Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եդուարդ Աւագ Սարկաւագ Դաւիթեանի Յիշատակին

Յունիս 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ       

Արդի ժամանակներուն, երբ մեքենականացուած եւ մասամբ արհեստական բանականութեամբ առաջնորդուած ենք, ոգեղէն ու վսեմ արժէքները ոտնակոխուած են,  նիւթականն ու կեղծիքը կը գերազանցեն նուիրեալն ու անձնազոհը:

Այս մթնոլորտին մէջ կենսական է Դիոգինէսի լապտերը` գտնելու եւ փոխարինելու համար մարդիկ, որոնք կը մեկնին այս աշխարհէն` բաց մը ձգելով իրենց ապրած միջավայրէն ներս:

Զուիցերահայութիւնը եւ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցին քառասուն օրեր առաջ սգացին Եդուարդ Ա. սարկաւագ Դաւիթեանի կորուստը, ան ուրբաթ, 9 մայիսի երեկոյեան հրաժեշտ տուաւ դէպի անդենական:

Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ էր, երբ բախտաւորութիւնը ունեցանք ծանօթանալու, ապա մտերմանալու հանգուցեալին եւ իր ազնիւ կնոջ` Վարդուհիին:

Սուրիոյ պատերազմէն հասած, պանդուխտի եւ գաղթականի մեր առօրեայի մտահոգութիւնները, ցաւերն ու կարիքները սպեղանի ունէին Դաւիթեան ամոլին մօտ: Ան լաւ կը հասկնար մեր կացութիւնը, որովհետեւ ինք ալ Պոլիսէն Զուիցերիա եկած ու ապրած էր այդ փուլը: Համեստ, հիւրասէր ու ծառայասէր նկարագիրով` չէր հանդուրժեր կեղծիքն եւ փառամոլութիւնը, իր դիտողութիւնները կ՛ընէր անկաշկանդ:

Շուրջ քառասուն տարիներ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ խորանի սպասարկուն էր ան, հմուտ շարականագէտ, եկեղեցական ծիսական արարողութեանց գործադրութեան բծախնդիր, պոլսական դասական երգեցողութեան տիրապետած` իր ներկայութիւնը զգալի կը դառնար եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ:

Հօրենական արմատներով սասունցի էր, ծնած` Պոլիս, 12 մարտ 1937-ին, ի տղայ տիոց ծառայած էր իր թաղի Կէտիկ Փաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ:

1963-ին ընտանիք կը կազմէ եւ կը բախտաւորուի երկու զաւակներով` Սիմոն ու Թամար: 1979-ին կը գաղթէ դէպի  Զուիցերիա, կեանքի թոհուբոհին մէջ մաքառելէ ետք հանգստեան կը կոչուի:

Դէպի ծննդավայր իր այցելութիւններուն առիթով կը միանար հասակակից սարկաւագներուն` անմոռանալի յիշատակներ վերապրելով, որուն մասին Ժընեւ դարձին կը պատմէր մեծ խանդավառութեամբ:

Վերջին տարիներուն առողջական հարցեր կը դիմագրաւէր, մասամբ կազդուրուած, գերագոյն հաճոյքն էր հետեւիլ Հայ եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ արարողութիւններուն` օգտուելով հեռակայ դրութեամբ համակարգչային սփռումներէն: Էջմիածինէն մինչեւ Անթիլիաս, Երուսաղէմէն Կ. Պոլիս, հասնելով Լոս Անճելըս կամ Հալէպ: Ան յաճախ գոհունակութեամբ կը խօսէր արժանաւոր կղերականներու պատգամներուն եւ արարողութեանց մասին, նաեւ իր դժգոհութիւնը կը յայտնէր,  եթէ շեղումներ կամ կրճատումներ նկատէր:

Բծախնդիր էր շարականներու ճշգրիտ կատարումներու նկատմամբ, կղերականներու հոգեհանգստեան առիթով առինքնող ձայնով կ՛երգէր «Ահեղ խորհուրդ քահանայի» շարականը:

Բազմավաստակ բարեշնորհ Եդուարդ սրկ. Դաւիթեանի թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 16 մայիս 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, նախագահութեամբ Վատիկանի մէջ հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանի, մասնակցութեամբ զուիցերահայ թեմի առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծ. վրդ. Ալճանեանի:

Իր դամբանական խօսքին մէջ Խաժակ սրբազան անդրադարձաւ հանգուցեալ Եդուարդ Ա. սարկաւագի հետ իր ծանօթացման, որ սկսած է սրբազանի մանկութենէն, երբ կը յաճախէր Կէտիկ Փաշայի Մեսրոպեան ծխական վարժարանը, եւ որպէս դպիր Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս իր դասատուն ունենալով ողբացեալը, որուն դագաղին դիմաց կանգնած` ան յիշեց անցեալէն հաստատուած բարեկամութիւնը: Եդուարդ Ա. սարկաւագին տունը հարազատի մը նման այցելած էր միշտ` անոր ընտանիքի անդամներուն փոխադարձ սէրն ու յարգանքը վայելելով:

Հանգուցեալի որդին` Սիմոն, իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայրը Պոլսոյ մէջ` որպէս մանրավաճառ, իր գործն ու հանգիստ կեանքը ձգելով եկած է օտարութեան` զաւկին առողջական հարցերուն համար: Այժմ ինք  յաջող ոսկերիչ էր, սակայն պիտի զրկուի ամէնօրեայ հօրենական հեռաձայնի հաղորդակցութենէն:

Սիմոն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր հօր հիւանդութեան յաճախ այցելեցին հիւանդանոց կեցութեան  շրջանին:

Խօսք առաւ նաեւ հանգուցեալին հարսը` Արմինէն, յայտնելով աներոջ ազնիւ վերաբերմունքը իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն հետ:

Ժընեւահայութեան երէց սերունդը, յատկապէս` պոլսահայ ընկերները, պիտի յիշեն Եդուարդի կատակներն ու խանդավառութիւն առթող նկարագիրը:

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ պատերը երկար ժամանակ կարօտ պիտի մնան ձայնիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, բարեշնորհ սիրելի Եդուարդ Ա. սարկաւագ:

Ժընեւ

 

Նախորդը

Հայաստան Երկրի Եւ Անոր Տէր Ազգի Քաղաքական Անելանելիութիւնը…

Յաջորդը

Լեւոն Միսիրեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?