Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Թարգմանութիւնս

Յունիս 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հակառակ անոր որ ողորմած մայրս Պոլիս ծնած էր, մենք` երեք եղբայրներ, մեր մանկութեան, պատանեկութեան եւ վաղ երիտասարդութեան տարիներուն մեր տան մէջ եւ կամ նոյնիսկ եօթը դրացիներով խճողուած բազմամարդ բակին մէջ թրքերէնով  խօսակցութեան կամ թրքերէնով արտայայտութիւններու շատ քիչ հանդիպած էինք:

Նաեւ յիշեմ. երբեմն կը պատահէր, որ ծնողքս կամ մեր դրացիները մեր իսկ ներկայութեան իրարու գաղտնի «բաներ» մը ուզէին խօսիլ, այն ժամանակ միայն անոնց բերնէն մեզի բոլորովին անծանօթ այս լեզուն կը լսէինք: Ու մենք` փոքրերս, կռահած ըլլալով, որ այդ խօսքերը կամ ակնարկութիւնները մեզի համար բոլորովին անհասկնալի էին, հարցական աչքերով իրարու երես կը նայէինք եւ ապա անմեղօրէն բարձրաձայն կը խնդայինք:

Աւելի՛ն. նախակրթարանի տարիներուս, երբ մօրս ընկերակցելով` մեր տան մօտ գտնուող մեծ շուկան կ՛երթայի, խեղճ մայրս բաւականաչափ արաբերէն չգիտնալուն` իր միտքը թրքերէնով կը պարզէր «հաճի Ահմետ» նպարավաճառին, կամ` հացագործ Պուլոսին: Միայն այսքան: Ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս:

Ապա յետոյ, տարուէ տարի, եւ ինքնաբերաբար, փողոցէն, ընկերներէն եւ շուկայէն, արաբերէնին նման, նաեւ սորված էինք այս «նոր» լեզուին «զարդարուն» բառերն ու ասացուածքները, եւ յատկապէս` հայհոյանքները: Մէկ խօսքով` փշրանք մը թրքերէն:

Ու ի՜նչ մեղքս պահեմ, երբեմն ալ մեր թաղին մէջ, ընկերներով կամ դրացի տղոց հետ մեր խաղի տաքարիւն ու ջղային մէկ պահուն, կը դիմէինք մեր մտապաշարին մէջ տեղ գտած արաբերէն կամ թրքերէն բառերուն, այս ձեւով մեր զայրոյթն ու բարկութիւնը կ՛արտայայտէինք` առանց անդրադառնալու, որ քիչ ետք, նման «անհնազանդութեան» պարագային, մեզի պիտի հրամցուէին մեր ծնողներուն սահմանած խիստ պատիժները:

Այսքան էր այդ անհոգ, ուրախ եւ անգիտակից մեր օրերուն մեր «թրքագիտութեան» աստիճանաչափը: Հայհոյանք կամ հայհոյել. կը կարծեմ, որ համամարդկային վարակիչ բնազդի մը արդիւնքը ըլլալու էր, ու ես կամ տարեկիցներս բացառութիւն մը չէինք կրնար կազմել: Ու այսպէս, երբ այդ օրերուն մենք թրքերէն լեզուին իբրեւ օտարականներ կը մեծնայինք, անդին տակաւին հայաբնակ կարգ մը թաղերէն, տուներէն յստակօրէն կը լսուէին այս լեզուով խօսակցութիւններն ու նոյնիսկ անոնց երգած «շարքըները»: Տակաւին… թիվիներէն նաեւ կը դիտուէին ժապաւէնները:

Ու հակառակ այս բոլորին, մինչեւ այս տարիքիս իսկ, նոյն այս լեզուն «գործածելու» կամ անոր «դիմելու» կարիքը թէեւ հազուադէպօրէն զգացած եմ, բայց ամէն առիթով կը յիշեմ սա հաճելի միջադէպը` կապուած թրքախօսութեանս… աւելի ճիշդ` «թրքագիտութեանս»:

Այսպէս, տարիներ առաջ, աւելի ճիշդ` Դամասկոսի մէջ համալսարանական օրերէս մէկուն, երեկոյ մը, երկարատեւ, յոգնեցուցիչ դասերէ ետք, երբ քալելով յարկաբաժինս կը վերադառնայի, ճամբուս վրայ աղմկոտ բազմութիւն մը ուշադրութիւնս կը գրաւէր:

Դէպի Մեքքէ գացող թուրք ուխտաւորներ էին, որոնք իրենց արաբ մեքենավարին հետ բարձրաձայն կը վիճէին: Այդ վայրկեանին ինչո՞ւ ինքզինքս անզգալաբար այս մարդկային ժխոր-քաոսին մէջ նետած էի, մի՛ հարցնէք… չեմ գիտեր` ինչո՞ւ… Նաեւ տեսանելի էր, թէ ինչպէ՛ս արաբ մեքենավարը, գրեթէ կատղած, ամրօրէն բռնած էր ուխտաւորի մը ձեռքը, որուն ափին մէջ սուրիական հարիւրնոց թղթեդրամ մը կար: Միւս կողմէ` ուխտաւորին խմբակիցները կը փորձէին իրենց ընկերոջ օգնել ու ազատել անոր ձեռքը:

Ու յանկարծ, ի՜նչ «հրաշք», թիւով այդ հինգ յաճախորդները զիս տեսնելով` իրենց անօրինակ աղմուկը դադրեցուցին: Հիմա բոլորն ալ զիս կը դիտէին ապշահար: Իրենց աչքերէն կարելի էր կարդալ` «Այս մարդը ուրկէ՞ բուսաւ» հարցումը: Իսկ ես, առանց իրար անցնելու, առաջին իսկ հերթին, արաբերէնով մեքենավարին հարցուցի, թէ «բանն ինչո՞ւմն էր»: Խեղճ մարդը քրտնած, յոգնած ու հեւալով եւ ընդվզելով` բացատրեց, որ ուխտաւորները իր իրաւունքը չէին տուած: Աւելի՛ն. անոնց մօտ ալ միայն «հարիւրնոց» ըլլալով` ինք կը փորձէր նախ «մանրել» այդ մեծ դրամը: Եւ ահա` անհասկացողութիւն:

Հարցը թերեւս ինծի համար շատ պարզ էր, բայց` ո՛չ վիճողներուն: Թէեւ բոլորն ալ լռած եւ անհամբեր իմ որոշումիս կը սպասէին, սակայն մէջս կարծես տեսակ մը ինքնածին վախ մըն ալ կար, չես գիտեր` ինչո՞ւ: Ուստի, հարցին քաջատեղեակ ըլլալով, նախ ինքզինքս փորձեցի հաւաքել եւ ապա ըսելիքս հայերէնով մտքիս մէջ դասաւորելէ ետք, նօսրացած թրքերէն բառամթերքս զօրակոչի ենթարկեցի եւ բաւական ինքնավստահ ուխտաւորներուն դառնալով` բարձրաձայն ըսի.

– Պապա՛մ… վէ՛ր, որ մանրէ…

Փորձած էի բացատրել, որ նախ դուք այդ մեծ գումարը տուէք, որ խեղճ մարդն ալ  զայն մանրէ եւ վրադիրը ձեզի տայ: Մտքիս մէջ թրքերէնով ըսելիքս հայերէնովս այսպէս դասաւորած էի: Բայց… եկուր տես որ… Չեմ յիշեր այդ վայրկեանին ի՞նչ եւ կամ ինչպէ՞ս զիս հասկցան: Միայն այն գիտեմ, որ բոլորն ալ զարմացած եւ կասկածոտ ինծի սկսած էին նայիլ, թէ այս մարդը ի՞նչ ըսաւ…

Բայց վայրկեանին կը կարծէի, որ արդէն իմ բառերովս հարցը լուծած էի` առանց անդրադառնալու, որ նոյն այդ անիծեալ անհասկացողութիւնը իմ ապիկարութեանս պատճառով առաւել բարդացած էր: Որովհետեւ, իբրեւ «պանծենկոտ» նապաստակ, կը կարծէի, որ իրապէ՛ս լաւ եւ յստակ ձեւով բացատրած էի միտքս եւ խնդիրը` լուծած: Բայց միւս կողմէ ալ երբեք մտքէս չէի անցուցած, որ թրքերէն արտասանած նախադասութիւնս իրապէս որ անիմաստ «բան» մըն էր: Անհասկնալի: Բարեբախտաբար արագ մը կռահեցի, որ ըսածս կացութենէն ոչ մէկ «բան» կրցած էր փոխել, որովհետեւ շինծու նախադասութիւն մըն էր, անտեղի եւ նոյնքան ալ… խայտառակ: Ուստի որոշեցի խոյս տալ: Աներեւութանալ: Վիճաբանութեան դաշտէն փախչիլ: Առաւել, ծիծաղելի չդառնալու համար` «շոգիանալ»:

Չեմ յիշեր` ինչպէ՞ս եւ որքա՞ն արագ անհետացայ: Միայն այն գիտեմ, որ խումբը կրկին վերադարձած էր իր նախկին իրավիճակին, իր աւելի սուր վիճաբանութեան:

– Ծօ՛, ես ո՜ւր… թրքերէն գիտցող կամ խօսողը ուր,- կ՛ըսէի մտովի,- ինծի ի՛նչ… ինչո՞ւս պէտք… ինքնակոչ թարգման ըլլալս պակաս էր… ան ալ` թրքերէնի… վրաս գրէ…

Հաստատապէս միջնորդութիւնս ձախողած էր, որովհետեւ նաեւ ձախողած էի թրքերէն բառագիտութեանս մէջ:

***

Երկար տարիներ սահած են այս միջադէպին վրայէն, ու ամէն անգամ երբ յիշեմ, կամ հաճոյքով այցելուներուս սկսիմ պատմել, դէմքիս վրայ լայն ժպիտ մը կը բացուի: Ու այդ վայրկեանին միշտ մտովի կը մէջբերեմ. «Որքան լեզու գիտնաս… այնքան աւելի մարդ ես…» ժողովրդական նշանաւոր սա առածը:

Կարծեմ ակնարկութիւնս ինծի ալ կանուխէն պէտք էր հասցէագրէի…

bedig43@aol.com

Նախորդը

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յաջորդը

Օրհնութի՞ւն, Թէ՞ Անէծք – Դիմատետրը Գայթակղութեան Քա՞ր Մը. Հայ Որոշ Եկեղեցականներու Վիճայարոյց Ներկայութիւնը Հանրային Հարթակներուն Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Աշխարհաքաղաքական Վտանգաւոր Զարգացումներու Առջեւ Կը Գտնուի Հայաստան

Յունիս 24, 2025
Նամականի
Անդրադարձ

Ռուսիոյ մասին Դ. Մաս – Իսրայէլի Յարձակումը Իրանի Դէմ, Հաւաքական Արեւմուտքին Պատերազմն է Ռուսիոյ, Եւրասիոյ եւ ՊՐԻՔՍ-ին Դէմ

Յունիս 24, 2025
Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…
Անդրադարձ

Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…

Յունիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?