Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրուագիծ` Դիմանկարի Համար. Մարտիրոս Յ. Ալթունեան (1889, Պուրսա, 1958, Պէյրութ)

Յունիս 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

Գեղարուեստ եւ գեղարուեստական իրականութիւն. այս ուրուագծումով դոյզն ինչ կը շեղիմ, բայց քանի որ գրականութիւնը գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն անքակտելի մասը կը կազմէ, արդարացուցիչ պէտք է թուի սա անդրադարձը` մեծահամբաւ ճարտարապետ, գեղանկարիչ Մարտիրոս Յ. Ալթունեանի ժառանգութեան վկայաբերումով, մէկ պարզ պատճառով, որուն ճարտարապետական բոլոր կոթողները երեւակայական` իրականին հետ միախառն անձնուիրութեամբ գեղարուեստական ինքնօրինակ մտայղացումներու արգասիք են եւ հիմնովին կը վերաբերին եկեղեցական ու եկեղեցապատկան կառոյցներուն: Ըսել կ՛ուզեմ` Մ. Յ. Ալթունեանին մուտքը իբրեւ բարեպաշտ  կրօնասէր անձ մը Աստուծոյ տաճարին մէջ, յոյժ արդարացուցիչ դրսեւորումներու վկայութիւն մըն է:

Ներշնչեալ արուեստագէտ ըլլալով` խորապէս ուսումնասիրած է հայ եւ համաշխարհային ճարտարապետութեան վաղ միջնադարէն սկսեալ եւ հետագայ շրջաններու կոթողները: Սկզբնական ուսումը Պուրսայում ստանալէն ետք, իմացական, կատարելագործ կրթութիւն ձեռք բերած է Փարիզի Գեղարուեստից բարձրագոյն դպրոցին էջ` միաժամանակ խորամուխ ըլլալով գեղանկարչութեան ասպարէզէն ներս եւ իբրեւ բանիմաց ճարտարապետ` նախաձեռնած, կառուցած է Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը (1940), Երուսաղէմի Ս. Հռիփսիմէ մատուռը (1946), Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին (1957):

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մայր տաճարը
Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին

Բազմաթիւ եկեղեցիներու, հասարակական շէնքերու, առանձնատուներու ուրոյն ճարտարապետական կառոյցները կը վկայեն, որ գեղաճաշակ արուեստագէտը իր հրաշագործութիւններով, թեքնիք մտայղացումներով շարունակաբար փիլիսոփայական խնդիրներ կը լուծէր, խորքային նշանակութիւն կու տար իր կառոյցներու ամէնէն էականին` հայկական ճարտարապետութեան աւանդոյթներու նուիրագործ պահպանումին, որպէսզի ուշադրաբար զննելու ատեն զինեալ աչքին համար անվրէպ չմնայ:

Մարտիրոս Յ. Ալթունեան ապրած է երկու աշխարհամարտերու ահասարսուռ տարիներուն: Տեսած է` արհաւիրքներ, հիմնայատակ կործանուող քաղաքներ, բնակավայրեր, բռնաճնշուած ազգեր: Իր ազգի տառապանքն ալ իրեն «պահանջներ» ներկայացուցած է, կառուցած է` երկիւղած գորովով ու պատկառանօք` Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու առաջին յուշակոթողը` Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ` նուիրուած անոնց, որոնք բաց աչքերով կապոյտին նայեցան, անոնց, որոնք ափ մը հողի  եւ աղօթքի մրմունջի մը կարօտ մնացին… Բիւրաւոր նահատակ հայորդիներուն իբրեւ յուշարձան…

Հայոց ցեղասպանութենէն տարիներ անց, երբ հայու մնացեալ բեկորներն ապաստանեցան Լիբանանի հիւրընկալ երկրին մէջ, իբրեւ երախտիքի տուրք, անձնուիրութեամբ, ինչո՞ւ ոչ, մարտիրոսական եռանդով մը Մ. Յ. Ալթունեան իր ներուժը կը ներդնէր Լիբանանի քաղաքաշինութեան ասպարէզին մէջ:

Պէյրութի Նըժմէ հրապարակ

Վիթխարի է անոր ճարտարապետական արուեստաբանական օգտակար գործողութեան գործակիցը. հինգ տարիներու ընթացքին, շնորհիւ իր յեղակարծ աշխատունակութեան, կառուցուեցան` Լիբանանի խորհրդարանի շէնքը (Պէյրութ, 1931), նաեւ քաղաքի Նըժմէ հրապարակի «Ալ-Ապըտ» հռչակաւոր ժամացոյցին աշտարակը (1934), «Ապու Պաքըր» մզկիթը` Պէյրութի ծովեզերեայ նաւահանգիստի ափին` (1935) արդիական եւ արաբական ազգային աւանդոյթներու բացառիկ համադրումով մը, ինչպէս նաեւ` Ազունիէի առողջարանը (Շուֆ, 1937):

Մարտիրոս Յ. Ալթունեանի նուիրագործ տաղանդի բռնկումները գեղանկարչութեան բնագաւառին մէջ ալ հիմնովին գեղահրաշ դրսեւորումներ ունեցած են, առաւել եւս` հայու անձնուիրութեանը բնորոշ. Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի «Տրդատի թագադրումը, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի «Տրդատ թագաւորի մկրտութիւնը», «Էջմիածինի տաճարի շինութիւնը»: Վատիկանի պատուէրով Յորդանանի մէջ (Ամման) Ս. Պօղոս կաթողիկէ մայր տաճարի (1947-1950) շէնշող որմնապաստառները ապացոյցն են, որ կրօնասէր, բանիբուն նուիրեալ մտաւորականի մը կողմէ կրօնը ազգութեան հետ լծորդելու առաքինութեամբ մեծաշուք գեղարուեստական կերտուածքներ կ՛արարուին…

Մ. Յ. Ալթունեան գեղանկարիչն ալ, հակառակ  ճարտարապետական բուռն զբաղուածութեան, հայ գեղանկարչութեան պատմութեան մէջ մնայուն արժէքներ ստեղծած է. ի ցաւ սրտի` շատերուն անծանօթ, եկեղեցանկարչութեան ոլորտէն: 1949-1950 թուականներուն վրձնած է Թադէոս եւ Բարդողիմէոս առաքեալներու, Վարդան, Յակոբոս, Հեղինէ սուրբերու սրբապատկերները, բազմաթիւ ծովանկարներ եւ «Մայր Աստուածածին» սրբակտաւը` չափազանց յատկանշական այն պատճառով, որ բնորդուհին գեղանկարիչին կինն է. այսպէս, կարծես թէ աւանդոյթի գերհզօր ուժով մը իրականութիւն «դարձած է» այն ամբողջ աստուածայինը, որ հայ կնոջ մը կերպաւորումով ներշնչումի ակունք կը հանդիսանայ եւ մարդկային, աստուածային սիրոյ վառվռուն երեւակայութենէն կը բխի…

Ընդհանրապէս, անգնահատելի է Մարտիրոս Ալթունեանի յիրաւի, նուիրապետական ժառանգութիւնը` հոգեկան, մտածողական, կրօնաշունչ եւ համաժամանակային: Բնականօրէն այս վիթխարի ժառանգութենէն մեր ներկայացուցածը ոչ ամբողջական ըլլալով` որոշապէս գաղափար մը կու տայ,  խորագոյն տպաւորութիւն կը ձգէ եւ կը բնորոշէ անոր ծաւալած բեղմնաւոր գործունէութիւնը, որ իր իսկ կենդանութեան ատեն պետական գնահատանքի արժանացած է Լիբանանի նախագահներէն Էմիլ Էտտէի եւ Պշարա Խուրիի կողմէ` «Գնահատանքի շքանշանով»: Իսկ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին մուտքին ալ տեղադրուած է մեծ հայորդիի կիսանդրին, Պէյրութի կեդրոնական փողոցներէն մէկն ալ կը կոչուի ճարտարապետին անունով:

Ես առաջին անգամ Պէյրութէն վերադարձիս (2002), երբ Երեւանի մէջ հանդիպեցայ վաղեմի բարեկամիս` ճարտարապետութեան ակադեմիկոս Վարազդատ Յարութիւնեանին, որ Մարտիրոս Յ. Ալթունեանի զաւակին` Աշոտ Մ. Ալթունեանին հրատարակած պատկերագիրքի յառաջաբանին (անգլերէն) հեղինակն է, հարցուց.

– Ալթունեանի կառոյցները տեսա՞ր, Թամանեանից յետոյ մեր երկրորդ մեծ ճարտարապետներից է, նաեւ` բացառիկ գեղանկարիչ, շատ եմ ափսոսում, քչերն են նրան ճանաչում: Իսկ նրա համբաւը ոչ միայն Լիբանանում, այլեւ աշխարհում տարածուած է: Տեսնես` մենք մեր մեծերին ճանաչելու ժամանակ կ՛ունենա՞նք:

Յիրաւի չափազանց ճիշդ բնորոշում` հայ ճարտարապետութեան, ճարտարագիտութեան երախտաւորի կողմէ. այս դիմանկար-մտածումն ալ թող ըլլայ Մարտիրոս Յ. Ալթունեանը հանրահռչակելու ուշացած փորձ մը: «Մեր ժամանակներու անկրկնելի ու անմահ ճարտարապետին ճարտարապետութիւնը պիտի տեւէ դարէ դար, որովհետեւ ան իր հայեցի դրոշմով ու նկարագիրով անմահացաւ եւ իրեն հետ անմահացուց ամբողջ հայ ժողովուրդը ոչ միայն Լիբանանին, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին մէջ»:

Կը կարծեմ, թէ Մարտիրոս Յ. Ալթունեան ազգային իր ծառայութեանց դիմաց այնքան ալ չէ գնահատուած, չէ հրատարակուած ամբողջական պատկերագիրք մը եւ արուեստաբանական հատոր մը: Կը կարծեմ, թէ կը գտնուին անոր ստեղծագործական ժառանգութեան հոգեկիցներ` ըլլան հայ թէ օտարազգի, որոնք իրապէս հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն անկրկնելի ծառայութիւններ մատուցած, անոնց անխառն բարեկամութեան բագինին վրայ հաւատարմօրէն երդում տուած Մարդուն գործերը եւ յիշատակը նորովի կը ներկայացնեն` իբրեւ տուրք հոգեկան` քաղաքակրթութիւն ներմուծած ճարտարապետին հանդէպ:

Յատուկ «Ազդակ»-ին համար
Երեւան

 

Նախորդը

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յաջորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԸ.)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?