Յանձնուեցաւ Շուշին շուշփայ
Վէրքը կոտտաց ներսիդին
Հայն իր հողէն բռնի ելաւ
Անտէր մնաց յուռթի այգին:
Արծաթ Արցախը որբացաւ
Մաշտոց պահած ներսիդին.
Գաղթականի աղեվիճակ
Քար լռութիւնն աշխարհին:
Տագնապ ունինք համատարած,
Խաչուած հոյլ-հոյլ հերոսներ
Պիղատոսներ ձեռընլուայ
Շրջապատուած սահմաններ:
Ո՞ւր գացեր է բռունցքը հայուն
Թող դուրս գայ խոր թմբիրէն
Հայաշխարհը կ՛անհետանայ
Ինք լուր չունի՞, թէ հոգը չէ:
Անառակը թող տուն դառնայ
Ճակտին միւռոն քսուած է:
Անառակն իր հօրենական
Տունը ծախո՞ւ հաներ է:
Ծնած օրէն հայրը տուաւ
Իր տոկուն տան բանալին
Միւռոնն Երկրին քսեց ճակտին
Ծփաց լոյսը երկինքին:
Անառակն այժմ իր հօր տունը
Թշնամիին ծախեր է
Դուրսէն անէծք ու հայհոյանք
Ներսէն քրքիջ կ՛արձակէ: