Մեր Կորուստները. Մահացած Է Գրող Կարինէ Աշուղեանը
Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գրող, հրապարակախօս եւ լրագրող Կարինէ Աշուղեանը:
Ծնած է Հայաստանի Արարատի շրջանի (այժմ` մարզ) Տափերական գիւղին մէջ: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ ընկերաբանութեան բաժանմունքը, ապա` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմարկի ասպիրանտուրան: Աշխատած է նոյն հիմարկին մէջ` իբրեւ հայ փիլիսոփայութեան պատմութեան բաժինի կրտսեր գիտաշխատող, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Հայ զինուոր» պաշտօնաթերթին մէջ եւ իբրեւ լրագրող` տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ: 1998-2008-ին եղած է «Արարատ» մարզային թերթի գլխաւոր խմբագիրը:
Պարգեւատրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Գրիգոր Նարեկացի» յուշամետալով:
Նշենք, որ բանաստեղծութիւններու եւ արձակ գրութիւններու հեղինակ Կարինէ Աշուղեան ռուսերէնէն հայերէնի թարգմանած է ՀՅԴ յայտնի գործիչ, հանգուցեալ Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» վէպը: