Երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը: Այս առիթով, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, իսկ պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:
«Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը արդարութեան էջքն է երկիր` իբրեւ աստուածատուր պարգեւ ու առաքելութիւն». այսպէս բնորոշեց Արամ Ա. կաթողիկոս Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը Բեթղեհէմի մէջ: Ան ըսաւ. «Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած մարդը, որուն պարտաւորութիւն տրուած էր արդարութեամբ ինքզինք եւ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած տիեզերքը կառավարելու, հեռացած էր իր աստուածատուր առաքելութենէն եւ իր շահն ու փառքը նկատած էր իր կեանքին իմաստն ու նպատակը: Անարդարութիւնը աղբիւր է չարիքի ու մեղքի: Աստուծոյ կողմէ իբրեւ դրախտ ստեղծուած ու իբրեւ դրախտ պահպանուելու կոչուած աշխարհը մարդուն կողմէ վերածուած էր դժոխքի: Ահա թէ ինչու Աստուծոյ Որդին, պատմութեան մէկ վճռադրոշմ փուլին իջաւ երկիր, որովհետեւ, ինչպէս կ՛ըսէ Աւետարանը, Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ նոյնիսկ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի մարդը առաջնորդէ դէպի արդարութիւն»:
Ապա, վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ «արդարութիւնը հիմքն է խաղաղութեան, մղիչ ուժը` յառաջդիմութեան, հիմնաքարը` համերաշխութեան: Ուր որ արդարութիւն չկայ, հոն կը տիրէ քաոս ու քանդում: Ուր որ բարոյական չարիքներ կը տիրապետեն, հոն արդարութիւնը կը նահանջէ»: Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը նետելով ներկայ աշխարհին վրայ` ըսաւ, թէ «ներկայ մարդկութեան դիմագրաւած տագնապներուն հիմնապատճառը արդարութեան բացակայութիւնն է: Երբ պետութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ անձեր կը ծրագրեն ու կը գործեն մեկնելով իրենց շահերէն, անտեսելով արդարութիւնը, միայն չարիք կը սփռեն ու պատճառ կը դառնան աղքատութեան, բռնութեան ու պատերազմներու, ինչպէս նաեւ` կենսոլորտային լուրջ տագնապներու»:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամի վերջին բաժինին մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի այժմու կացութեան: Ան ըսաւ. «Վերջին ամիսներուն ինչ որ պարզուեցաւ Լիբանանի փողոցներուն վրայ ժողովուրդին պոռթկումով, փաստօրէն հաւաքական կեցուածք մըն էր անարդարութեան դէմ: Անարդարութիւնը, նաեւ Լիբանանի մէջ տարբեր դիմակներով ու կերպերով ներկայութիւն դարձած էր: Ընկերային անհաւասարութիւնը, ժողովուրդին քրտինքով շահուած գումարներու մսխումը պետական կառոյցներու ու պատասխանատուներու կողմէ, երկրի կառավարման վարչաձեւին մէջ յառաջացած անհաւասար եւ անարդար մօտեցումներն ու որոշումները եւ նմանօրինակ այլ երեւոյթներ, բոլորն ալ ի հեճուկս ժողովուրդին արժանապատուութեան ու շահերուն, կարելի չէր հանդուրժել: Ահա թէ ինչու մենք ժողովուրդին հետ եղանք, որովհետեւ եկեղեցին արդարութեան հետ է. ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանն է. այսպէս եղաւ Քրիստոս եւ այսպէս պէտք է ըլլայ Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու կոչուած եկեղեցին»: Ապա, վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Չի բաւեր միայն անարդարութիւն դատապարտել, անհրաժեշտ է նաեւ արդարութեան համար պայքարիլ: Ա՛յս կը սպասենք Լիբանանի պատասխանատուներէն: Հետեւաբար, առաջին հերթին անհրաժեշտ է շուտով կառավարութեան մը կազմութիւնը, որ վստահութիւն ներշնչէ ժողովուրդին: Արդարեւ, երբ վստահութիւն չկայ պետութեան նկատմամբ, կարելի չէ երկիրը առաջնորդել դէպի զարգացում ու յառաջդիմութիւն: Երկրորդ, ժողովուրդը այլեւս չ’ընդունիր ուրիշին շահերուն զոհը դառնալ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է Լիբանանը առաւելագոյն չափով հեռու պահել ուրիշներու հարցերէն ու շահերէն: Երրորդ, Լիբանանի քաղաքական կեանքը կարիքը ունի նոր դէմքերու, այլ խօսքով` նոր մտածումներու, նոր գործելակերպի: Մենք իրաւունք չունինք լուսանցքի վրայ պահել մեր երիտասարդ, զարգացած ու այսօրուան աշխարհի հարցերուն ու տագնապներուն ծանօթ երիտասարդութիւնը: Արդ, Մեր սպասումն է, որ Լիբանանը վերանորոգուի ու հզօրանայ` ժողովուրդին վստահութիւն ներշնչող նոր դէմքերով ու բարեկարգչական նոր ծրագիրներու իրագործումով»:
Նշենք, որ Ս. Ծննդեան պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, երեսփոխաններ, նախարարներ, պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւններ:



