մը աւելցնելով թէ՛ իբրեւ գործ, եւ թէ՛ իբրեւ որակ:

Դոկտ. Հերկելեան ըսաւ, թէ յատկանշական է Քրիստ Իսկենտերեանի Կոմիտաս գործը, որ իր արտայայտչականութեամբ, բովանդակութեամբ, իմաստով, համադրութեամբ կը զատորոշուի միւսներէն` այսպիսով երիտասարդ արուեստագէտը եւս կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ:

Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Քրիստ Իսկենտերեան, որ ըսաւ, թէ իր գործերուն մէջ երեւցող մարդոց մէջ ներկայութիւն է 150-ամեայ անմահ Կոմիտաս վարդապետը, ներկայութիւն են Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակները, տարագրութեան ճամբուն վրայ կեանքէն հեռացողներն ու վերապրողները, նաեւ` հայրենի աշխարհի կռունկները, մարդոց կեանքն ու առօրեան: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքին, որուն ջանքերով ու քաջալերանքով ընթացք առաւ իր սլացքը: Երիտասարդ գեղանկարիչը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին իր արուեստին, նեցուկ կանգնեցան ու կը քաջալերեն զինք:

Ապա ներկաները դիտեցին «Փիւնիկ» սրահը հարստացուցած Քրիստ Իսկենտերեանի պաստառները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը օժտուած է տարբեր իւրայատկութեամբ, գոյներու համադրումով, ներկայացման ուրոյն ձեւով: Հոն է հայութեան կեանքն ու մահը ամբողջ, հոն են սպանդն ու վերապրումը, տարագրութիւնն ու վերամիացումը, յարութիւնն ու վերընձիւղումը: Ստեղծագործութիւններուն մէջ գրաւիչ ձեւով ու հետաքրքրական ներկայացմամբ կ՛երեւին մարդոց առօրեան, աշխատանքը, հեւքոտ կեանքէն պատկերներ, նաեւ` մարդկային ամէնէն  նուիրական զգացումներ:

«Ազդակ»-ի ընտանիքին անունով բարի երթ կը մաղթենք երիտասարդ նկարիչին` հաւատալով, որ ան կանգ պիտի չառնէ այս առաջին ցուցահանդէսով: Այստեղ յայտնենք, որ այս ցուցահանդէսը կը յատկանշուէր մանաւանդ մեծաթիւ երիտասարդներու ներկայութեամբ:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ շաբաթ օր` նոյն վայրին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Դպրեվանքի Ուսուցչաց Հանդիպումին

Յաջորդը

Իպրահիմ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?