Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը հզօրանայ եւ կ՛ամրանայ շնորհիւ իր փաղանգին, եւ թէեւ եկեղեցին ժողովուրդը ինքն է, բայց եւ այնպէս եկեղեցւոյ հիմերը խրուած են անոր միաբանութեան աւիւնին մէջ: Այս կրթական տարեշրջանի աւարտին, դպրեվանքը ազգին եւ եկեղեցիին նուիրեց երեք նոր անշահախնդիր ծառայող կուսակրօն քահանաներ, որոնց ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Շնորհք վրդ. Աշըգեանի: Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեանց հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Արդարեւ, շաբաթ, 15 յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Ճորճ սրկ. Աբրահամեանի, Մուշեղ սրկ. Գարակէօզեանի եւ Շահէ սրկ. Եագուպեանի կոչման արարողութիւնը (չորրորդ սարկաւագը` Ճորճ Պրիխանեանը, չկրցաւ մաս կազմել ընծայեալներու շարքին` Սուրիոյ մէջ զինուորական փաստաթուղթերու գործողութեան որոշ դժուարութիւններու պատճառով, հետեւաբար անոր ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի պիտի ունենան մօտիկ ապագային): Սարկաւագները ծնրադիր մօտեցան Ս. Խորան, նզովեցին բոլոր հերետիկոսներն ու հերձուածողները եւ յօժարակամ ընդունեցին հետեւիլ եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն: Ապա, վեհափառ հայրապետին, ձեռնադրիչ սրբազանին, միաբան հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութեան արտասանեցին ուղղափառ դաւանանքը եւ կարդացին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռին զինուորագրութեան եւ հաւատարմութեան իրենց ուխտագրերը:
Կիրակի, 16 յունիս 2019-ի առաւօտուն, Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը: Խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, ընծայեալները ծնրադիր բարձրացան Ս. Խորան, ուր «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականին երգեցողութեամբ անգամ մը եւս հրաւիրուեցան հրաժարելու աշխարհայինէն: Ապա, «Կենդանարար Աստուած» շարականին երգեցողութեամբ, խարտաւիլակ հայր սուրբը միւռոնաթափ աղաւնին յանձնեց ձեռնադրիչ սրբազան հօր, որ օծելով ընծայեալներուն ճակատն ու ձեռքերը, Բարշ. Ճորճ սարկաւագը վերանուանեց Տ. Սարգիս քահանայ, Բարշ. Մուշեղ սարկաւագը` Տ. Գէորգ քահանայ, իսկ Բարշ. Շահէ սարկաւագը` Տ. Յակոբ քահանայ: Օծումէն ետք նորաօծ քահանաները ժողովուրդին բաշխեցին իրենց անդրանիկ օրհնութիւնը:
Ապա, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց: Ան ըսաւ, թէ ութ տարիներու դպրեվանքի հոգեմտաւոր կրթութենէն ետք, հունձքի պահուն, մայր եկեղեցւոյ խորհուրդով երեք սարկաւագներ կը ծնին իբրեւ նոր մարդիկ` ծառայելու եկեղեցւոյ, ազգին ու Աստուծոյ: Օրը զուգադիպելով Ս. Եղիա մարգարէի յիշատակութեան տօնին` սրբազանը վկայակոչեց մարգարէին կեանքը եւ խօսքը ուղղելով նորաօծ ընծայեալներուն յայտնեց, որ անոնք այժմ ըլլալով Աստուծոյ մարդը, կ՛անդրանցնին աշխարհագրական վայրերը եւ կը դառնան բոլորին մարդը: Սրբազանը խրախուսեց զանոնք հետեւելու Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, ըլլալով խոնարհ եւ հեզ` պատրաստ սորվելու կեանքի դպրոցէն: Ան նշեց, որ երիտասարդ քահանաները քայլ առ քայլ պիտի սորվին յառաջդիմել նախ ծառայելով մայրավանքին մէջ` վեհափառ հայրապետին կողմէ նշանակուած պաշտօններու ընդմէջէն, եւ ապա թեմերուն մէջ: Լայնօրէն անդրադառնալով յարատեւ ուսանելու կարեւորութեան` ան ընդգծեց, որ գիտութիւնն ու հաւատքը իրար չեն հակասեր, այլ կ՛ամբողջացնեն, մանաւանդ երբ ի գործ կը դրուին բարիին համար: Սրբազանը իր քարոզը աւարտեց աղօթելով առ բարձրեալն Աստուած եւ մաղթելով, որ նորընծաները Ս. Սարգիսի նման հզօր, Ս. Գէորգի նման չարին յաղթող եւ Ս. Յակոբի նման դէպի վեր բարձրացողներ ըլլան:
Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»-ի պահուն, վեհափառ հայրապետը եւ միաբան հայրերը բարձրացան Ս. Խորան եւ համբուրելով նորընծաներուն ճակատներն ու ձեռքերը շնորհաւորեցին զանոնք: Ձեռնադրեալներուն կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Խաչիկ եւ Սեւան Գալայճեան ամոլը: «Ողջոյն»-էն ետք կնքահայրը կատարեց անոնց ճակատներուն եւ ձեռքերուն լուացումը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վեղարի օրհնութիւնը, որ կը խորհրդանշէ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտը:
Պատարագի աւարտին, նորընծայ միաբան հայրերը, ձեռնադրիչ սրբազանին առաջնորդութեամբ եւ խարտաւիլակ հայր սուրբին ու իրենց ծնողներուն հետ, բարձրացան վեհափառ հայրապետին մօտ, ուր ստացան անոր օրհնութիւնը:
Ապա, աւանդութեան համաձայն, եկեղեցւոյ դասուն մէջ, հաւատացեալները աջահամբոյրով ստացան նորընծայ միաբան հայրերուն անդրանիկ օրհնութիւնը: