Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Առիթով. Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Եւ Ս. Ստեփանոսի Մասունքով Ջրօրհնէք

Դեկտեմբեր 30, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբերին Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն տօնին առիթով,  հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւներէն Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի կողմէ: Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի տնօրինումով, առաջին անգամ ըլլալով Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն թեմ բերուեցաւ Ս. Ստեփանոսի մասունքը: Պատարագի ընթացքին սրբազան հօր ձեռամբ սարկաւագ ձեռնադրուեցան թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող 15 կիսասարկաւագներ` Արա Օհանեան, Զաւէն Տաւուտեան, Հրակ Քալաճեան, Յակոբ Սարեան, Յակոբ Քէլէշեան, Յակոբ Քէշիշեան, Յարութիւն Չորպաճեան, Յարութիւն Իզմիրլեան, Շահէ Քէշիշեան, Պօղոս Տօնիկեան, Սարգիս Մալաքեան, Սարգիս Պագալեան, Սեւակ Կիւվլեքճեան, Վարդան Աւետիքեան, Ֆիլիփ Ժինեան: Խարտաւիլակութիւնը կատարեց Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Աստուած իր եկեղեցին շարունակաբար բազմաթիւ շնորհներով կը լեցնէ` աւելցնելով, որ եթէ կան անձեր, որոնք մարդկային տկարութեամբ կը մտածեն, թէ եկեղեցին պարպուած է, իր առաքելութեան մէջ թերացած է, իր անցեալի փառքը չի վայելեր, չարաչար կը սխալին: Սրբազանը ըսաւ, որ անոնք այսօր ներկայ պէտք է ըլլային եւ իրենց աչքերով, մանաւանդ հոգիի աչքերով տեսնէին, թէ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը, եկեղեցին, հաւատացեալներու խումբը այսօր Աստուծոյ շնորհով եւ Ս. հոգիի հեղումով կ՛աւելնայ, կ՛աճի եւ կը ծաղկի 15 երիտասարդներու սարկաւագական ձեռնադրութեամբ:

Նարեկ արքեպիսկոպոս իր քարոզին բնաբանը ունենալով ըսաւ. «Ընտրեցէք ձեր կողմէ վկայուած եօթը հոգի, որոնք Ս. հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն ըլլան: Զանոնք այս անհրաժեշտ գործին համար կարգենք»: Սրբազան հայրը բացատրեց, թէ ձեռնադրութեան ընթացքին միայն ականատես չեղանք, այլ ուշադրութեամբ հետեւեցանք աղօթքներուն եւ արժանի տեսանք զիրենք: Լիբանանի հայոց առաջնորդը յայտնեց, որ ընդհանրապէս, երբ խօսինք մեր եկեղեցւոյ մասին, արդարօրէն կ՛ըսենք, որ մեր եկեղեցին ամէնէն ժողովրդավար եկեղեցին է, եւ այդ ժողովրդավարութիւնը միայն ժողովական կեանքին չի վերաբերիր, այլ` մեր բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք իրենց աղօթքով, ծառայութեամբ եւ ժողովական կեանքի մասնակցութեամբ եկեղեցի ըլլալը կ՛ապրին ամէն օր: «Չի բաւեր միայն ժողովրդավարութեամբ հպարտանալ, գոհանալ: Ժողովրդավարութիւնը կը պահանջէ, որ մենք եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած ըլլանք, եւ եկեղեցւոյ ճշմարիտ ծառայութիւնը կը սկսի հաւատքի կեանքով, սրբութեան կեանքով, հայ քրիստոնէական արժէքները ապրելով եւ փոխանցելով», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ  որպէս հայ հաւատացեալ, ինչ որ ենք շնորհազարդ Ս. հոգիին կը պարտինք եւ միշտ պէտք է յիշենք Ս. հոգիին առատաբուխ պարգեւներուն շարունակական հեղումը մեր մէջ, որոնք մեզ աստուածատուր իմաստութեամբ կը լեցնեն եկեղեցւոյ շինութեան համար:

Նարեկ արք. յայտնեց, որ Ս. հոգին իմաստութիւն կը պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք խոնարհաբար կը խնդրեն իր շնորհները: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը ըսաւ, որ սարկաւագութիւնը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր սպասաւորութիւն է Ս. սեղանին` Ս. պատարագի ընթացքին, ապա Ս. պատարագին խորհուրդը տանիլ հաւատացեալներուն եւ զայն բանալ անոնց ամէնօրեայ կեանքին մէջ աղօթքով ու վկայութեամբ: Սրբազանը այս օրհնեալ եւ շնորհալից առիթով շնորհաւորեց նորընծայ սարկաւագները, որոնք կը միանան Լիբանանի հայոց թեմի սարկաւագական դասին եւ հաւատք յայտնեց, որ անոնք ուրարները որպէս խորհրդանիշ պիտի կրեն հաւատքով եւ նուիրումով:

Լիբանանի թեմի առաջնորդը դիտել տուաւ, որ կը գտնուինք 2019 տարուան աւարտին եւ իւրաքանչիւր օր, մասնաւորաբար իւրաքանչիւր տարեվերջ հաշուետուութեան հանգրուան է. հաշուետուութիւն Աստուծոյ, մեր նմաններուն եւ մեր անձերուն: «Այս սկզբունքէն մեկնած փառք կու տամ Աստուծոյ, որ ամէն կիրակի եւ տօնական առիթներով 15 եկեղեցւոյ եւ մատուռի մէջ աղօթակից եմ 25 հոգեւորականի, 7 քահանայացուի, 80 սարկաւագի, 300 դպիր-դպրուհիի եւ Ս. սեղանի սպասարկողի, 600 կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտի, թաղական խորհուրդի, տիկնանց յանձնախումբի, աղքատախնամ մարմինի անդամներու եւ շուրջ 2000 հաւատացեալի: Ընդհանուր թիւ` շուրջ 3000 հայորդիի», հաստատեց սրբազանը եւ, այս թուարկումը կապելով օրուան խորհուրդին, հաստատեց, որ մենք եւս Ս. հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն ենք եւ ծառայական առաքելութիւն կը ծաւալենք, այդ պատճառով ալ Աստուած բազմապատկած է մեր թիւը, որովհետեւ մեր բոլորին մասնակցութեամբ հայ քրիստոնէական հաւատքը պահպանելու եւ ծաղկեցնելու կոչումը ունինք: Անդրադառնալով այն հազարաւոր հայորդիներուն, որոնք ներկայ չեն գտնուիր եկեղեցական արարողութիւններուն, սրբազանը կոչ ուղղեց անոնց, որ յունուար 2020-էն սկսեալ Աստուծոյ տան մէջ գտնուին եւ մաղթեց, որ այս ըլլայ մեր հաւաքական որոշումը` 2020 տարին վերածելու համար պապենական հայ քրիստոնէական տարիի: Սրբազանը իր քարոզի աւարտին կոչ ուղղեց բոլորին` շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ, որ Ս. հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն կեանք կը պարգեւէ մեզի, որպէսզի մենք եւս այդ կեանքը լեցնենք աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ իրագործումներով:

Այնուհետեւ առաջին անգամ ըլլալով կատարուեցաւ ջրօրհնէք Ս. Ստեփանոսի մասունքով: Ս. պատարագը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Նախորդը

Կուսակցական Գաղտնապահութիւն

Յաջորդը

Լոյս Է Տեսել Գարեգին Ա. Հայրապետի «Կարմիր Գիրքը»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?