Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Դեկտեմբեր 31, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր զինք դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, պատկան մարմիններ եւ ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը:

Կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ վեհափառ հայրապետին հետ մտերմիկ հանդիպումը սկսաւ ՀՕՄ-ի քայլերգին յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց: Ան ըսաւ, որ 90-ամեայ ԼՕԽ-ը բախտը ունեցած է վայելելու վեհափառ հայրապետին հոգածութիւնը մանաւանդ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, իսկ ներկայիս Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր պայմաններուն դարձեալ իր հոգածութիւնը կը վայելէ: Ան վեհափառ հայրապետին ներկայութիւնը նկատեց լուսապայծառ ու խթանիչ` թափով եւ կորովով շարունակելու իրենց առաքելութիւնը: Սիլվա Սապունճեան ԼՕԽ-ի անունով յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:

Հուսկ հայրական պատգամ ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան նախ իր գնահատանքը արտայայտեց բարեսիրական հաստատութիւններուն եւ ի մասնաւորի ԼՕԽ-ի մէջ կատարուող հսկայածաւալ ծառայութեան: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամային վիճակին եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց այս կեդրոնին եւ բոլոր բարեսիրական միութիւններուն մէջ կատարուող մարդասիրական օժանդակութեան: Ան այս այցելութեան առիթով նաեւ նիւթապէս օժանդակեց կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Այցելութիւն` Նաեւ Այլ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններ

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նաեւ այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց եւ Հաճնոյ Հայ կրթական բարեսիրական միութեան կեդրոն:

Նախորդը

Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր. 2019-2020 Կրթական Տարեշրջանին Առայժմ Հանգանակուեցաւ 94.000 Ամերիկեան Տոլար

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?