Գաղութային

«Միասնաբար Ուրախացնե՛նք Հայ Ընտանիք Մը»  Նախաձեռնութեան Աշխատանքները Կը Շարունակուին

«Միասնաբար Ուրախացնե՛նք Հայ Ընտանիք Մը» Նախաձեռնութեան Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութեան կազմակերպչական աշխատանքները ընթացքի մէջ են, եւ անցնող երկու օրերուն ծրարներու պատրաստութիւնը սկսաւ: Երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ մեծ խանդավառութեամբ լծուած էին աշխատանքի` պատրաստելու համար Նոր տարուան առիթով հայ ընտանիքներու Ամանորը շնորհաւորող ուտեստեղէնի եւ կաղանդչէքի սնտուկները: Ինչպէս մամուլով յայտարարուած էր, Նոր տարուան սեմին Հայկական երեսփոխանական պլոքը, մասնակցութեամբ շրջաններու կոմիտէութիւններու եւ ուղեկից միաւորներու անդամներուն, պիտի...

Ազգային Առաջնորդարան.  Հաղորդագրութիւն.  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան  Նուիրատուութիւնը

Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Նուիրատուութիւնը

Ամենայն Հայոց ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. կաթողիկոս 50 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին, որպէսզի տրամադրուի լիբանանեան տագնապի յաղթահարման կարիքներուն: Անահիտ Տանձիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նուիրատուութիւնը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին Այս առիթով, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց ըսելով. «Մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նորին սրբութեան այս զօրակցութեան համար, երբ մանաւանդ այս փուլին Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապին պատճառով լիբանանահայութիւնը եւս կ՛ապրի ծանր օրեր:...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հանդիսաւորապէս  Նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկային Տօնը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկային Տօնը

Կիրակի, 22 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսին` Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակի տօնը: Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան: Պատարագէն ետք, ըստ աւանդութեան, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սարկաւագներուն պատրաստութեամբ յատուկ յայտագիր մը: Պատարագիչ սրբազանի քարոզին...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մօտէն  Կը Հետեւի Լիբանանահայ Կարիքաւորներու  Զօրակցութեան Աշխատանքներուն

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մօտէն Կը Հետեւի Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութեան Աշխատանքներուն

Ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս այցելեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի կեդրոնատեղին` մօտէն հետեւելու լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան աշխատանքներուն: Սրբազան հօր կ՛ընկերանար Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան: Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեան ներկայացուց կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւններու տրամադրման կարգը: Նկատի առնելով պահանջը` ան ըսաւ, որ մեր ակնկալութիւններէն շատ աւելի դիմումներ ստանալուն պատճառով, արդէն իսկ առաջնորդարանէն յաւելեալ պաշտօնեաներ...

Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա Ասատ Այցելեց  Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Վարժարան  Եւ Մասնակցեցաւ Կաղանդի Խրախճանքին

Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա Ասատ Այցելեց Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ Մասնակցեցաւ Կաղանդի Խրախճանքին

Ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2019-ին, Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտութիւնը կիսամեայ քննութիւններուն աւարտին մեծ տօնախմբութեամբ, ամբողջ տարուան մը անձկալի սպասումէն ետք, տօնեց Կաղանդը` ցնծալի խրախճանքով: Աշակերտներուն ցնծութեան եւ ուրախութեան հիւրաբար մասնակից դարձան` Սուրիոյ նախագահական պալատի ներկայացուցիչներն ու Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան, «Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչներն ու վարժարանի հոգաբարձութեան անդամները: Վարժարանի տնօրէնը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ շնորհաւորեց աշակերտները այս ուրախալի...

Անդրադարձ.  «Հանրաքուէ»-ն Ու Անոր Արդիւնքը

«Միասնաբար Ուրախացնե՛նք Հայ Ընտանիք Մը» Նախաձեռնութեան Ցարդ Կատարուած Է 143.023.000 Լ. Ո.-ի Նուիրատուութիւն

  Հայկական երեսփոխանական պլոքին նախաձեռնած «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» ռատիոթոնին ընթացքին հանգանակուած 137.573.000 լ. ո.-ի գումարին վրայ անցնող երկու օրերուն աւելցաւ 5.450.000 լ. ո., ցարդ հանգանակուած գումարը հասցնելով 143.023.000 լ. ո.-ի: Նուիրահաւաքը կը շարունակուի:

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ամէն տարի տօնական օրերու նախօրեակին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը կը կազմակերպէր իր տարեկան դրամահաւաք- ռատիոթոնը` իր մասնակցութիւնը բերելով համահայկական դրամահաւաքին, որուն հասոյթը կը տրամադրուէր Հայաստանի ու Արցախի տարածքին բազմաթիւ ծրագիրներու իրագործման: Իսկ այս տարի, Լիբանանի մէջ տիրող բոլորին ծանօթ պայմաններու բերումով, մարմինը որոշեց զանց առնել իր տարեկան դրամահաւաքի կազմակերպումը: Սակայն այս անգամ ողջունելի նախաձեռնութեամբ Արցախի պետութիւնն ու «Հայաստան»...

