Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Դպրեվանքի Ուսուցչաց Հանդիպումին

June 20, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 19 յունիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի ուսուցչաց հանդիպումը կրթական տարեփակին առիթով: Բնականաբար, հանդիպման նպատակն էր ընդհանուր արժեւորումի ենթարկել դպրեվանքի 2018-2019 կրթական տարեշրջանի ուսումնական աշխատանքը, աշակերտներու` դասարան առ դասարան եւ աշակերտ առ աշակերտ կատարած աշխատանքը եւ ապա ճշդել յառաջիկայ կրթական շրջանի ծրագիրին ու կատարուելիք աշխատանքին ընդհանուր ուրուագիծը:

Վեհափառ հայրապետը, ողջունելով դպրեվանքի ուսուցչական կազմը, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոնց հայ ուսուցիչի յատուկ նուիրումով ու բծախնդրութեամբ կատարած իրենց կրթադաստիարակչական աշխատանքին համար: Ապա խօսելով դպրեվանքին մասին վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ դպրեվանքը սովորական դպրոց մը չէ իր կրթական ծրագիրով, իր միջավայրով եւ իր նպատակով: Ան վաղուան հոգեւորականին, ուսուցիչին, մտաւորականին հոգեմտաւոր կազմաւորման լծուած առաքելութիւն է: Այս մօտեցումով պէտք է ուսուցիչը կատարէ իր դերը դպրեվանքին մէջ:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ դպրեվանքի ներքին կրթական կեանքին եւ արտադասարանային աշխատանքներուն առնչուած կարգ մը երեւոյթներու` կատարելով անհրաժեշտ թելադրութիւնները: Ան յատկապէս շեշտեց աշակերտին լեզուամտածողութիւնը, քննական ու վերլուծական մօտեցումը խորացնելու եւ զարգացնելու կարեւորութիւնը: Միաժամանակ յիշեցուց դպրեվանքի կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկելու հրամայականը` նոր ժամանակներու եւ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը իր աբեղայութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ այսօր դպրեվանքին մէջ եղած է ուսուցիչ: Ան այսօր եւս կը դասաւանդէ աստուածաբանութիւն դպրեվանքի աւարտական դասարանին:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Տնօրէնը Եւ Հաւատացեալներ Ֆրանսայէն

Յաջորդը

Բացում` «Ազդակ»-ի Երիտասարդ Աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանի Գեղանկարչական Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսին

RelatedPosts

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին
Գաղութային

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին

November 11, 2026
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ
Գաղութային

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ

November 11, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.