Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Ս. Ծննդեան Համերգը` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

January 9, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երեքշաբթի, 7 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:

Օրուան հանդիսավար Քրիստ Իսկենտէրեան շնորհաւորեց ներկաները Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, ապա հայերէնով եւ անգլերէնով մերթ ընդ մերթ ներկայացուց երգերը: Համերգը կ՛ընդգրկէր աւանդական շարականներ, Կոմիտասի ծննդեան շարականներէն, ծննդեան երգեր, աւետիսներ, ինչպէս` «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի», «Այսօր տօն է Ս. ծննդեան», «Գիշերն իջաւ մեղմիկ լուռ», «Լուռ գիշեր», «Ծափ զարկ աշխարհ», եւ այլն, որոնք մեկնաբանուեցան հայերէնով, արաբերէնով, անգլերէնով եւ ասորերէնով: Համերգի մենակատարներն էին սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան եւ Աւետիս Ագրապեան: Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նաթալի Աբոքեան` տուտուկ եւ Ռիթա Աստիկեան` ջութակ:

Համերգի աւարտին տեղի ունեցաւ Նոր տարուան առաջին Անդաստանի կարգը հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի:

Համերգի եզրափակիչ բաժինով Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան ուղղեց իր սրտի խօսքը: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն համերգով «Գուսան»-ը հանդիսացաւ այն աստղը, որ հազարաւոր տարիներ առաջ փայլեցաւ Բեթղեհէմի վրայ առաջնորդելու մոգերը եւ հովիւները դէպի այն վայրը, ուր Յիսուս մանուկը ծնաւ եւ մենք իբրեւ հանդիսատես եւ մասնակից դարձանք այն հովիւները եւ մոգերը, որ տեսնելով եւ ականջալուր ըլլալով «Գուսան» փայլող աստղին, եկանք կրկին անգամ իրար աւետելու եւ ըսելու «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»-ը: Հայր սուրբը գոհունակութիւն, հրճուանք եւ հպարտութիւն յայտնեց, որ կրկին անգամ հաւաքուած ենք սուրբ եկեղեցւոյ մէջ` տօնախմբելու Յիսուս մանուկի ծննդեան աւետիսը: «Ինչպէս չուրախանալ եւ չհպարտանալ, երբ մեր աչքին առջեւ կը տեսնենք երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք եկած են այստեղ, իրենց ժամանակը տրամադրած են, եւ մանաւանդ մեզի հետ իրենց ուրախութիւնը, խնդակցութիւնը եւ երջանկութիւնը կը բաժնեն` Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը փոխանցելով մեզի» հաստատեց հայր սուրբը:

Եզրափակելով իր խօսքը` հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` սոյն համերգին կազմակերպման համար, շեշտելով, որ այս նախաձեռնութիւնը փաստ է, որ մենք իբրեւ լիբանանահայութիւն երբեք չենք ընկրկած փորձանքներու եւ փորձութիւններու դիմաց եւ որեւէ ատեն, երբ երկիրը դժուարութեան մէջ է, մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն յոյսի, հաւատքի եւ ուժեղ ժողովուրդ ենք, որովհետեւ կը հաւատանք վաղուան արշալոյսին եւ լուսաբացին: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ արժեւորեցին Քրիստոսի Ծննդեան գեղեցիկ պահը:

 

 

Նախորդը

Խրախճանք` Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.