Յօդուածներ

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

«Քաղաքականութիւն» Հասկացողութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) ԺԱ.

Քաղաքականութիւնը (յունարէն` πολιτικός, politicos բառէն «քաղաքացիներու, քաղաքացիներու համար կամ քաղաքացիներուն վերաբերող») գործընթաց է, երբ մարդոց խումբ մը միասնական որոշում կ՛ընդունի: Բառեզրը սովորաբար կը վերաբերի կառավարական կամ պետական գործերու վարման արուեստին կամ գիտութեան, ներառեալ` իրաւական կառավարութեան վարքագիծին. ան կը վերաբերի նաեւ հաստատութիւններուն, բնագաւառներուն եւ յատուկ հետաքրքրութիւններով խումբերուն, ինչպէս` միաւորումներ, ակադեմիաներ, կրօնական եւ հասարակութեան այլ հատուածներ: Ան բաղկացած է «հասարակական յարաբերութիւններէ, ներառեալ`...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Սադրիչ Անյայտը

Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դաւադիր մեղսակցութիւնը` Իսլամական պետութիւն կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութեան գործողութիւններուն, կրնայ չնկատուիլ միա՛յն քաղաքական այլ հաշիւներով այդ իշխանութեանց հետ համագործակցելու տրամադրութիւն ունեցողներուն կողմէ:  Մեր աշխատակիցները բազմիցս ակնարկած են այդ ոճրային գործակցութեան, որուն վերջին ապացոյցը աշխարհին առջեւ պարզուեցաւ` ռուսական ռազմական օդանաւին կործանումով: Դէպքէն առաջ գրուած Նազարէթ Պէրպէրեանի յօդուածը այսօր ստացած է առաւե՛լ այժմէականութիւն: «ԱՍՊԱՐԷԶ» Իսլամական պետութիւն կոչուած ծայրայեղ արմատականներու նոյեմբեր 13-ի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Սիմոն Զաւարեանի 150-Ամեակի Նշում Երեւանի Մէջ Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն մէկուն` հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Սիմոն Զաւարեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընթացքին ներկայացուած է գործիչի ուղին` կեանքն ու գործունէութիւնը: Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Խուդինեանի համաձայն, Սիմոն Զաւարեան եղած է այն գործիչներէն, որոնք քաղաքականութեան մէջ երբեք չշեղեցան հայուն բնորոշ ազգային...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի Սպանութիւնը Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Մուտքը Պէյրութ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի Սպանութիւնը Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Մուտքը Պէյրութ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ 14 սեպտեմբեր 1982-ի յետմիջօրէին, Էշրեֆիէի փաղանգաւորներու կեդրոնին առջեւ Իսրայէլեան բանակին Պէյրութի դուռերուն հասնելէն ետք, 1982-ի սեպտեմբերի սկիզբը, պաղեստինեան եւ սուրիական վերջին զօրաբաժինները հեռացան Պէյրութէն, անցքերը վերաբացուեցան եւ բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերու արեւմտեան շրջաններ մուտքով ապահովութեան ծրագիրի գործադրութիւնը սկսաւ: Իսրայէլ «Գալիլիոյ համար խաղաղութիւն» գործողութիւնը աւարտած կը նկատէր եւ սկսած էր ճնշում բանեցնել ընտրեալ նախագահ շէյխ...

Անդրադարձ.  Մեծ Կաշառքը

Անդրադարձ. Մեծ Կաշառքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Կիրակի, 29 նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն վեհաժողով մը, որուն գլխաւոր նպատակը ներգաղթեալներու դէպի Եւրոպա հոսքին լուծում մը գտնելն էր: Վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն յատկացուց 3 միլիառ եւրօ եւ համաձայն գտնուեցաւ հոկտեմբեր 2016-ին Թուրքիոյ քաղաքացիներուն արտօնել առանց այցեգիրի մուտք գործել Շենկենի շրջան: Աւելի՛ն, որոշուեցաւ արագացնել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը եւ երկու...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայ ժողովուրդի անհուն տառապանքէն ու ծով ցաւերէն, իբրեւ արտայայտիչը անոր ազատ ու անկախ ապրելու կամքին: Դարձակէտ մը կազմեց անոր ծնունդը իննսունական թուականներու վերջին տասնամեակին, երբ ահաւոր երկունքի մէջ էր հայաշխարհը,- մեր արցունքի հովիտը: Դարաւոր բռնակալութեան դէմ ընդվզում մըն էր անոր երեւումը դարաւոր ու փառաւոր պատմութեան դափնիներով պսակուած ազգի մը ընտրանիին կողմէ: Տարերային պոռթկում մը` ստրկութեան անարգ շղթաները...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

«Ապակեդրոնացում» Հասկացողութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) Ժ.

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Ապակեդրոնացում գործօնը այն կառուցուածքն է, որ իւրաքանչիւր շրջանի ինքնաղեկավարման մարմիններուն ազատութիւն կու տայ իրենց շրջանի հետ կապուած բոլոր հարցերու վերաբերեալ որոշումներ արձակելու եւ գործադրելու, առանց դիմելու կեդրոնական մարմին: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ հիմնուած է 1890-ի օգոստոսին, Թիֆլիսի մէջ: Կազմուած է իբրեւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն` նպատակ ունենալով համախմբել Արեւմտահայաստանի ազգային-ազատագրական պայքարին լծուած յեղափոխական բոլոր կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները: Հայ յեղափոխականների...

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Ոգեկոչումներուն Փակման Համանուագ` Նուիրուած Մեծ Մարդասէր Դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընին.  «Մնաք Բարով` Մարիա»

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Ոգեկոչումներուն Փակման Համանուագ` Նուիրուած Մեծ Մարդասէր Դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընին. «Մնաք Բարով` Մարիա»

ՍԵԴԱ ԽՏԸՇԵԱՆ Ատենապետ` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի Սովորական դասական երաժշտական ունկնդրութեան մը չէ, որուն ներկայ  գտնուեցանք 19 նոյեմբեր 2015-ին «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի շքեղ սրահին մէջ,  եւ ոչ ալ` տաղանդաւոր երաժիշտ-խմբավարի մը կախարդական ճպոտի շարժումներով ստեղծուած համանուագ մը ըմբոշխնելու լոկ առիթ:  Այս բոլորը  եւ առաւել այս երեկոն կը զանազանուէր  Հայոց ցեղասպանութեան առիթով կազմակերպուած բոլոր նախաձեռնութիւններէն իր իւրայատկութեամբ, նշանակութեամբ,  նպատակով...

Հալէպը Կրկին Աղէտ Ապրեցաւ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – (Նոյեմբեր Գ.). Բացայայտելով Թուրքիոյ Կործանարար Դերը

Սուրիոյ տագնապի սրման տարիներուն ՏԱՀԵՇ-ի ընդլայնման մասին բազմիցս հնչեցին նախազգուշական արտայայտութիւններ: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ յատկապէս Թուրքիոյ վարչակարգին լռելեայն գործակցութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի հետ: Նոյնիսկ թրքական լրատուամիջոցներ փաստերով ներկայացուցին Թուրքիոյ ճամբով ՏԱՀԵՇ-ի սուրիական քարիւղի ապօրինի վաճառքին մասին, ապա նաեւ թրքական իշխանութիւններուն նշեալ արմատական ծայրայեղականներուն զէնք հայթայթելու, անոնց վիրաւորները թրքական հիւանդանոցներու մէջ բուժելու մասին հիմնաւորեալ տեղեկութիւններ փոխանցեցին: Իրադարձութիւններուն հետեւողը պիտի պարզէ, թէ ահաբեկչութեան դէմ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Բացումը Կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռնարկած Հայագիտական Դասընթացքին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Բացումը Կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռնարկած Հայագիտական Դասընթացքին

20 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին կողմէ ձեռնարկուած հայագիտական դասընթացքին: Վեհափառ հայրապետը բաժանմունքի գործավար Ժիրայր Դանիէլեանի, դասաւանդողներու եւ միաբան հայրերու ներկայութեան հանդիպում ունեցաւ դասընթացքին արձանագրուած երեսունէ աւելի ուսանողներուն հետ: Նորին սրբութիւնը յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար կարեւոր բնագաւառ է արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը եւ այս առնչութեամբ տարբեր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի  Ընդհանուր Քարտուղարը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը

Ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա., իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխը: Ընդհանուր քարտուղարը վեհափառ հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց, 3-4 նոյեմբեր 2015-ին Գահիրէի մէջ, իբրեւ խորհուրդին նախագահ, գործադիր վարչութեան ժողովին մասնակցութեան համար: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, թէ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած այս տագնապին մէջ ՄԱԵԽ-ը կարեւոր դերակատարութիւն ունի, եւ վստահեցուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչներուն Միջ-Եկեղեցական Ժողովներուն Մասնակցութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչներուն Միջ-Եկեղեցական Ժողովներուն Մասնակցութիւնը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողով 12-19 նոյեմբեր 2015-ին Ժընեւի մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կիպրոսի Հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Ի պաշտօնէ, ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Վիգէն արք. Այքազեան (Ս. Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւն): Ժողովականներ լսեցին եւ քննարկեցին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետին պատգամն ու ընդհանուր քարտուղարին զեկոյցը: Ապա առիթ...

Կարօ Փայլան. «Հարցը Միայն Ցեղասպանութեան Ճանաչումով Չի Վերջանար. Անկէ Ետք Հողերու Վերադարձի Հարցը Կայ»

Կարօ Փայլան. «Հարցը Միայն Ցեղասպանութեան Ճանաչումով Չի Վերջանար. Անկէ Ետք Հողերու Վերադարձի Հարցը Կայ»

Ինչպէս հաղորդուած էր մամուլի էջերուն, վերջերս «Մերձաւոր Արեւելքի տագնապը, քիւրտերը եւ Իսլամական պետութեան դէմ պայքարը» թեմայով Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովին կը մասնակցէր նաեւ թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ կը ներկայացնէր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդվարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահետտին Տեմիրթաշը: Այս պատեհ առիթէն օգտուելով` «Նոր Յառաջ» Թուրքիոյ հայ երեսփոխանին հետ կատարած է հետեւեալ հարցազրոյցը.- ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ կը մտածէք Թուրքիոյ`...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Էրզրումէն Այլեւս Ձայն Չի Հնչեր…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Շատ զարմացայ, երբ ձեռք առի Բարձր Հայքի հայր. միութեան Լիոնի մասնաճիւղին ծրագիր-կանոնագիրը պարունակող պրակը, որ տպուած է 1931-ին: Չէի գիտէր, թէ այս հնաւանդ անունով մկրտուած հայրենակցական միութիւն մը գոյութիւն ունեցեր է տասնամեակներ առաջ: Փաստն այն է, որ նմանապէս հին պատմական անուանումներ կրող Վասպուրականի կամ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւններուն քովն ի վեր` կայ եղեր Բարձր Հայքի միութիւնն ալ... Բայց այսօր...

Ո՞վ Պիտի Ողբայ 70-է Աւելի Հալէպահայերուն Համար

Ո՞վ Պիտի Ողբայ 70-է Աւելի Հալէպահայերուն Համար

«Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութեան լրատուական-քաղաքական ծրագիրներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան կը գրէ. Նախօրէին Ֆրանսայի դրօշի գոյներով ծածկուեցաւ նաեւ Մատենադարանը, իսկ քիչ աւելի հեռու` Ֆրանսական անունը կրող հրապարակին մէջ, վառեցան հազարաւոր մոմեր: Շաբաթ երեկոյեան հաւաքուած էին հարիւրաւոր մարդիկ` յարգանքի տուրք մատուցելու ահաբեկչութիւններու զոհերու յիշատակին: Նոյնիսկ հնչեց Ֆրանսայի օրհներգ «Մարսեյեզ»-ը` կենդանի կատարումով: Սգոյ հաւաքին միացած էր նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ահաբեկչական գործողութիւններէն ժամեր անց,...

Ինչո՞ւ Կիւլենը Էրտողանին Նզովելու Ընթացքին Յիշեց Հայոց Բագրատունիները

Ինչո՞ւ Կիւլենը Էրտողանին Նզովելու Ընթացքին Յիշեց Հայոց Բագրատունիները

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ոխերիմ թշնամի Ֆեթհուլլահ Կիւլենը Էրտողանը նզովելու ընթացքին նաեւ կ՛անիծէ «Բագրատունի ահաբեկչական» խմբաւորումը: Բագրատունի անունը թրքական մամուլին մէջ մեծ արձագանգ գտած է: Այս հարցի շուրջ «Նիուզ ամ.» կայքէջին մեկնաբանութիւն կատարած է թրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեանը: Ֆեթհուլլահ Կիւլենը նզովքով արձագանգեց օրեր առաջ Էրտողանի հրահանգով Ֆեթհուլլահ Կիւլենի եւ անոր շարժման հետեւորդները ահաբեկիչ յայտարարելուն: Կիւլեն իր նզովքին մէջ ըսաւ. «Թող...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Ինծի կը թուի, թէ հայ ժողովուրդը, իր մէկ մեծ մասով կը վստահի Դաշնակցութեան, որովհետեւ` Ան ձեւակերպողն է մեր ազգային ձգտումներն ու ազգային երազը` «Միացեալ, անկախ Հայաստան» նշանաբանով: Հաւատարիմ պահակն եղած է մեր ֆիզիքականին ու ազգային մշակոյթին: Իր ուժերու առաւելագոյնով պաշտպանած է հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը` ներքին թէ արտաքին թշնամիներու դէմ, ամէն տեսակ դաւադրութեանց չէզոքացման համար` առանց սակարկելու իր արիւնն իսկ:...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

«Անկախութիւն» Հասկացողութեան. Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) Թ.

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Անկախ բառը բառարանային իմաստով բոլորիս ծանօթ է, որ կը նշանակէ ինքնօրէն, ինքնագլուխ, ինքնակամ, ինքնիշխան, ինքնավար, ինքնուրոյն, ազատ, անկաշկանդ: Իսկ քաղաքական բացատրութիւնը` ինքնուրոյն, ուրիշ պետութենէ կախում չունեցող: Արդարեւ, անկախութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան մէկ մասնիկն է, որ ամբողջութիւն մըն է: Անկախութիւնը էական է: Անկախութեան ինքնութեան բնորոշումը բազմակողմանի է: Անկախութիւնը ամբողջականութիւն է, երբ կը յարգուին մարդկային եւ կրօնական իրաւունքները, երբ կարելի կ’ըլլայ...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Ռուս-Թուրքական Առճակատումը Եւ Հայաստանը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Նոյեմբերի 24-ին Քեսապի երկնքում` Սիրիա - Թուրքիա սահմանին, թուրքական ռազմաօդային ուժերը խոցեցին Սիրիայում ռուսական տորմիղի մէջ մտնող Սու-24 ռմբակոծիչը: Թուրքական կողմը պնդեց, որ ռուսական ռմբակոծիչը խախտել էր իր օդային տարածքը, մինչդեռ Ռուսաստանը համոզուած է, որ Սու-24-ը  եղել է բացառապէս Սիրիայի տարածքում: Միջազգային հանրութիւնը` Թուրքիայի դաշնակիցներն առաջին հերթին, փորձեցին աւելի հաւասարակշիռ կեցուածք որդեգրել` կողմերին յորդորելով յաղթահարել դէպքի պատճառով առաջացած...

ՀՅԴ Բիւրոյի Քաղաքական Ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի Հարցազրոյցը «Առաւօտ» Օրաթերթին

ՀՅԴ Բիւրոյի Քաղաքական Ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի Հարցազրոյցը «Առաւօտ» Օրաթերթին

ՆԵԼԼԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Սահմանադրական բարեփոխումներու քարոզարշաւի ծիրին մէջ ՀՅԴ-ն արդէն իսկ հանդիպումներ կ՛ունենայ տարբեր շրջաններու բնակիչներուն հետ` զանոնք իրազեկ դարձնելով այս բարեփոխումներուն մասին: Այս առիթով «Առաւօտ» օրաթերթը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի հետ: «ԱՌԱՒՕՏ».- Արդէն մի քանի օր է` ՀՅԴ-ն «Այո»-ի քարոզարշաւ է իրականացնում: Նախնական ի՞նչ տպաւորութիւններ ունէք, մարդիկ որքանո՞վ են հետաքրքրուած սահմանադրական բարեփոխումներով: ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ.-...

Page 987 of 1110 1 … 986 987 988 … 1,110

Արխիւներ