ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայկական բանակը, որ կենաց մահու գօտեմարտեր կը մղէր, 1920 հոկտեմբերին համեմատական յաջողութիւններ արձանագրած էր: Թրքական ուժերու յարձակողականը զսպուած էր, իսկ Զանգեզուրի մէջ Գարեգին Նժդեհի մարտիկները կարմիր բանակը քշած էին Սիսիանի կողմերէն եւ ազատագրած էին Կապանը:
* * *
Հայկական բանակը 14 հոկտեմբեր 1920-ին հակայարձակման անցաւ Կարսի ուղղութեամբ:
Ռազմական ծրագիրին համաձայն հակայարձակումը պիտի կատարուէր երեք ուղղութիւններով: Աջ թեւը եւ կեդրոնի գունդը պիտի շեղէին թշնամիին ուշադրութիւնը, ձախ թեւը Հարամ-Վարդանի ամրութիւններուն ուղղութեամբ պիտի ճեղքէր թրքական պաշտպանութեան գիծը, ապա, յաջողութեան պարագային աջ թեւն ու կեդրոնի գունդը ետ պիտի շպրտէին թշնամին դէպի Սարըղամիշ:
Կեդրոնի գունդը առաջադրանք ստացած էր ճեղքել թշնամիին կեդրոնը Նովօ-Սելինի եւ Բեգլի-Ահմէտի ուղղութեամբ: Նոյն ժամանակ աջ թեւը պիտի մտնէր Արտահան, գրաւէր Տեմիրգաբուն եւ յառաջանար դէպի Մերդենեկ կամ թեքուէր դէպի Սարըղամիշ` վտանգելով թշնամիին թիկունքը: Այնուհետեւ ձախ թեւը յարձակողական շարժում ցոյց պիտի տար, բայց պաշտպանողական դիրքի մէջ պիտի մնար:
Հակայարձակման մասնակցող հայկական ուժերը կը հաշուէին 12 հազար զինուոր (14 գումարտակ), իսկ չորս հազար զինուոր ալ պիտի մնար պահեստի ուժերու կազմին մէջ:

Հայկական բանակի հրամանատարութիւնը գրեթէ համոզուած էր որ յարձակումը յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Հրամանատարութեան տուեալներով, թուրքերը այդ գիծին վրայ չորս հազար զինուոր եւ սպայ կեդրոնացուցած էին: Նախորդ գիշերը Կարսէն հասած զեկոյցը կը յայտնէր, որ թուրքերը ճակատին վրայ ինը գումարտակ կեդրոնացուցած են, ամէնէն շատը` չորս հազար զինուորներով:
Հետագային միայն պարզուեցաւ, որ թուրքերը անհամեմատ աւելի զօրք կեդրոնացուցած էին ճակատին վրայ:
Հայկական բանակին յարձակումը պիտի սկսէր կէս գիշերէն ետք, բայց սկսաւ առաւօտուն:
Յարձակումը զսպուեցաւ առաջին իսկ գրոհի ժամանակ: Աջ թեւին վրայ հայկական առաջին գունդը չդիմացաւ թուրքերու կատաղի դիմադրութեան եւ նահանջեց: Թուրքեր շարժեցան դէպի Հարամ-Վարդան: Կեդրոնական ուղղութեամբ յարձակումը յաջող ընթացաւ, սակայն աջ թեւին նահանջը շրջապատման վտանգ ստեղծեց:
Զօրավար Արտիոմ Յովսէփեան երկաթուղագիծին կառչած մնալով եւ անտեղեակ դրութեան, չկրցաւ ժամանակին հրամաններ տալ եւ նոր կարգադրութիւններ ընել, եւ միայն երեկոյեան հրաման արձակեց կեդրոնի գունդին նահանջել եւ բռնել Բեգլի – Ահմէտի բարձունքը: Աջ թեւը կորուստներ կրելով, հազիւ կրցաւ վերականգնել դրութիւնը եւ բռնեց հին դիրքերը:
Սմբատի կամաւորական գունդը Տեմիրգաբուի մարտերուն որոշ յաջողութիւն արձանագրեց, սակայն չստացաւ ձախ թեւի թնդանօթային աջակցութիւնը: Թուրքեր տեսնելով, որ հայկական հրետանին չաջակցիր հետեւակին, գրոհի անցան եւ ստիպեցին հայերուն նահանջել:
Մինչեւ երեկոյ տեւած հայկական բանակին յարձակումը ոչ մէկ ուղղութեամբ յաջողութիւն արձանագրեց:
Այդ օր բացասական եղաւ նաեւ բոլշեւիկներուն դերը: Հինգերորդ գունդի երկու վաշտ զինուորներ, իրենց մէջ գտնուող բոլշեւիկներու թելադրութեամբ, առանց հրամանատարութեան գիտութեան նահանջեցին: Միաժամանակ բոլշեւիկներ զինուորներուն մէջ լուրեր սկսան տարածել, ըսելով որ անհնար է առանձինն դիմադրել թրքական բանակին, եւ մեր ուժերը անբաւարար են:
* * *
«Ռազմիկ» թերթը 25 հոկտեմբեր 1920-ի թիւով կը գրէր.
«Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, մեր զօրքերը թուրքական գերազանց ուժերի ճնշման տակ, նորից վերադարձնել են իրենց սկզբնական տեղերը: Ասել է` հոկտեմբերի 14-ի մեր զօրքերի կողմից ձեռնարկուած առաջին յարձակումը` չի ունեցել ցանկալի յաջողութիւնը:
Թուրքական գլխաւոր ուժերը, ըստ տեղեկութիւնների, կենտրոնացած են գլխաւորապէս Կարսի ճակատում, սկսած Կաղզուանի խճուղուց մինչեւ Եասըգչի – Կայակորա-Խասբէկ գիւղերը, որոնք գտնւում են Հարամ-Վարդանից 15 վերստ արեւմուտք Զիարէթ բարձունքներից միւս երեսին, փռուած մօտաւորապէս 40 վերստ ձգուող ճակատի վրայ:
Այս ճակատի վրայ գործում են թուրքական երկու դիվիզիա փորձուած ասկեարներ, թուով շուրջ 6000 հոգի, թնդանօթներով ու գնդացիրներով: Ունեն նաեւ հեծելազօր: Թուրք հրամանատարութիւնը, արշաւանք սկսելով Կարս բերդաքաղաքի վրայ, անշուշտ, այս երեք շաբաթուայ ընթացքում հանգիստ չէր նստել, նա համապատասխան միջոցների պիտի դիմէր, որպէսզի զօրքերի քանակը կարողանար շատացնել»:
* * *
Զօրավար Նիկիֆոր Նեստերովսկիի հրամանատարութեան տակ, Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի մէջ կեդրոնացած կարմիր բանակը նպատակ ունէր ճնշելու հայերու դիմադրութիւնը:
Կարմիր բանակը հոկտեմբեր 15-ին քանի մը ուղղութիւններով յարձակման անցաւ եւ որոշ յաջողութիւններ արձանագրեց:
Գարեգին Նժդեհ հայկական մարտական ուժերուն հրամայեց դիմել «մուրճ եւ ոստայն» միջոցին: Այդ մարտավարութեամբ մարտական ուժերուն փոքր մասը պիտի տարածուէր ռազմաճակատի ոչ այնքան կարեւոր կէտերուն վրայ, իսկ հիմնական` հարուածային ուժերը պիտի կեդրոնանային իր` Նժդեհի հրամանատարութեան տակ: Թշնամիի յարձակման պարագային հիմնական ուժերը պիտի սպասէին, մինչեւ թշնամին յառաջանար` թուլցնելով իր կարեւոր յենարանները: Այնուհետեւ, թեւային կամ թիկունքային արագ շարժումով կենդանի մուրճը պիտի իջնէր թշնամիին նոյն կարեւոր կէտերուն վրայ:
* * *
Խոտանան գիւղը կը գտնուի համանուն գետի հովիտին մէջ, Բարգուշատի լեռներու հարաւային անտառապատ լանջին: ԺԹ. դարուն կազմաւորուած Վերին Խոհանան կը համապատասխանէ հին Խոտանանին, ուր կը գտնուի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Խոտանանցիք անուանի եղած են իբրեւ քաջ կռուողներ: Խոտանանցի էին ռազմական գործիչներ Պօղոս Տէր Դաւթեան եւ Հմայեակ Տէր Յակոբեան:
Խոտանանի մէջ կեդրոնացած հայկական մարտական ուժերը հոկտեմբեր 18-ին պայթուցիկներով խուճապ յառաջացուցին Ինջաբէյլիի ճակատին վրայ կեդրոնացած կարմիր բանակի շարքերուն մէջ: Նոյն պահուն թեւանցող խումբը Տափասարի կողմէն հարուածեց թշնամին, իսկ Տաթեւի կողմէն գրոհի անցան Պօղոս Տէր Դաւթեանի մարտիկները:
Երեկոյեան կարմիր բանակի զինուորներուն մէկ մասը անձնատուր եղաւ, իսկ միւսները խուճապահար փախուստի դիմեցին: 84-րդ ջոկատը գրեթէ ամբողջութեամբ ջախջախուեցաւ: Մեծ կորուստներ կրեց նաեւ տասնմէկերորդ բանակի 20-րդ բաժանմունքը:
* * *

Երեւանի մէջ, 20 հոկտեմբեր 1920-ի երեկոյեան, խորհրդարանի դահլիճին մէջ, սոցիալ դեմոկրատ բանուորական կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ Դաւիթ Անանուն եւ Աշոտ Մելիք Յովսէփեան դասախօսեցին «Ղարաբաղը վէճի առարկայ» նիւթին մասին:
Դաւիթ Անանուն, պարզելով Ղարաբաղը վէճի առարկայ դարձնողներուն իսկական նպատակը` ապացուցեց անոնց կողմէ հրապարակ նետուած պատճառաբանութեանց անհիմն ըլլալը:
Ան ըսաւ, որ Ղարաբաղ վէճի առարկայ դարձած է հայ բոլշեւիկներուն ձեռքով: Ղարաբաղի հետ նոյնիսկ ծագումով առնչութիւն չունեցող հայանուն բոլշեւիկներ Մոսկուայի մէջ անպատկառ սուտեր տարածած են` «թաթարները զէնք մատակարարած են հայերուն», «թաթարները տաճկական արշաւանքին դէմ եղած են», «Ղարաբաղի համագումարները գերադասած են միանալ Խորհրդային Ռուսիոյ եւ միայն յոռեգոյն պարագային Հայաստանի միանալու որոշում տուած են», «Ղարաբաղի մէջ սկսած շարժումը տեղի ունեցած է միայն բոլշեւիկներուն զէնքի յաջողութեան համար», եւ այսպիսի այլ անամօթ յերիւրանքներ:
Դաւիթ Անանուն շարունակեց ըսելով. «Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած պայքարը հին է ու երկարատեւ: Դարերու ընթացքին հայերու եւ աղուաններու, ապա հայերու եւ թաթարներու միջեւ տեղի ունեցող բախումներուն հետեւանքը եղած է այն, որ նուաճուած է միայն Ղարաբաղի տափարակը, իսկ լեռնային մասը պահպանած է իր գոյութիւնը` ինքնամփոփ տնտեսութեամբ: Այս երեւոյթը շարունակուեցաւ այն օրերուն, երբ ռուսերը տիրացան Ղարաբաղի. մէկ երկրամասի երկու կտորները` բարձունքն ու դաշտը մնացին անջատ»:
Դաւիթ Անանուն շեշտեց ըսելով, որ «տնտեսական կապը ցոյց տալու համար դաշտը գրաւած թաթարներուն միակ ու գլխաւոր պատճառաբանութիւնը արօտավայրերն են: Նախ` որքա՞ն ճամբայ պէտք է կտրեն քոչուոր թաթարները արօտավայրեր բարձրանալու համար. 200 – 250, մինչեւ 300 վերստ. միթէ ասիկա կը նշանակէ՞ տնտեսապէս կապուած ըլլալ որեւէ երկրամասի հետ»:
Իր խօսքը եզրափակելով Դաւիթ Անանուն ըսաւ, որ Ղարաբաղի հարցով ռուսական կառավարութեան քաղաքականութիւնը արհեստական բնոյթ ունի, եւ Ղարաբաղի միակ բնական կապը եղած է ու կը մնայ Հայաստանի հետ:
Աշոտ Մելիք Յովսէփեան ըսաւ, որ բոլշեւիկներ Ղարաբաղի հարցը կ՛օգտագործեն իրենց շահերուն համար, ոտքի տակ առնելով իրաւական ու բարոյական ամէն օրէնք:
Աշոտ Մելիք Յովսէփեան շարունակեց ըսելով, որ ազատատենչ ու հայրենաբաղձ Ղարաբաղը, որ պատմութեան ընթացքին անձնուիրութեան փայլուն օրինակներ տուած է, անգամ մը եւս ինքզինք զոհեց Հայաստանի համար. բռնադատուեցաւ իր կամքը, ականատես եղաւ իր ինչքերու թալանին, զսպեց իր ցասումը բռնութեանց հանդէպ:
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Ղարաբաղի ազատագրումը մեր գլխաւոր նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ: