Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռիշար Գույումճեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, շաբաթավերջին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ երկրաչափ Յակոբ Սիմոնեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ընկերային կեանքին վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կը միտին մեղմացնել տագնապին ծանրութիւնը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ընկերային հոգատարութեան հաստատութիւններու պարզած իրավիճակին եւ անոնց կարիքներուն:
Այցելութիւն` «Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոն
Ապա անոնք ուղղուեցան «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոն, ուր զանոնք ընդունեց կեդրոնի տնօրէն Վարդի Օհանեան-Գէորգեան:
Ան կեդրոնը եւ կեդրոնին աշխատանքները ներկայացուց այցելուներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով Ռիշար Գույումճեանին եւ քաղաքապետարանին, անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Ապա այցելուները ընկերակցութեամբ Վարդի Օհանեան-Գէորգեանի, ուղղուեցան կեդրոնին տարբեր դասարանները եւ հանդիպեցան յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներուն, որոնք ներկաներուն ցոյց տուին իրենց կատարած աշխատանքները:
Ռ. Գույումճեան դրուատեց «Զուարթնոց» կեդրոնի արդիական սարքերը` հաստատելով, որ իրեն համար նման կեդրոններու զօրակցիլն ու աջակցիլը առաջնահերթութիւն է:
Ան բարձր գնահատեց «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ տարուած աշխատանքը` խիստ անհրաժեշտ նկատելով յատուկ կարիքներ ունեցողներուն հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ զանոնք ընկերութենէն չլուսանքայնացնելը:
Այցելութիւն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատարն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին նաեւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր անոնք ընդունուեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ:
Պատուիրակութիւնը շրջեցաւ կեդրոնին տարբեր բաժանմունքները եւ ծանօթացաւ աշխատանքներուն: