Մամլոյ Լսարան Թիւ 157. Դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան Դասախօսեց «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Վերաբերող Նիւթեր` Ազգային Արխիւին Մէջ» Խորագրեալ Նիւթին Մասին
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առնչուող նիւթերու վերարծարծման եւ քննարկման ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 23 յունուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 157-րդ լսարանը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան քննարկումի խորագիրը: «Տակաւին կը գտնուինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի նշումներու շրջագիծին մէջ», ըսաւ Յակոբեան` խիստ...




















