Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրհնութի՞ւն, Թէ՞ Անէծք – Դիմատետրը Գայթակղութեան Քա՞ր Մը. Հայ Որոշ Եկեղեցականներու Վիճայարոյց Ներկայութիւնը Հանրային Հարթակներուն Մէջ

Յունիս 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Կուստաւ Տորէ (1832–1883) –
Նկարը կը ներկայացնէ Յիսուսի համանուն
առակը՝ «Փարիսեցին եւ մաքսաւորը» (Ղկ. ԺԸ,

Հին ասացուածք մը կ՛ըսէ. «Պատը յիմարին օրագրութեան տետրակն է»: Ի հարկէ խօսքն այստեղ պատմական յուշարձաններու կամ եկեղեցիներու պատերուն վրայ փորագիր արձանագրութիւններուն չի վերաբերիր. ասոնք տեսակ մը թանկագին փաստագրեր են` յիշատակարաններ, որոնք կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդեն համապատասխան կառոյցի ինքնութեան, շինութեան թուականին, կառուցողին, բարերարին եւ յարակից այլ տուեալներու մասին:

Վերոգրեալ ասացուածքը միանշանակ կը վերաբերի այն դեռակիրթ այցելուներուն, որոնց պատեր մրոտելու գործը միայն նողկանք եւ ընդվզում կը յառաջացնէ: Կապ չունի, թէ այդ պատը ի՛նչ նպատակի համար կառուցուած է, կամ պատմական, հոգեւոր-մշակութային ինչպիսի՞ արժէք կը ներկայացնէ: Ըլլայ ան հնադարեան ամրոցի մը պարիսպը կամ երբեմն ազգի մը հոգեւոր ընկալումները արտացոլացնող եւ հաւատքը արձանացնող եկեղեցիի մը պատը, միեւնոյն է, անոնց վրայ յաճախ ստիպուած կ՛ըլլաս կարդալու յիմար այցելուի մը անունը, կամ որեւէ մէկ տխմար արձանագրութիւն` անոնց վրայ յաւերժացնել կարենալու համար իր անբաղձալի ներկայութիւնը: Ճիշդ այդպէս, մեր օրերուն այդ պատերը թուայնացուած են հիմա` դրսեւորուելով իբրեւ «Դիմատետր», «Ինսթակրամ», «Եութուպ» եւ այլ նմանատիպ հանրային հարթակներ:

Այս հանրային հարթակները սկզբունքով նախատեսուած են` օժանդակելու, նաեւ խթանելու մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան կապը, երկխօսութիւն ստեղծելու կարելիութիւնը, գիտելիք եւ տեղեկութիւն հաղորդելու հնարաւորութիւնը, գոյութիւն ունեցող աշխարհագրական սահմաններէ այն կողմ ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ կառուցելու կամուրջներ, սատարելու անոնց կրթութեան եւ հոգեւոր-բարոյական զարգացումին: Սակայն, ինչպէս միշտ, առկայ բոլոր միջոցներուն արժէքը կախում ունի, թէ անոնք ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ նպատակի համար կ՛օգտագործուին: Սխալ օգտագործելու եւ կանխամտածուած չարաշահումներու նպատակ հետապնդելու պարագային, անոնք սովորաբար կը յառաջացնեն ունայնութիւն, պառակտում, մարդոց մէջ կը սերմանեն ատելութիւն ու, այսպէս, հանրութեան մէջ կը դառնան «գայթակղութեան քար»` չարաբաստիկ բառակապակցութիւն մը, Աստուածաշունչէն աւանդուած թեւաւոր խօսք մը, որ իր մէջ ոչ մէկ օրհնութիւն կը պարունակէ, այլ կը հանդիսանայ պատճառը բոլոր տեսակի չարիքներու:

Եկեղեցին նմանապէս շուտ ճանչցաւ հանրային հարթակներու ընձեռած մեծ հնարաւորութիւնները եւ այն բոլոր առաւելութիւնները, զորս կ՛առաջարկէին համացանցային ժամանակակից կայքերու նուաճած տարածքները: Եկեղեցիին սպասաւորները իսկոյն հասկցան, որ թուային ծառայութիւնները շատ աւելի մարդոց հասնելու կարելիութիւնները ունին, քան երբեւէ հնարաւոր պիտի ըլլար իրականացնել սեփական եկեղեցիներու պատերէն ներս: Արդարեւ, հանրային բազմազան հարթակներու վրայ կաթոլիկ, ուղղափառ եւ աւետարանական աղբիւրներէ կան հսկայական արժէքաւոր ներդրումներ` աշխարհիկ թէ հոգեւոր ներկայացուցիչներու քարոզներ, վկայութիւններ, ներհայեցողական ուղղորդումներ, բարոյական խորհրդածութիւններ, որոնք միանշանակ կը նպաստեն մարդը ընելու աւելի մարդկային` ամրապնդելով անոր մէջ անձնապէս իր եւ շուրջ բոլորը գտնուող գոյերուն անչափելի արժէք ներկայացնելու գիտակցութիւնը: Այսպէս, կառուցողական նման գործունէութիւն մը որոշակի կը նպաստէ քրիստոնէական դաստիարակութեան, առօրեային մէջ հաւատքի կայացման` անտարակոյս բանալով հոգեւոր ձեւաւորման նոր ուղիներ:

Հայ եկեղեցին թուայնացուած ճարտարագիտութեան, հանրային հարթակներու ընձեռած այս հնարաւորութիւնները քիչ մը ուշացումով յայտնաբերեց, այնուամենայնիւ, յատկապէս վերջին տարիներուն, անիկա ներկայութիւն դարձաւ շարք մը համացանցային կայքերու, օրինակ` «Դիմատետր»-ի ու «Ինսթակրամ»-ի եւ նման թուային այլ հարթակներու վրայ: Գուցէ այստեղ Հայ եկեղեցիին անունով արտայայտուիլը այնքան ալ ճիշդ չէ, այլ խօսքը նոյն եկեղեցւոյ այն սպասաւորներուն` որոշ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, քահանաներու, թէկուզ սարկաւագներու մասին է, որոնք այսօրուան վիճակով դարձած են մէկական աղմկայարոյց «պլոկեր»-ներ: Ցաւալին այն է, որ անոնց առցանց ելոյթներէն շատերը ուղղակի անհամապատասխան են Ս. Աւետարանի ոգիին: Շնորհքի ընկալման, հաւատքի վկայութեան, Բանին կենաց քարոզութեան եւ քրիստոնէական հոգեւոր-բարոյական արժէքներ հաղորդելու փոխարէն` մեծ հիասթափութեամբ օրէ օր ականատես կը դառնանք աւելի ահագնացող եւ Հայ եկեղեցին անբարենպաստ կացութեան մէջ մղող երեւոյթի մը` անձնական ունայնութեան, ապակառուցողական հռետորաբանութեան, ապարդիւն բանավէճերու, ընդհուպ մինչեւ ազգային մակարդակի վրայ բաժանումներ ստեղծելու անարդարանալի ձգտումներու: Ամենեւին չեմ կարծեր, որ ծայրայեղ եւ ինքնակոչ նախանձայուզութիւնը, չըսելու համար` կրօնամոլական ծայրայեղականութիւնը, ո՛չ եկեղեցիին եւ ո՛չ իսկ իրենց անձին օրհնութիւն մը կրնայ բերել: Ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, որոշ եկեղեցականներ աւելի շատ «պլոկեր»-ներու վերածուած են, քան հաւատաւոր հոգեւոր հովիւներու` մեզի հաղորդելու համար կեանքի իմաստ, քրիստոնէական աշխարհահայեացքի նպատակ, տիրաւանդ պատգամներու հոգեպարար բովանդակութիւն, մանաւանդ` սէր, հանդուրժողութեան ոգի եւ խաղաղասիրութիւն, որ Լերան քարոզի ամենաէական առաքինութիւններէն մին կը կազմէ: Հանրային հարթակներու վրայ եւ համացանցային կայքերու մէջ «պլոկեր»-ական գործունէութիւն ծաւալելը յարիր չէ հոգեւորականի կոչումին, նաեւ դժուար թէ ան համատեղելի ըլլայ Քրիստոսի ուղերձին եւ մեր Մայր եւ սուրբ եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութեան հետ:

Սակայն Աւետարանը «ալկորիթմ» (հաշիւներու օրէնք) կամ նարսիսական անձնական ինքնանկար մը չէ, այլ` գերազանցապէս կոչում է: Քրիստոնէական հաւատքի կանչ մը, սրտի խորքէն բխող լուսաւորութիւն մը, ամբողջանուէր ծառայասիրութիւն մը եւ սրբութեան ձգտող ներքին մղում մըն է անիկա: Իսկ այս կոչումը հոգեւորականը կը ծառայեցնէ ոչ թէ ինքնագովումի, այլ` համակ նուիրումի, խաղաղութեան կենսագործման, համայնքաշինութեան առաքելութեան, սիրոյ, յոյսի եւ ճշմարտութեան քարոզութեան: Եկեղեցիին ձայնը բնաւ եւ երբեք իրաւունք չունի ըլլալու թուային աշխարհի աղմուկին մէջ ժխոր մը եւս, անդուրեկան արձագանգ մը, այլ կոչ` լռութեան, ինքնամփոփումի, խորհրդածութեան ու հաշտեցման:

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին կարիք չունի ազդեցիկ «պլոկեր»-ներու, այլ` ճշմարիտ հոգեւոր հովիւներու, նաեւ` Ս. Հոգիի առատաձիր շնորհներով առլցուն հովուուհիներու: Մարդիկ, որոնց համար իրենց կուրծքին կախած լանջախաչը ոսկեձոյլ եւ ադամանդակուռ զարդարանք մը չէ, այլ` հաւատքի պարտաւորեցնող ճշմարտութիւն եւ Յիսուսի հետեւելու ամբողջանուէր յանձնառութիւն: Եպիսկոպոսներու կրած պանակէներու, վարդապետներու եւ քահանաներու կուրծքերուն կախուած լանջախաչին արժէքը ոչ թէ շուկային ոսկիի օրուան սակին առաջարկած կամ անոնց վրայ գամուած ադամանդին, զմրուխտին ու գունագեղ յակինթներուն նիւթեղէն գնահատականն է, այլ` անոնց հոգեւոր իմաստը խորհրդանշող ընկալումը, որ մարմնաւորուած է Աստուածամօր բարեխօսութեան եւ Քրիստոսի խաչելութեան, մահուան ու հրաշափառ յարութեան հաւատքի գերազանց վկայութեան մէջ:

Համացանցային կայքերն ու ցանցերը իբրեւ միջոց կրնան ծառայել, սակայն բնաւ եւ երբեք անոնք չեն կրնար փոխարինել ճշմարիտ հոգեւորականի կենդանի ու կենարար կոչումը: Եթէ երբեք հայ եկեղեցականները հաւատարիմ մնան իրենց բուն իսկ կոչումին, այն հաւատքին, որ առաքելաշաւիղ աւանդութեան մը ընդմէջէն մարմնաւորած են հայոց հաւատքին լուսակարկառ ներկայացուցիչներն ու սուրբերը, հայրապետներն ու վարդապետները, սրբազան աւանդը Լուսաւորիչին, Արիստակէսին ու Վրթանէսին, Մեծն Ներսէսին, Սահակին ու Մեսրոպին, անոնց լուսապսակ աշակերտներուն` Թարգմանիչ վարդապետներուն, Յովհաննէս Իմաստասէր Օձնեցիին, Գրիգոր Նարեկացիին, Շնորհալիներուն եւ Տաթեւացիներուն, նաեւ միլիո՜ն ու միլիոն այն հաւատաւոր հայութեան, որ դաժան դարերու մղձաւանջին մէջ Քրիստոսի եւ իր սուրբ եկեղեցիին սիրոյն իր գետաբուխ եւ ծով արիւնը հեղեց` անխախտ մնալով քրիստոնէական հաւատքի ուղիղ վարդապետութեան մէջ, ապա վստահ պէտք է ըլլալ, որ «Դիմատետր»-ն ու այլ հարթակներ ստոյգ կը վերածուին լոյսի վայրերու` այսօրուան յաճախ թուայնացած գորշ աշխարհին մէջ:

Ժընեւ, 13 յունիս 2025

Նախորդը

Պատմական Թարգմանութիւնս

Յաջորդը

Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…

RelatedPosts

Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Աշխարհաքաղաքական Վտանգաւոր Զարգացումներու Առջեւ Կը Գտնուի Հայաստան

Յունիս 24, 2025
Նամականի
Անդրադարձ

Ռուսիոյ մասին Դ. Մաս – Իսրայէլի Յարձակումը Իրանի Դէմ, Հաւաքական Արեւմուտքին Պատերազմն է Ռուսիոյ, Եւրասիոյ եւ ՊՐԻՔՍ-ին Դէմ

Յունիս 24, 2025
Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…
Անդրադարձ

Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…

Յունիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?