Շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Իրանի դեսպանատան մշակոյթի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու տոքթ. Ապպաս Խամայարը` ընկերակցութեամբ իր երկու խորհրդականներուն:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ խորհրդակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի միջեւ շարունակուող միջկրօնական երկխօսութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: