ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Վարչապետ Փաշինեանի իսթանպուլեան առաքելութիւնը չէր տարբերեր Ժընեւեան, Միւնիխեան եւ Նիւ Եորքեան փորձառութիւններէն:
Պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչները շփոթահար եւ զարմացական հայեացքներով ընկալեցին Հայաստանի վարչապետէն լսուող կարգ մը դիրքորոշումներ:
Իսթանպուլի մէջ վարչապետը հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն յայտնեց՝ չզարմանալ, որովհետեւ երբ «խաղաղութեան խաչմերուկ»ը բացուի, Ազրպէյճանը պիտի յայտարարէ՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը բացուեցաւ..: Վարչապետին «մեֆիսթօ»յական շարժուձեւերը այն տպաւորութիւնը ստեղծեցին, թէ օրերու հարց պէտք էր ըլլար միջանցքին բացումը: Իրականութիւնը բոլորովին այլ է: Փաշինեան բնականաբար չյստակացուց եթէ Ազրպէյճան պատրա՞ստ էր լուծումի իր տարազին..:
Երբ « Ակօս» թերթի խմբագիր, ծանօթ լրագրող Բագրատ Էստուքեան դիտել տուաւ, թէ որքան ալ Հայաստան մերժէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» անուանումը, «չարագործութեան դաշինք»ը յամառօրէն կը պնդէ զայն, եւ չի թաքցներ, որ «միջանցք»ը իրենց «սրբազան երազանքի՝ Թուրանի ճանապարհն է»:
Պոլսահայ խմբագիրը հարց տուաւ վարչապետին.« Այս պահուն հայերս ունինք չարիքի դաշինք մեր դիմաց, որքա՞ն կարելի է գազանին սիրաշահիլ քաղցր խօսքերով, երբ անոնք սպառնալիքի լեզուով կը խօսին»: Փաշինեանի պատասխանը ապշեցուց ներկաները.« Այդ որ մենք ուրիշներուն նայելով կ՛ըսենք՝ «գազան, գազան, գազան», բայց մենք հըլը մեզի պէտք է նայինք»: Մենք նման ենք առարկայի մը, որ յայտնուելով մայրուղիի վրայ անընդհատ արկածի կ՛ենթարկուի, կրկին արկածի կ՛ենթարկուի, որովհետեւ չի գիտեր երթեւեկութեան կանոնները, չի գիտեր, որ այդտեղ կարելի չէ գտնուիլ, որովհետեւ այդտեղ գտնուիլը 95 եւ աւելի տոկոս հաւանականութիւն կը ստեղծէ, որ ինք մեքենայի տակ իյնայ, ոչ թէ դիմացի մեքենան գազան է, այլ՝ ինքը, ենթական, որ կ՛իյնայ մեքենայի տակ»: Հրաշալի մեկնաբանութիւն, ողորմելի տրամաբանութիւն: Մեղաւորը Հայաստանի աշխարհագրական դիրքն է..: Սխալ դիրքի վրայ կը գտնուէր Հայաստանը… ուրեմն, որպէսզի արկածահար չդառնալ…. սխալ տեղ չկենալ….գազանը մենք ենք: Ահա Փաշինեանական պատասխանը Էստուքեանին եւ հայ ժողովուրդին…: Փաշինեանական տրամաբանութեամբ ճանապարհը պիտի ապաշրջափակուի «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի հայկական տրամաբանութեամբ, ոչ՝ թուրանական:
Փաշինեան հաւանաբար տեղեակ ալ չէ, Իսթանպուլ այցելութենէն օրեր առաջ Թուրքիոյ նախագահը թրքալեզու պետութիւններու գերաստիճանին մասնակցողներուն առջեւ յայտարարեց, որ «Զանգեզուրեան միջանցք»ը ռազմավարական առաջնահերթութիւն է « թրքական աշխարհի» միաւորման համար: Էրտողան կոչ ըրաւ թրքալեզու պետութիւններուն աւելի աշխոյժ գործելու այդ միջանցքը ձեւաւորելու ուղղութեամբ:
Գալով «Զանգեզուրի միջանցք»ով Թուրանի ճանապարհին, Փաշինեան հեգնեց. «Հայութեան այս բանը….վա՞յ, անոնց նպատակը Թուրանն է: Կ՛ուզե՞ն Հայաստանի ճանապարհով երթալ- թող երթան-գան, թող երթան-գան, գէ՞շ է այս, մենք կ՛առաջարկենք այս նախագիծը:
Իսթանպուլեան այցելութեան վերաբերեալ հայկական հաղորդագրութիւնը կը նշէր, որ Փաշինեան- Էրտողան հանդիպմանը մտքեր փոխանակուած են «խաղաղութեան խաչմերուկ»ին շուրջ: Անգարայի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ոչ մէկ յիշատակութիւն կար խաչմերուկներու վերաբերեալ: Յիշենք, որ մէկ օր առաջ Ալիեւը դիմաւորող Էրտողանը իր կրտսեր եղբօր առջեւ դարձեալ յայտարարած էր, թէ իրենք մէկ ազգ են՝ երկու պետութիւն..:
Պոլսահայ լրագրողը բաւական լուրջ եւ դիպուկ խորհուրդ մը տուաւ վարչապետին.« Սպառնալիքի լեզուով խօսողի դէմ պատշաճութիւնը երբեմն մէկ կողմ դրէք, մենք պատերազմով հոգնած ժողովուրդ ենք, բայց եթէ մէկը մեր հակառակորդին պիտի թոյլատրէ երկիր նուաճել՝ ուրեմն աւելի յստակ կամք պէտք է դրսեւորուի»: Հասկցողին շատ բան:
Վարչապետը հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին, յստակօրէն ըսաւ՝ Արաքս գետի հանդիպակած ափը Թուրքիա է, ոչ թէ՝ Արեւմտեան Հայաստան:
Իրեն ուղղուած հարցումին հետեւեալ տրամաբանութեամբ անգոյ նկատեց արեւմտահայաստանը.« Մենք եթէ արեւմտահայաստան ըսենք, ուրիշներն ալ արեւմտեան Ազրպէյճան պիտի պահանջեն»: Փաշինեանէն նուազագոյն յարգանք կ՛ակնկալուէր Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայութեան հանդէպ: Արեւմտահայստանի ողբերգութիւնը, որուն քաղաքակիրթ աշխարհը Ցեղասպանութիւն սահմանումը տուած է տգիտութենէ աւելի դաւաճանութիւն է «արեւմտեան Ազրպէյճան» շինծու երեւոյթին հետ համեմատել, նոյն կշիռքին վրայ դնել: Փաստօրէն վարչապետը կ՛ուրանար արեւմտահայաստանի գոյութիւնը: Տակաւին … անուղղակի կերպով եւ առանց յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը, Փաշինեան ժպտալով զարմանք յայտնեց՝ երբ հազիւ առաջարկած էր քննարկել, թէ ո՞վ կատարած էր եւ ինչո՞ւ պատահած էր…. Հայաստանը եւ Սփիւռքը ոտքի ելած էին անոր «անմեղ» առաջարկին դէմ:
Զարմանալիօրէն Փաշինեանի Թուրքիա այցելութեան օրերուն, Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՛ունենար Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 51-րդ նստաշրջանը: Տուեալ գագաթաժողովը մտահոգիչ բանաձեւ մը ընդունեց այսպէս կոչուած «արեւմտեան ազրպէյճանի համայնքի» օգտին: Հակահայկական խորքով բանաձեւին մէջ տառացիօրէն կը պահանջուէր .« Հայաստանի տարածութենէն կազմակերպուածօրէն բռնի կերպով արտաքսուած ազրպէյճանցիներու եւ այլոց՝ ետ վերադարձի օրինական իրաւունքը»: Ողջունելով հանդերձ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը, բանաձեւը Հայաստանէն կը պահանջէր, որ վերացներ այն քաղաքական եւ իրաւական խնդիրները, որոնք գոյութիւն ունէին այդ գործընթացի ճանապարհին: Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ Հայաստանի մէջ գործող ընդդիմադիր ուժերու չէզոքացումին: Այն ուժերուն, որոնք Ազրպէյճանի համոզումով կը գտնուին « ռեւանշիստներու ճամբարին մէջ»:
Բանաձեւը միաժամանակ կը դատապարտէր Հայաստանի կողմէ իսլամական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ, նախապէս իր գրաւած տարածքներուն մէջ կատարած վայրագ գործողութիւնները եւ կոչ կ՛ընէր Ազրպէյճանին հատուցել պատճառած վնասները: Միտումնաւոր կերպով խօսքը կը վերաբերի «իսլամական» եւ ոչ՝ «ազերիական» ժառանգութեան: Հայաստանը կերպով մը կը ներկայացուի իբրեւ «իսլամատեաց» երկիր:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ պաշտօնական Հայաստանի կեցուածքը վերոյիշեալ ամբաստանութիւններուն: Լռութիւ՞ն… առաւելագոյնը՝ մեղմ արձագանգ:
Հայաստան այսօր կը գտնուի ռազմաքաղաքական մտահոգիչ զարգացումներու առջեւ: Մեր վարչապետը զբաղած է դիմատետրի գրառումներով: Որեւէ պետութեան վարչապետի անյարիր բովանդակութեամբ բառամթերքով, գրառումներով:
Իրան- Իսրայէլ- Միացեալ Նահանգներ պատերազմը օր ըստ օրէ աւելի փխրուն եւ անկայուն կրնայ դարձնել Հարաւային Կովկասը:
«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը վերլուծականով մը կ՛եզրակացնէր, թէ հակամարտութեան երկարումը աստիճանաբար պիտի նուազեցնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու յոյսերը եւ աւելցնէ պատերազմի հաւանականութիւնը:
Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Իրանի դիրքերը աւելի թուլացնելու եւ նոր հակամարտութեան մէջ մխրճելու դիտաւորութեամբ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի Միջանցք»ը կրնայ լուրջ խաղաքարտ ծառայել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին: Պաքու եւ Անգարա կրնան օգտագործել իրավիճակը, ստանալ Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը:
Հայաստանի իշխանութիւններուն անխոհեմ քաղաքականութիւնը, աննախադէպ սպառնալիքներ յառաջացուցած է մեր հայրենիքի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը խախտած է Հայաստանի կողմէ նախապէս պահուող հաւասարակշռութիւնը: Հայաստան այսօր կը փորձէ Թուրքիոյ ճանապարհով հեռանալ Ռուսիայէն…:
Փաշինեան նոյնիսկ ամենալարուած պահուն հանդարտութեան եւ ողջախոհութեան փոխարէն, անհաւասարակշիռ պահուածքներով աւելի կը հրահրէ իրավիճակը, իր անվայել արտայայտութիւններով, հայհոյախառն ելոյթներով:
Օրինակարգութեան եւ ժողովուրդի վստահութեան սրընթաց անկման զուգահեռ, վարչապետը երկիրը կառավարելու իր գլխաւոր յենարանը դարձուցած է ուժային կառոյցները՝ Հայաստանի մէջ ոստիկանապետութիւն ստեղծելու հեռանկարով:
Աշխարհաքաղաքական վտանգաւոր զարգացումներուն առջեւ, Հայաստան կը գտնուի ծանր եւ մտահոգիչ մարտահրաւէրներու առջեւ, որոնք դիմագրաւելու համար կը պահանջուի համահայկական համախմբուածութիւն: Սթափ մօտեցում: Հայաստանի բոլոր կառոյցներէն՝ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, կը պահանջուի զերծ մնալ ներքին հակամարտութիւններէն զերծ մնալ, ներքին պառակտումներէն: