31 դեկտեմբեր 2019-ին, տօնական մթնոլորտ էր Պուրճ Համուտի մէջ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ոստիկանութիւնը Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթներով քաղաքապետարանի հրապարակին եւ թաղամասերուն մէջ ծաղիկներ եւ շնորհաւորական բացիկներ բաժնեց անցորդներուն` անոնց պարգեւելով տօնական ուրախութիւն եւ բերկրանք:
Այս նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը նպատակադրէ տօնական օրերու ընթացքին ուրախացնել Պուրճ Համուտի բնակիչները եւ այցելուները: