Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը Իր 30-Ամեայ Գահակալութեամբ Վեհափառացաւ Եւ Վեհափառացուց

Յունիս 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Թուաբանութեան մէջ երեսունը պարզապէս թիւ մըն է` սեղմ եւ սահմանափակ: Բայց մարդկային կեանքին մէջ թիւերն իրենց զուտ թուաբանական արժէքէն անդին կը գտնուին: Հոն տարիքը հաշիւ չէ, այլ ապրուած արժէքներու կշիռ: Երբ տարիները լեցուած են հաւատքով, գաղափարներով եւ նուիրումով, անոնք կը փոխուին ժամանակի ոչ թէ անցնող, այլ արժեւորուող հատուածներու: Այսպէս, երեսուն տարին կրնայ դառնալ ամբողջական նուիրումի խորհրդանիշ մը, երբ ծառայութեան դաշտին մէջ, մեր կեանքը անշահախնդրօրէն կը նուիրենք մեր եկեղեցւոյ, ազգին, հայրենիքին ու ժողովուրդին, եւ այն ատեն տարիները կը դառնան ոչ միայն սովորական ապրուած օրեր, այլ` նուիրուած արժէքներու կենդանի ապացոյց, խոնարհ պարգեւ:

Պահ մը թուաբանութենէն անցնինք արժեւորելու այն անկրկնելի դէմքը, որ ծառայութիւնը իր բառին ամբողջական առումով իմաստաւորած է, եւ՛ հայ եկեղեցւոյ, եւ՛ հայ ազգին, եւ՛ աշխարհասփիւռ կեանքին մէջ:

Այդ ԴԷՄՔԸ հայրապետական Կիլիկեան դարաւոր Սուրբ աթոռի արժանընտիր Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. վեհափա՜ռն է: Վեհափառը, որ իր 30-ամեայ գահակալութեամբ, Սուրբ աթոռը եւ Սուրբ աթոռին ընդմէջէն մեր անթիլիասական դիմագիծը փառաւորեց` վեհափառացուց…

Արամ Ա. կաթողիկոսը վեհափառացա՜ւ, երբ Կիլիկեան դարաւոր Սուրբ աթոռը եւ Կիլիկիոյ իբրեւ հոմանիշ Անթիլիասը վեհափառացուց` Անթիլիասը պատերէն դուրս հանելով, թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ համազգային տարողութեամբ` իբրեւ մնայուն ներկայութիւն եւ մանաւա՛նդ յարգուած գոյութիւն: Ժողովուրդը կը վկայէ, խօսի՛լ տուէք:

Արամ Ա. կաթողիկոսը վեհափառացաւ՜, երբ Անթիլիասի միջեկեղեցական եւ միջկրօնական կեանքը վեհափառացուց. զոյգ Էքիւմենիք շարժումներու պատասխանատու անձնաւորութիւններ նորին սրբութեան նայեցան եւ անոր մէջ տեսան իմաստուն եւ կարող ղեկավարը, որ կարողացաւ ո՛չ միայն Հայ եկեղեցին, այլեւ ամբողջ քրիստոնէական եկեղեցին պահել խաղաղ նաւահանգիստի վրայ եւ առողջ երկխօսութեան մէջ: Պատմութիւնը կը վկայէ, բացէ՛ք պատմութեան գիրքերը:

Արամ Ա. կաթողիկոսը վեհափառացա՜ւ, երբ Անթիլիասը երիտասարդութեամբ շրջապատելով վեհափառացուց զայն: Նայի՛լ պէտք է: Նայեցէ՛ք այսօր Անթիլիասին, հո՛ն պիտի տեսնէք երիտասարդութիւն, հո՛ն պիտի տեսնէք նո՛ր շունչ, հո՛ն պիտի տեսնէք երիտասարդին առջեւ բացուած նո՜ր առիթներ, հո՛ն պիտի տեսնէք երիտասարդ Անթիլիասն ու անթիլիասականը, խօսքը միայն հոգեւորականներուս մասին չէ՛, այլեւ ու մանաւանդ համալսարանական անթիլիասականացած երիտասարդութեան:

Արամ Ա. կաթողիկոսը վեհափառացա՜ւ, երբ Անթիլիասի տպարանը վեհափառացուց նո՛ր գիրքերով, նոր միտքերով եւ մտածումներով: Վեհափառացա՜ւ, երբ հայ մշակոյթին, սրբազան աւանդութիւններուն տէր ու պաշտպան կանգնելով` զանոնք վեհափառացուց: Մտաւորականնե՛րը վկայ:

Արամ Ա. կաթողիկոսը վեհափառացա՜ւ, երբ Անթիլիասի խորանէն եւ բեմերէն, ինչպէս նաեւ օտար բեմերէն Հայ դատի պաշտպանութիւն եւ հայոց արդար իրաւունքներու վերադարձ պահանջեց: Այո՛, վեհափառացա՜ւ, երբ Անթիլիասէն-Տէր-Զօր եւ Տէր-Զօրէն-Ամերիկա ու Զուիցերիա ըլլալով, նորին սրբութեան բերնէն քաջաբար մնայուն կերպով արտասանուեցան Հայ դատի պաշտպանութիւնն ու իրաւունքներու վերադարձը: Գիտակից հայե՛րը վկայ:

Արամ Ա. կաթողիկոսը վեհափառացա՜ւ Անթիլիասի մէջ եւ վեհափառացուց զայն Անթիլիասէն դուրս` հայրենիքի մէջ: Երբ հայրենիքի կեանքը կը վտանգուի` Հայաստանէն Անթիլիասին կը նային, որովհետեւ, եւ՛ գիտենք, եւ՛ գիտեն, որ հաւասարակշռուած լուծումը դուրս կու գայ Կիլիկեան դարաւոր Սուրբ աթոռի Անթիլիասի մայրավանքէն: Քանիցս կարդացած պիտի ըլլաք, թէ ինչո՞ւ Արամ Ա. կաթողիկոսը լո՜ւռ է: Անձնապէս իբրեւ քննադատութիւն չեմ դիտեր, այլ յիշեալ հաստատումը կը դիտեմ իբրեւ մազապուրծ լուծման մը պատասխանի սպասում: Այ՛ս է վեհափառութիւնը, ա՛յս է Անթիլիասը, ա՛յս է անթիլիասականը` շնորհիւ իր Արամ Ա. վեհափառ Կաթողիկոսին:

Վեհափա՛ռ տէր, 30-ամեակը թուաբանական հաշիւներով չե՛նք դիտեր, այլ Ձեր ծառայական տարիներով, որոնք նոյնիսկ նժարի վրայ դնելու իրաւունքը չունինք, որովհետեւ նժարը չունի ձեր շալկած ուսերուն ուժականութիւնը: Այդ տարիները չեն չափուիր թիւով կամ ժամանակով, այլ` նուիրումի, հոգիի ու ծառայութեան խորքով, որոնք կը գերազանցեն ամէն տեսակի աշխարհիկ չափանիշ: Թող Ձեր ուսերը մնան կայտա՛ռ, առո՛ղջ, անսպա՛ռ, որպէսզի Անթիլիասը եւ Անթիլիասի առաքելութիւնը շալկած հարթէք մեր ճամբաները, ա՛յն ճամբաները, որոնք մեզի վայել են, մեր արժանապատուութեան վայել են, մեր ինքնութեան եւ պատկանելիութեան վայել են:

Հպա՛րտ եմ եւ հպա՛րտ ենք Ձեր օրերուն Կիլիկեան Սուրբ աթոռի զինուորագրեալ միաբանութեան մէկ զինուորագրեալը դառնալով:

Կ՛ուզեմ մէջբերել մեծ հանճարին, իմաստասէրին, հայուն եւ փիլիսոփային` Գարեգին Նժդեհին մէկ գեղեցիկ խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Ուժը կը ծնի իրաւունք: Ուժեղին է աշխարհը, հայրենիքը, ազատութիւնը եւ ամէն ինչ… Կ՛ուզե՞ս փրկել, ուրեմն եղիր ուժե՛ղ, քանզի թոյլերը բարեկամ չունին աշխարհին մէջ»: Վեհափառը հոս նկարագրուած ուժեղը եղաւ՛, մնա՛ց եւ է՛, աւելին` մեզ ալ իրմով ուժեղ ըլլալ սորվեցուց, եւ ուժեղներուս երթը կը շարունակուի, գիտակի՛ց ծառայութեամբ, անշահախնդի՛ր ծառայութեամբ, ընդհանուրի՛ն ծառայութեամբ…

 

 

 

 

Նախորդը

Բաց Նամակ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ամէն Բանէ Վեր

Յաջորդը

Եուրօ Մինչեւ 19 Տարեկան. Նետերլանտներ` Ախոյեան

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?