5 յունուար 2020-ին Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպեց մտերմիկ խրախճանք մը` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել բոլոր անոնց, որոնք ընդառաջեցին մեր հրաւէրին` միասնաբար տօնելու Ս. Ծնունդը:
Նաեւ շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել մեզի օժանդակողներուն` Անահիտ Թորիկեանին եւ այլ ընկերներու, որոնց աջակցութեամբ կազմակերպեցինք եւ գործադրեցինք Ս. Ծննդեան մտերմիկ խրախճանքը:
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ:
ՀՅԴ ԶՈՄ