Այցելութիւն Առողջապահութեան Նախարարութիւն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց առողջապահութեան նախարար տոքթ. Ժամիլ Ժապաքի` ընկերակցութեամբ Երեսփոխանական գրասենեակի տնօրէն Րաֆֆի Մարգարեանի, Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանի ու անդամ Ներսէս Պաղտոյեանի եւ բուժարանի տնօրէն Տիգրան Պոյաճեանի:
Նախ եւ առաջ երեսփոխան Բագրատունի բարձր գնահատեց նախարար Ժապաքի նախաձեռնութիւնները ընդհանրապէս եւ յատկապէս հիւանդանոցներու հետ գործակցութեան կանոնաւորումն ու դեղորայքի գիներու նուազման նախաձեռնութիւնը:
Ապա նախարարութեան ներկայացուեցան Ազունիէի բուժարանին հետ կապուած կարգ մը հարցեր, որոնց լուծման կապակցութեամբ ան անմիջական կարգադրութիւններ կատարելու խոստում տուաւ:
Քննարկուեցաւ նաեւ քաղաքացիներու դժուարութիւններու կանխարգիլման խնդիրը, ինչ կը վերաբերի նախարարութեան, դեղերու եւ հիւանդանոցներու: