Երէկ` ուրբաթ, 27 դեկտեմբերին, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռիշար Գույումճեան այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ տոքթ. Էլի Թաշճեան:
Քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, տնտեսական եւ քաղաքական վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային հարցերը: