Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաց Նամակ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ամէն Բանէ Վեր

Յունիս 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՐՏԳՏ. ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդ

2025 թուականի յունիս 20-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը այցելեց Պոլիս:

Պետական այցելութիւնները` իբրեւ արտաքին յարաբերութիւններու գործիք, կրնան օգտակար ըլլալ, երբ հիմնուած են պատմական իրողութիւններու ու ազգային արժանապատուութեան գիտակցութեան վրայ: Սակայն երբ այցելութիւնը կը կատարուի առանց նախապայմաններու, առանց պատմական արդարութեան պահանջի եւ առանց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու հատուցման օրակարգին ընդգրկման` այդ առաքելութիւնը կը վերածուի լուռ համաձայնութեան արհաւիրքի:

Հայաստանի վարչապետը այսօր կ՛ընթանայ քաղաքական ուղեգիծով մը, որ յաճախ կը խզէ կապը մեր պատմական յիշողութեան, ազգային պահանջատիրութեան եւ իրաւունքներուն, զոհուած սերունդներուն եւ հայոց պետականութենէն բխող արժէքներուն հետ: Այս քաղաքականութիւնը, որ կը խրախուսէ երկխօսութիւնը առանց ճշմարտութեան, լրջագոյն սպառնալիք կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի ինքնութեան, հետապնդած դատին, իրաւունքներուն, պահանջատիրութեան, ակնկալած արդարութեան ու հատուցման եւ ապագայի նկատմամբ վստահութեան:

Արցախի հարցին վերաբերող վարչապետի վերջին յայտարարութիւնը` ըստ որուն. «Մենք չկորսնցուցինք Արցախը, այլ գտանք Հայաստանի Հանրապետութիւնը», կը նսեմացնէ հայ ազգի հաւաքական պայքարը, անտեսման կը մատնէ մեր նահատակները եւ կը ջնջէ պատմական հայրենիքի ամբողջական պատկերացումը` սահմանափակելով զայն միայն ներկայ պետական սահմաններով:

Հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդներուս համար Հայոց ցեղասպանութիւնը քաղաքական գործարքներու առարկայ չէ երբե՛ք: Անիկա խորքային ոճիր մըն է, որ կը պահանջէ ճանաչում, դատապարտում եւ հատուցում` ոչ իբրեւ պատմութեան էջ, այլ իբրեւ արդարութեան պահանջ` ներկայի եւ ապագայի համար:

Յստակ է մեր կեցուածքը.

– Չկա՛յ որեւէ դրական յարաբերութիւն Թուրքիոյ հետ` առանց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման:

– Չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ վստահութիւն` առանց արդարութեան, ճշմարտութեան ու յարգանքի:

– Չի՛ կրնար տառապանքը վերագրուիլ «յարաբերութիւններու կարգաւորման» պատրանքին:

Հայաստանի վարչապետը, անոր պաշտօնակիցները եւ դեսպանները` պարտին յստակ ձեւով յայտարարել, որ հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը` ներառեալ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ արդար հատուցումը, անսակարկելի սկզբունքներ են: Մինչեւ այդ պահը` Հայաստան պետութեան կողմէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը մեկնաբանուի իբրեւ ոտնակոխում ազգային արժանապատուութեան, յաղթանակ մոռացութեան եւ պարտութիւն արդարութեան:

Ծանօթ.

  1. Մեր պատմական հողերը, բնակարանները, ազգապատկան եւ եկեղեցապատկան կալուածները կը շարունակեն մնալ բռնագրաւուած Թուրքիոյ կողմէ:
  2. Թուրքիան դերակատար եղաւ Արցախի հայաթափման եւ բռնագրաւման գործողութեան` համագործակցելով Ազրպէյճանի հետ:
Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Համալսարանը Կը Պատրաստէ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրերուն Թուրքիոյ Կողմէ Բռնագրաւուած Հայկական Ունեցուածքի Ցանկը

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը Իր 30-Ամեայ Գահակալութեամբ Վեհափառացաւ Եւ Վեհափառացուց

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?