Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Յունուար 9, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 յունուարին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, զոր մատուցեց եւ անոր ընթացքին քարոզեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի Ծնունդը շնորհ է արժեւորելու մարդկային կեանքը, նոր սկիզբի նախաձեռնելու, նոր ճամբայ բանալու դէպի աստուածաճանաչողութիւն, դէպի Աստուծոյ որդեգրութիւն, որովհետեւ Քրիստոսի Ծնունդը անզուգական սիրոյ, անսահման մարդասիրութեան վկայութիւն է:  «Քրիստոսով կը հալին մեղքերը, կը փարատին յուսահատութիւնները, վախը կը դառնայ քաջալերութիւն, թշնամանքը` եղբայրասիրութիւն, բանսարկութիւնն ու զրպարտութիւնը` ուղղամտութիւն ու ճշմարտախօսութիւն, եւ դժուարութիւններու եւ վիշտերու մէջ կը ծագի Ս. Ծննդեան լոյսը` բերելով նոր աշխարհի, նոր կեանքի յոյսն ու տեսլականը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս նաեւ անդրադարձաւ մերօրեայ բազում մարտահրաւէրներուն` դիտել տալով, որ «մենք ամուր պիտի մնանք ի Քրիստոս մեր հաւատքին մէջ` վերարժեւորելով մեր անցեալը, ընտրելով նորոգութիւնն ու որդեգրութիւնը: Մենք` իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ, Քրիստոսի Ծննդեան շնորհառատ այս օրը վերստին կ՛ամրապնդուինք հաստատակամութեամբ, որ աւելի վճռական պիտի ըլլանք քրիստոնէական մեր ինքնութեան վկայութեան մէջ, ազգային մեր կեանքը պիտի կառուցենք սիրոյ, համերաշխութեան հիմքերու վրայ, միաբանուած պիտի ըլլանք մեր հոգեւոր արժէքներով, մեր հաւատքով, մեր սրբազան հայրենիքի, մեր սուրբ եկեղեցւոյ շուրջ: Քրիստոս Իր Ս. Ծնունդով ուղենշեց իրարու եւ Աստուծոյ հետ միաւորուած մնալու մեր ճամբան: Ընթանանք այդ ճամբով` բարեզարդելով մեր կեանքը, կեանքը մեր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին»:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը նաեւ յիշեց Միջին Արեւելքի ժողովուրդը. «Հայցենք միասնաբար, որ նորոգութեան երկնային պարգեւները բարեփոխեն աշխարհը համայն, բարօրութեամբ շէնանայ ժողովուրդներու  ու պետութիւններու կեանքը, եւ Աստուծոյ Սուրբ Աջի պահպանութիւնը միշտ հովանի ըլլայ մեր հայրենիքին, հայրենեաց մեր հերոս պաշտպաններուն, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ այլուր դժուարութիւններ դիմագրաւող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, աշխարհասփիւռ մեր ամբողջ ժողովուրդին», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Նոր Ձիւնամրրիկ Մը Սկսած Է Հարուածել Լիբանանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?