Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տ. Լեւոն Եւ Տ. Օշին Աբեղաները Ստացան Վարդապետական Աստիճան

December 30, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերէն Լեւոն աբղյ. Եղիայեան եւ Օշին աբղյ. Չուալերթանեան ստացան վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճաններ:

Վարդապետական գաւազանի տուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Տաճատ վրդ. Աշըգեանին:

Վարդապետական գաւազանի տուչութեան աւարտին, սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց` իբրեւ նիւթ ունենալով «Ինչպէ՞ս շահարկել դրամը» Քրիստոսի պատմած առակը: Յիշեալ առակին լոյսին տակ սրբազանը խօսքը ուղղելով նորընծայ վարդապետներուն` յիշեցուց, որ հոգեւորականին կեանքը կը սկսի աշխատանքի եւ ծառայութեան իտէալով Ս. խորանին առջեւ կնքուած ուխտադրութեամբ, որպէսզի Աստուծոյ օգնականութեամբ նաեւ հասնի մինչեւ գերագոյն զոհողութիւն ու յաւիտենական կեանք: «Ուստի, վարդապետական աստիճանի տուչութիւնը ձեր անձերուն ընծայուած մասնաւոր պատիւ մը չէ, այլ առիթ է վերյիշելու, որ Աստուծոյ հետ ձեր հաստատած ուխտադրութիւնը սկիզբ առաւ եկեղեցւոյ սուրբ յարկին տակ, երբ աշխատանքի եւ ծառայութեան իտէալով ծունկի եկաք Ս. խորանին առջեւ», ըսաւ ան: Վերջապէս, ձեռնադրիչ սրբազանը յորդորեց զանոնք` ըսելով. «Նախանձախնդիր եղէք ձեր նկարագիրին ու կենցաղին հանդէպ եւ զանոնք պահեցէք հաւատքի պատուանդանին վրայ, որպէսզի ձեր կոչումի իրականացման համար կարենաք յստակութեամբ քալել ձեր ճամբան` միշտ յիշելով, որ միայն Աստուծոյ կողմէ տրուած հաւատքով կարելի է լեռները տեղաշարժի ենթարկել: Այդ հաւատքի տարածումին համար կանչուած էք. այս հաւատքը պէտք է ապրիք դուք եւ ձեր անձերէն դուրս պէտք է տարածէք նաեւ ձեր շրջապատին մէջ» եզրափակեց ան:

Նշենք, որ օր մը առաջ` շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, աբեղաները վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու ներկայութեամբ, վեհարանի դահլիճին մէջ պաշտպանեցին իրենց աւարտաճառերը: Հայր Լեւոնին աւարտաճառին նիւթն էր «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներն ու Կիւլպէնկեանները», իսկ հայր Օշինինը` «Բերիոյ թեմի Քաղաքական ժողովի նախագահին նամակները Պետրոս Ա. եւ Խորէն Ա. կաթողիկոսներուն եւ կաթողիկոսական տեղապահներուն»:

 

Նախորդը

«Երբ Հաւատքը Աներեր Է, Մեր Համազգային Նպատակները Անպայման Կ՛իրագործուին»

Յաջորդը

Ժիպէյլի Մէջ. Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբին Ս. Ծննդեան Առաջին Համերգը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.