«Ազդակ»-ի 2017-ի Բացառիկին Աշխատանքները Գրեթէ Աւարտած Են

Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն». Հաղորդագրութիւն Թիւ 4. Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ընտանիքի Նուիրատուութիւնը

Ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ընտանիք 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի նուիրեցին Ազգային առաջնորդարանին` «Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութիւն»-ին ճամբով 500 հայ կարիքաւոր ընտանիքի յատկացուելու համար (իւրաքանչիւր ընտանիքի 200 հազար լիբանանեան ոսկի), արձագանգելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «հայրական կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայ ունեւորներուն, որ մարդկային ու ազգային պարտականութիւն նկատեն ներկայ դժուար կացութեան մէջ օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն, մեր դպրոցներուն...

Բարսեղ Կանաչեանի «Երաժշտական  Երկերու Ժողովածու» Հատորներուն Շնորհահանդէսը`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Բարսեղ Կանաչեանի «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» Հատորներուն Շնորհահանդէսը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանի տեսչութեան, հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարսեղ Կանաչեանի «Երաժշտական երկերու ժողովածու» հատորներուն շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի անդամներէն Շողիկ Եփրեմեան: Ան նշեց, որ շնորհահանդէսը առիթ է մեծարելու Կոմիտաս վարդապետի վաստակը տարածող ու իր կարգին հայ դասական ժողովրդային երաժշտութիւնը...

Ս. Ծննդեան Եւ Ամանորի Աւանդական Ձեռնարկ` «Նարեկի Տիրամօր»  Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Ամանորի Աւանդական Ձեռնարկ` «Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին, երէկ` ուրբաթ, 20 դեկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի աւանդական ձեռնարկը` մասնակցութեամբ 40 տարեցներու: Ձեռնարկին ներկայ էր հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Օրուան հանդիսավար Փաթիլ Մկրտիչեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ տնտեսական տագնապին, «Նարեկի...

Հայկական Եկեղեցիներու Լուսանկարներով  Պատրաստուած Ս. Ծննդեան Շնորհաւորական Բացիկ

Հայկական Եկեղեցիներու Լուսանկարներով Պատրաստուած Ս. Ծննդեան Շնորհաւորական Բացիկ

Ինչպէս գիտենք, աշխարհի բոլոր դեսպանատուները, դիւանագիտական ներկայացուցիչները Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորական բացիկներ կը պատրաստեն ու զանոնք կը ցրուեն պետական անձնաւորութիւններուն ու պետական եւ վարչական հաստատութիւններուն` անոնց կցելով իրենց բարեմաղթութիւնները: Այս տարի ուշագրաւ է այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատունը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պատրաստած իր շնորհաւորական բացիկին հիմնական նկարին համար նկատի ունեցած է Թեհրանի Ս. Սարգիս...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ. Լիբանանի Հայ Երեք Համայնքապետներու Երկրորդ Հանդիպում

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հայ երեք համայնքապետներ` Նարեկ արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան երկու շաբթուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիպեցան եւ քննարկեցին Լիբանանի յամեցող տագնապն ու լիբանանահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Համայնքապետերը գոհունակութեամբ հաստատեցին,...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր կացութիւնը նկատի ունենալով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ համախորհուրդ, ԱՖՀԻԼ-ի իրարօգնութեան սնտուկը որոշեց  համալսարանական յառաջիկայ տարեշրջանին եւս աշակերտական - ուսանողական հիմնադրամի յատկացումները տրամադրել հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն: Յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին համար ԱՖՀԻԼ-ի տրամադրելիք գումարն է` 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի: ԱՖՀԻԼ-Ի ԻՐԱՐՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՍՆՏՈՒԿ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Ընդունեց Թեմիս Կիսասարկաւագները

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Թեմիս Կիսասարկաւագները

Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, կողքին ունենալով Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, ընդունեց թեմի տասնհինգ կիսասարկաւագները, որոնք 25 դեկտեմբերին սարկաւագ պիտի ձեռնադրուին: Թեմի Միջդպրաց դասի յանձնախումբի հոգեւոր խորհրդատու Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան կիսասարկաւագները ներկայացուց սրբազան հօր: Նարեկ արքեպիսկոպոս գնահատեց կիսասարկաւագներու երկար տարիներու ծառայութիւնը թեմի զանազան եկեղեցիներուն մէջ եւ ընդգծեց, որ երբ եկեղեցին...

Լիբանանահայութիւնը 137.573.000 Լ. Ո.  Նուիրաբերեց Լիբանանահայութեան

Լիբանանահայութիւնը 137.573.000 Լ. Ո. Նուիրաբերեց Լիբանանահայութեան

Երէկ առաւօտեան ժամերէն մինչեւ երեկոյ լիբանանահայութիւնը խուռներամ մասնակցութիւն բերաւ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» թեմայով ռատիոթոնին` ընդառաջելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին: Հերթական անգամ լիբանանահայութիւնը իր հոգեւոր, ազգային, միութենական, կրթական, մշակութային, ուսանողական եւ երիտասարդական շրջանակներով հաւաքաբար զօրակցեցաւ լիբանանահայ համայնքի կարիքներուն հասնելու հրամայականի կատարման նախաձեռնութեան: Ժողովրդային տարբեր խաւերու ինքնաբուխ մասնակցութիւնը ներհամայնքային առումով  ամէնէն տպաւորիչ ձեւով  յաջողցուց  իրարօգնութեան հաւաքական զօրակցութիւնը: Հայկական երեսփոխանական պլոքը...

Բարեսիրական Աշխատանքները  Համակարգելու Նպատակով.  Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Ունեցաւ  Խումբ Մը Կամաւոր  Երիտասարդ-Երիտասարդուհիներու Հետ

Բարեսիրական Աշխատանքները Համակարգելու Նպատակով. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Ունեցաւ Խումբ Մը Կամաւոր Երիտասարդ-Երիտասարդուհիներու Հետ

Լիբանանի ընկերային-տնտեսական պայմաններուն պատճառով, բազմաթիւ հայ կարիքաւոր ընտանիքներու դժուարութիւնները բարդացան եւ պայմանները առաւել եւս վատթարացան: Ակներեւ էր, որ ընկերային ցանցերուն վրայ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ սկսան նախաձեռնել բարեգործական աշխատանքներ` նպաստելու կարիքաւորներուն եւ հասնելու անոնց կարիքներուն: Այս առիթով, երկուշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց խումբ մը կամաւոր երիտասարդներ, որոնք ընտանիքներու կ՛այցելեն...

Երեսփոխան Նորա Արիսեան Կը Հանդիպի Փոխնախագահին Հետ

Երեսփոխան Նորա Արիսեան Կը Հանդիպի Փոխնախագահին Հետ

Երեքշաբթի, 17 դեկտեմբերին, մշակութային հարցերով Սուրիոյ փոխնախագահ դոկտ. Նաժահ Աթթար ընդունեց խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը: Հանդիպման առանցքները կազմեցին մշակութային եւ քաղաքական հարցեր. փոխնախագահը դրուատիքով արտայայտուեցաւ հայերուն եւ հայ մշակոյթին ու արուեստին մասին: Նշենք, որ Արիսեան Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ գրականութեան մասին իր հեղինակած ու թարգմանած գիրքերէն օրինակներ նուիրեց դոկտ. Աթթարին, որոնք արժանացան վերջինիս բարձր գնահատանքին:

Նորօծ Խորէն Քհնյ. Մելքոնեանի  Անդրանիկ Սուրբ Պատարագը

Նորօծ Խորէն Քհնյ. Մելքոնեանի Անդրանիկ Սուրբ Պատարագը

Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ սուրբ պատարագ մատուցեց նորօծ Խորէն քհնյ. Մելքոնեան: Տէր Խորէն իր քարոզին սկիզբը երախտագիտութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի թեմին նախկին առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, որոնք հայրական խնամքով եւ աղօթքով նեցուկ կանգնեցան, որպէսզի ինք ստանայ քահանայական կարգը: Ան հաստատեց,...

«Հայերէն Գիրերը» Որմազդի Հրապարակում

«Հայերէն Գիրերը» Որմազդի Հրապարակում

Համազգայինի «Լալան ու Արան» մանկական խաղերու խմբակը հրապարակած է «Հայերէն գիրերը» որմազդը: Որմազդին մէջ պատկերուած են հայերէն 38 գիրերը` փոքրագիր եւ գլխագիր: Օգտագործուած է խմբակին ստեղծած ԱՐԴԻ մանկական ձեռագիր տառատեսակը: Մանուկը կը տեսնէ նոյն ձեռագիր տառերը, զորս ինք կը սորվի դպրոցին մէջ: Իւրաքանչիւր տառին հետ պատկերուած է այդ գիրով սկսող նկար մը. այդ պատկերներուն մեծամասնութեան անունները արդէն մանուկները սորված են...

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-Ի Շրջանային Վարչութեան`  ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Հայկական  Ձեռագործներու Ցուցահանդէսով Հանրութեան  Ներկայացուց Հայ Ձեռարուեստի Գոհարները

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-Ի Շրջանային Վարչութեան` ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսով Հանրութեան Ներկայացուց Հայ Ձեռարուեստի Գոհարները

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբը, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն վիճակին, այս տարի եւս հանրութեան ներկայացաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսով: Արդարեւ, երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ սոյն ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ձեռարուեստը...

Page 178 of 365 1 … 177 178 179 … 365

Արխիւներ