Գաղութային

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը`  Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

6 յունուարին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, զոր մատուցեց եւ անոր ընթացքին քարոզեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի Ծնունդը շնորհ է արժեւորելու մարդկային կեանքը, նոր սկիզբի նախաձեռնելու, նոր ճամբայ բանալու դէպի աստուածաճանաչողութիւն, դէպի Աստուծոյ որդեգրութիւն, որովհետեւ Քրիստոսի...

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը: Այս առիթով, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, իսկ պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: «Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը արդարութեան էջքն է երկիր` իբրեւ աստուածատուր պարգեւ ու առաքելութիւն». այսպէս բնորոշեց Արամ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը

Չորեքշաբթի, 8 յունուար 2020-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տէրը: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան: Երկու հոգեւոր պետերը կարեւորութեամբ շեշտեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը:  

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ, նաեւ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Պատարագի ընթացքին Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան ընթերցեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի «Օրհնութեան գիր»-ը` ուղղուած Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին: «Օրհնութեան գիր»-ին մէջ սրբազանը...

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի  Ս. Ծննդեան Համերգը` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Ս. Ծննդեան Համերգը` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երեքշաբթի, 7 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: Օրուան հանդիսավար Քրիստ Իսկենտէրեան շնորհաւորեց ներկաները Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, ապա հայերէնով եւ անգլերէնով մերթ ընդ մերթ ներկայացուց երգերը: Համերգը կ՛ընդգրկէր...

Խրախճանք` Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով

Խրախճանք` Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով

5 յունուար 2020-ին Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպեց մտերմիկ խրախճանք մը` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ»  սրահին մէջ: Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել բոլոր անոնց, որոնք ընդառաջեցին մեր հրաւէրին` միասնաբար տօնելու Ս. Ծնունդը: Նաեւ շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել մեզի օժանդակողներուն` Անահիտ Թորիկեանին եւ այլ ընկերներու, որոնց աջակցութեամբ կազմակերպեցինք եւ գործադրեցինք Ս. Ծննդեան մտերմիկ խրախճանքը: Շնորհաւոր Նոր տարի եւ...

Ամանորեան Եւ Ս. Ծննդեան Տօնական  Մթնոլորտ` Հայաշէնի Ժողովրդային Տան Մէջ

Ամանորեան Եւ Ս. Ծննդեան Տօնական Մթնոլորտ` Հայաշէնի Ժողովրդային Տան Մէջ

6 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով աւելի քան 50 հայաշէնցի փոքրիկներ հաւաքուեցան Հայաշէնի ժողովրդային տան մէջ: ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբը, գործակցաբար շրջանի ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղին հետ, խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին Հայաշէնի ակումբին մէջ` նուէրներ բաժնելով փոքրիկներուն: Կարեւոր է նշել, որ այսպիսի ձեռնարկներ տարեկան սովորութիւն դարձած են Հայաշէնի մէջ: Այսպիսի ձեռնարկներու հիմնական նպատակն...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Զօրակցութիւն` «Ազդակ» Օրաթերթին

Լիբանանի ծանր տնտեսական ճգնաժամը ազդած է ամբողջ լիբանանահայութեան եւ անոր համայնքային կառոյցներուն վրայ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ազդակ» օրաթերթը եւս անմասն չէ մնացած սուր տագնապէն: Այդ պատճառով, թերթը կոչ ուղղած է հայութեան` զօրավիգ կանգնելու անոր դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման: ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն, ընդառաջելով «Ազդակ»-ի կոչին եւ հայ մամուլին յարատեւման համար կատարուած ջանքերուն, «Ազդակ» օրաթերթին կը նուիրէ 1000 (հազար) եւրօ,...

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ.  24 Դիմումի Ընդառաջում` Մայիս Ամսուան Ընթացքին 25-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 376 Պարագայ

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ

Քաջալերելով Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի աշխատանքները` Ամանորի առիթով, փոխան անհատական նուէրներու, ազգային մը 5 միլիոն լ. ոսկի կը նուիրէ Հայ ուսանողի ֆոնտին: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Պուրճ Համուտի Ոստիկանութիւնը Տօնական  Մթնոլորտ Ստեղծեց` Ծաղիկներ  Բաժնելով Անցորդներուն

Պուրճ Համուտի Ոստիկանութիւնը Տօնական Մթնոլորտ Ստեղծեց` Ծաղիկներ Բաժնելով Անցորդներուն

31 դեկտեմբեր 2019-ին, տօնական մթնոլորտ էր Պուրճ Համուտի մէջ:  Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ոստիկանութիւնը Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթներով քաղաքապետարանի հրապարակին եւ թաղամասերուն մէջ ծաղիկներ եւ շնորհաւորական բացիկներ բաժնեց անցորդներուն` անոնց պարգեւելով տօնական ուրախութիւն եւ բերկրանք: Այս նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը նպատակադրէ տօնական օրերու ընթացքին ուրախացնել Պուրճ Համուտի բնակիչները եւ այցելուները:  

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս  Այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Երկուշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր զինք դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, պատկան մարմիններ եւ ԼՕԽ-ի մեծ...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր. 2019-2020 Կրթական Տարեշրջանին Առայժմ Հանգանակուեցաւ 94.000 Ամերիկեան Տոլար

Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիրը 2019-2020 տարեշրջանին մեծ թափով վերսկսաւ իր աշխատանքներուն` շնորհիւ բարերարներու մեծաթիւ մասնակցութեան, հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական դժուարին պայմաններուն: Այս ծրագիրը կը միտի նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցիլ ազգային վարժարաններու աշակերտներուն, տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող իւրաքանչիւր աշակերտին ապահովելով 250 ամ. տոլարի օժանդակութիւն: Առ այդ, 2019-2020 կրթական տարեշրջանին առայժմ հանգանակուեցաւ 94.000 ամ. տոլար` 56 անհատներու, հաստատութիւններու եւ կառոյցներու աջակցութեամբ: Յայտնենք,...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ընկերային Բաժանմունքի Քառամսեայ Հաշուետուութիւն (Սեպտեմբեր-Դեկտեմբեր 2019)

Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի գործունէութիւնը թափանցիկութեամբ հանրութեան ներկայացնելու նպատակադրումով, կը ներկայացնենք բաժանմունքի սեպտեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներու քառամսեայ հաշուետուութիւնը: - Ընկերային պարագաներու հետ հանդիպումներու ընդհանուր թիւ` 147 հայորդիներ: - Կարիքաւոր հայորդիներու բնակարաններու այցելութիւններու ընդհանուր թիւ` 23: - Ամսական դրութեամբ 3 առիթով Հայ ազգային բուժարան այցելութիւն` համապատասխան կարելիութիւններ ստեղծելով ընտանեկան եւ ընկերային պարագաներուն: - Տարեցներու հանդիպում-նախաճաշ` երեք հաւաք, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ...

«Միասնաբար Ուրախացնե՛Նք Հայ Ընտանիք Մը»  Նախաձեռնութեան Ծիրին Մէջ Օժանդակութեան  Բաշխումի Աշխատանքը Սկսաւ

«Միասնաբար Ուրախացնե՛Նք Հայ Ընտանիք Մը» Նախաձեռնութեան Ծիրին Մէջ Օժանդակութեան Բաշխումի Աշխատանքը Սկսաւ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութեան բաշխումի աշխատանքները սկսած են արդէն: Անցնող երեք օրերուն այդ աշխատանքները շարունակուեցան Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ֆանարի, Անթիլիասի, Զալքայի, Ամանոսի, Ռաուտայի եւ Մեթնի այլ շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի եւ Զահլէի մէջ: Այսպէս, Հայկական Երեսփոխանական պլոքը եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ», «Ռուբէն», «Դրօ», «Իշխան», «Շուշի», «Հ. Մարուխեան», «Գ. Նժդեհ», «Թեհլիրեան», «Քրիստափոր», «Սարդարապատ», «Ն. Դուման», «Է....

Ռիշար Գույումճեան Այցելեց Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետարան, «Զուարթնոց» Կեդրոն Եւ ԼՕԽ-ի  «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Ռիշար Գույումճեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան, «Զուարթնոց» Կեդրոն Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռիշար Գույումճեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, շաբաթավերջին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ երկրաչափ Յակոբ Սիմոնեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ընկերային կեանքին վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կը...

Իրանի Դեսպանատան Մշակոյթի Պատասխանատուն`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Իրանի Դեսպանատան Մշակոյթի Պատասխանատուն` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Իրանի դեսպանատան մշակոյթի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու տոքթ. Ապպաս Խամայարը` ընկերակցութեամբ իր երկու խորհրդականներուն: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ խորհրդակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի միջեւ շարունակուող միջկրօնական երկխօսութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

Ժիպէյլի Մէջ. Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբին Ս. Ծննդեան Առաջին Համերգը

Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի տիկնանց միութեան, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը Ս. Ծննդեան իր առաջին համերգը ներկայացուց Ժիպէյլի Մար Եաագուպ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 29 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի եւ երգեհոնի նուագակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, համերգը կ՛ընդգրկէր հարազատ աւանդական շարականներ Ս. Ծննդեան ծիսական երգեր, աւետիսներ եւ Կոմիտասի Ս. Ծննդեան հաւաքածոներէն: Նաեւ ասորերէն, լիբանանեան խօսակցական...

Տ. Լեւոն Եւ Տ. Օշին Աբեղաները  Ստացան Վարդապետական Աստիճան

Տ. Լեւոն Եւ Տ. Օշին Աբեղաները Ստացան Վարդապետական Աստիճան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերէն Լեւոն աբղյ. Եղիայեան եւ Օշին աբղյ. Չուալերթանեան ստացան վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճաններ: Վարդապետական գաւազանի տուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Տաճատ վրդ. Աշըգեանին: Վարդապետական գաւազանի տուչութեան աւարտին,...

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Առիթով.  Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Եւ  Ս. Ստեփանոսի Մասունքով Ջրօրհնէք

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Առիթով. Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Եւ Ս. Ստեփանոսի Մասունքով Ջրօրհնէք

Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբերին Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն տօնին առիթով,  հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւներէն Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի կողմէ: Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի տնօրինումով, առաջին անգամ ըլլալով Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն թեմ բերուեցաւ...

Նախարար Գույումճեան Այցելեց  «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Նախարար Գույումճեան Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Երէկ` ուրբաթ, 27 դեկտեմբերին, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռիշար Գույումճեան այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ տոքթ. Էլի Թաշճեան: Քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, տնտեսական եւ քաղաքական վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային հարցերը:

Page 177 of 365 1 … 176 177 178 … 365

Արխիւներ