ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Ապակեդրոնացում գործօնը այն կառուցուածքն է, որ իւրաքանչիւր շրջանի ինքնաղեկավարման մարմիններուն ազատութիւն կու տայ իրենց շրջանի հետ կապուած բոլոր հարցերու վերաբերեալ որոշումներ արձակելու եւ գործադրելու, առանց դիմելու կեդրոնական մարմին:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ հիմնուած է 1890-ի օգոստոսին, Թիֆլիսի մէջ: Կազմուած է իբրեւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն` նպատակ ունենալով համախմբել Արեւմտահայաստանի ազգային-ազատագրական պայքարին լծուած յեղափոխական բոլոր կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները:
Հայ յեղափոխականների նորակազմ դաշնակցութիւնը մինչեւ 1892-ի առաջին ընդհանուր ժողովը, ունեցաւ իր կեդրոնական վարչութիւնը կամ Կենտրոնը: Տակաւին կեդրոնաձիգ էր դրութիւնը: Սակայն կեանքի բնական պայմանները մօտ ատենէն պիտի պարտադրէին ապակեդրոնացեալ դրութիւնը:
1892-ին Յոնան Դաւթեան (Յովնան Դաւթեան, 1865-1918) ինքն է, որ կ՛ըլլայ Դաշնակցութեան Ընդհ. ժողովի գումարման նախաձեռնողներէն մէկը. 1892-ին ապրիլին, անոր եւ Տիգրան Օքոնեանի խմբագրութեամբ, հրաւէր կ՛ուղղուի «հայ յեղափոխականներին», որով «շեշտւում է Ընդհ. ժողովի անհրաժեշտութիւնը եւ պարզաբանւում են օրակարգի հիմնական հարցերը.
1- Յեղափոխութեան նպատակը,
2- Կազմակերպութիւնը,
3- Միջոց-տակտիկան»:
Ընդհ. ժողովին մէջ, 1892-ին ամառը, Յոնանը առանձին ուժով կը պաշտպանէ կուսակցութեան-կազմակերպութեան ապակեդրոնացեալ դրութիւնը:
Ապակեդրոնացման, ինչպէս եւ ընկերվարութեան հարցը, Յոնանը եւ Զաւարեանը համախորհուրդ էին եւ բուռն կերպով պաշտպանեցին իրենց տեսակէտները ժողովին մէջ:
Արդարեւ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կազմակերպական ապակեդրոնացումի հիման վրայ կը վերածուի գաղափարական ու բարոյական միաձոյլ նկարագրով կուսակցութեան:
1898-ին Դաշնակցութիւնը ունի արդէն կազմակերպական տարածուն ցանց: Այս երկրորդ ընդհանուր ժողովն է, որ պիտի վերջնականապէս ճշդէ կազմակերպական միաւորներու իրաւունքները, պիտի յստակացնէ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը` մարմիններու փոխադարձ իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, կանոնագրային յստակ տրամադրութիւններով: Կրկին անգամ կը յստականան ծրագրային-բարոյական-կեդրոնացում եւ կազմակերպական ապակեդրոնացում տարազները: Կազմակերպական ապակեդրոնացումը կը մնայ հիմնական դրութիւն:
ՀՅԴ Ժ. Ընդհանուր ժողովէն բխող կազմակերպական կանոնները փաստօրէն հիմնաքարը կը կազմեն Դաշնակցութեան վերջին յիսուն տարիներու կառոյցին եւ կանոնագրային ըմբռնումներուն. տարբեր երկիրներու մէջ ապակեդրոնացման հիման վրայ գործող կեդրոնական եւ մեկուսի կոմիտէներ, իրենց ներքին ենթակառոյցով` խումբեր, ենթակոմիտէներ եւ կոմիտէներ, այդ բոլորը շաղկապուած կեդրոնական գործադիր մարմինով` ՀՅԴ Բիւրոն: Յաջորդող ընդհանուր ժողովները միայն մասնակի փոփոխութիւններ է, որ կը բերեն 1925-ի կանոնագրին վրայ:
Դաշնակցութեան Ա. Ընդհանուր ժողովին կազմակերպական կառոյցի տեսակէտէն հմնական է հոս ապակեդրոնացեալ դրութեան որդեգրումը, ինչպէս նշեցինք վերը: Ահա թէ ի՛նչ կ՛ըսէր Զաւարեան. «Պէտք է լայն իրաւունքներ տալ տեղական մարմիններուն, դաշնակցական կոմիտէներուն, այդպէս միայն կազմակերպութիւնը կարող է աճիլ եւ բարգաւաճիլ»: Թող Ընդհանուր ժողովը որոշէ սկզբունքներն ու տակտիկը, բայց թող իւրաքանչիւր վայրի ընտրեալ մարմինը ինքը վարէ իր տեղական գործերը, ինքը նախաձեռնէ եւ կատարէ` ղեկավարուելով նոյն ընդհանուր սկզբունքներէն»:
Ապակեդրոնացման սկզբունքը տեղ կը գտնէ ՀՅ Դաշնակցութեան անդրանիկ ծրագրին մէջ, կը դառնայ հիմնական կազմակերպական դրութիւն:
Իւրաքանչիւր շրջան կ՛ունենայ իր կեդրոնական կոմիտէն, եւ «իւրաքանչիւր անդամ կ՛ենթարկուի այն կոմիտէին, որուն մէջ կը գտնուի®»:
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ Բաբգէն Սիւնի (Պետրոս Փարեան) ապակեդրոնացումը բացառիկ բանաձեւումով մը կը բնութագրէ. «Դաշնակցութեան հիմնական պայմանը ապակեդրոնացման դրութիւնն է. ամէն կոմիտէ ազատ է իր տեղին մէջ բոլորովին անկախ գործելու, նա իր առանձին անունն ու ներգին ծրագիրը կրնայ ունենալ, բայց կը գործէ յանուն Դաշնակցութեան, եւ երբ դաշնակցական անհատ մը որեւէ կոմիտէի իրաւասութեան տակ գտնուող տեղ մը երթայ, կ’ենթարկուի այդ կոմիտէին ու կը գործէ անոր հրահանգներուն համեմատ: Կոմիտէն հաւաքական մարմին մըն է, որ կը ներկայացնէ իր շրջանի ամբողջ ընկերական կազմակերպութիւնը ու հաւաքական կարծիքը, որը բարձր է ամէն անհատականութենէ, եւ ամէն գործող պարտական է այդ ընդհանուր ձայնին ենթարկուիլ. դաշնակցականներս աշխատած ենք ժողովուրդին մէջ այսպիսի գիտակցական վերաբերութիւն ստեղծել դէպի գործը»:
Մտաւորական, ազգային գործիչ վաստակաշատ դաշնակցական Յարութիւն Քիւրքճեան, ապակեդրոնացումի մասին այսպէս կ’անդրադառնայ. «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան երկայնքին` էական, ինքնածի՛ն դրուածքով մը,- հոս կը բաւէ նշել անոր վերջին դրուածքը` 18-րդ Ընդհ. ժողովէն (1963) ասդին, վերջ տուող` կազմակերպական դանդաղումի եւ ոչ հարցադրման բաւական երկարատեւ փուլի մը, անոր սփիւռքեան տեղայնացումի հակումներուն հակադրելով ապակեդրոնացման դաշնակցական պատկերացումը – յեղափոխական նախաձեռնութիւն ու միանգամայն գաղափարա-բարոյական յանձնառութիւն` հանդէպ Դաշնակցութեան հիմնական աւանդը կազմող անփոփոխելիին: Աւելի կուռ, թէեւ սքեմայական (ու դարձեա՛լ աւանդական®) տարազով` կազմակերպական ապակեդրոնացում` գաղափարա-բարոյական կեդրոնացման մէջ»:
Իսկ Դաշնակցութեան անվեհեր դրօշակիր եւ ՀՅԴ-ի պատմագրող Նազարէթ Պէրպէրեան ապակեդրոնացումի մասին բացառիկ բանաձեւումով մը կը բնութագրէ, երբ կը գրէ. «Դաշնակցութիւնը կերտեց հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժը` ապակեդրոն կազմակերպութեան մը մէջ միաձուլելով ազգային ազատագրական պայքարին հաւատացող հայութեան բոլոր խաւերը` առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան: Դաշնակցութեան ապակեդրոն կազմակերպական կառոյցը օգնեց, որ Դաշնակցութիւնը կարենայ միշտ ալ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին նուիրուելու պատրաստ նորահաս սերունդները համախմբել միեւնոյն պայքարի դրօշին տակ, ապակեդրոնացումը վերածելով կամաւոր կարգապահութեան վրայ խարսխուած երկաթեայ կազմակերպութեան մղիչ ուժի»:
Հուսկ, վերը նշուած ՀՅԴ-ի եւ ՀՅ Դաշնակցականներու խորհուրդներն ու պատգամները ՀՅԴ ապակեդրոնացումի մասին կը հաստատէ, որ ՀՅԴ կազմակերպութեան ուժին աղբիւրը 125 տարի շարունակ հանդիսացած ապակեդրոնացումը:
(Շար. 10)