6 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով աւելի քան 50 հայաշէնցի փոքրիկներ հաւաքուեցան Հայաշէնի ժողովրդային տան մէջ:
ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբը, գործակցաբար շրջանի ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղին հետ, խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին Հայաշէնի ակումբին մէջ` նուէրներ բաժնելով փոքրիկներուն:
Կարեւոր է նշել, որ այսպիսի ձեռնարկներ տարեկան սովորութիւն դարձած են Հայաշէնի մէջ: Այսպիսի ձեռնարկներու հիմնական նպատակն է զարգացնել ժողովուրդ-ակումբ կապը եւ շրջանին մէջ պահպանել հայկական տօնական աւանդութիւններն ու հայեցի դիմագիծը: