ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Անկախ բառը բառարանային իմաստով բոլորիս ծանօթ է, որ կը նշանակէ ինքնօրէն, ինքնագլուխ, ինքնակամ, ինքնիշխան, ինքնավար, ինքնուրոյն, ազատ, անկաշկանդ: Իսկ քաղաքական բացատրութիւնը` ինքնուրոյն, ուրիշ պետութենէ կախում չունեցող:
Արդարեւ, անկախութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան մէկ մասնիկն է, որ ամբողջութիւն մըն է:
Անկախութիւնը էական է: Անկախութեան ինքնութեան բնորոշումը բազմակողմանի է:
Անկախութիւնը ամբողջականութիւն է, երբ կը յարգուին մարդկային եւ կրօնական իրաւունքները, երբ կարելի կ’ըլլայ պահել ազգային լեզուն եւ մշակոյթը, ազգի ինքնութիւնը:
Իրաւ անկախութիւնը կարելի կը դառնայ հաւասարութեան, արդարութեան, հաւասարակշռուած բարգաւաճման եւ ժողովրդավարութեան հիմունքներուն յարգումով, երբ քաղաքացին կը ձգտի ապրիլ իր հայրենիքին մէջ` իբրեւ յարգուած ու լիիրաւ, հաւասար պատեհութեանց արժանի քաղաքացի, որ կը ձգտի իր զաւակը պահել հայրենիքի մէջ ու անոր ապագան կապել հայրենիքի ապագային:
Անկախութիւնը պահելու համար անհրաժեշտ է, որ ազգային գաղափարախօսութեան բաղկացուցիչները կենսունակ ըլլան: Եթէ անոնց կենսունակութիւնը չքանայ, անկախութիւնը կը դառնայ ձեւական, կը վերաբերի հողամասի մը, ուր մարդիկ կ’ապրին, կ’արտադրեն եւ կը սպառեն:
«Ծրագիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»-ի սկիզբը կը հանդիպինք ՀՅԴ գաղափարախօսութեան` անկախ պետականութիւն ունենալու իրողութիւնը հետեւեալ բացատրութեամբ կը կարդանք. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարը հիմնաւորում է իր գաղափարաբանութեամբ: Նա առաջադրում է անհատի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկախ պետականութեան, ընկերութեան, համերաշխութեան եւ բարօրութեան ճանապարհով ապահովել հայ մարդու եւ հայ ազգի անկաշկանդ, բազմակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացումը»:
«ՀՅԴ գաղափարաբանութեան հիմքը» բաժնի մէջ ազատութեան մասին նշուած է. «Իր հայրենի տարածքի վրայ իւրաքանչիւր ազգի գոյատեւման երաշխիքը անկախ եւ իրաւական պետականութիւնն է: Այն մարմնաւորում է ազգի քաղաքական կամքը, պաշտպան նրա շահերը եւ ապահովում նրա անվտանգութիւնն ու ինքնուրոյն զարգացումը: Անկախ պետականութիւնը նաեւ ընկերութեան բնականոն առաջընթացի նախապայմանն է: Քաղաքական որեւէ վարչակարգի եւ իշխանութեան պարտադրումը ազգերի ինքնորոշման սկզբունքի կոպիտ խախտում է, բռնատիրութիւն է եւ ըստ ամենայնի` մերժելի: Ինքնորոշման իրաւունքը անժամանցելի է եւ զօրեղ կը լինի նոյնիսկ, երբ բռնագաղթով կամ ցեղասպանութեամբ ազգը դուրս է մղւում իր հայրենիքից»:
Միւս կողմէ, «Պատմական հիմնաւորում» գլխուն տակ կը շարունակենք կարդալ. «Հայ ժողովրդի պատմութիւնը յատկանշւում է իր ազգային պետականութեան պահպանման կամ նրա անկախութեան վերականգման համար տեւական պայքարով»: Ապա կ’աւելցուի, որ «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որը Հայաստանի անկախ հանրապետութեան կերտման հիմնական դերակատարը եղաւ, պատմական փորձից եւ առկայ իրավիճակից ելնելով, որդեգրեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման նպատակը»:
Շարունակելով «Ծրագիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»-ի մէջ տեղ գտած «Նպատակ»-ի «ՀՅ Դաշնակցութիւնը նպատակադրում է» բաժնին մէջ կը հիմնաւորուի «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտում: Միացեալ Հայաստանի սահմանների մէջ պիտի մտնեն Սեւրի դաշնագրով նախատեսուած հայկական հողերը, ինչպէս նաեւ` Արցախի, Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի երկրամասերը»:
1918 մայիս 28-ին տեղի ունեցած Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի արիւնահեղ դիւցազնամարտերը յանգեցան մայիս 28-ի պատմական, անմոռանալի անցքին` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան:
Առաջին հերթին, անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ 28 մայիսի աքթը հայ ժողովուրդի գոյութեան ազատ ու անկաշկանդ ապրելու ապառաժեայ կամքի արտայայտութիւնն է անկասկած:
Առաջին հանրապետութեան անկումէն ետք անկախութեան գաղափարը պահպանուեցաւ ո՛չ միայն սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ` Խորհրդային Հայաստանի մէջ:
Հայոց անկախութեան գաղափարի նորագոյն հոլովոյթը 1991-ի սեպտեմբերեան իրադարձութիւններու նախերգանքն ու գաղափարական նախապատրաստութիւնն էր:
Արդարեւ, խօսիլ անկախութեան մասին առանց անդրադառնալու ողջ Հայաստանի ու անոր անբաժան մաս կազմող Արցախի, Ջաւախքի ու ապահայացած Նախիջեւանի դիմագրաւած վտանգներուն մասին` պիտի նշանակէր հարուածել հայ ժողովուրդի շահած փորձառութիւնն ու իմաստութիւնը, հետեւաբար` արգելակել մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու անկախութեան ամրակայման սրբազան պատերազմը:
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ Գէորգ Չաւուշ (Գէորգ Արամեան) անկախութեան համար պիտի զոհէր իր ամէնէն թանկը, երբ պիտի ըսէր. «Թող մարին աչքերս, միայն թէ, թող ծագի Հայաստանի անկախութեան արեւը»:
Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մեծանուն կերտիչներէն Սիմոն Վրացեան (Գրուզինեան) բացառիկ բանաձեւումով մը կը բնութագրէ Հայաստանի անկախութիւնը. «Վարչաձեւերը ժամանակաւոր երեւոյթներ են: Ժամանակաւոր են եւ վարիչները: Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները, հայրենի հողի վրայ նստած ժողովուրդները: Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխելով` կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը:
«Ժամանակները յղի են դէպքերով: Պատմութիւնը վերջացած չէ: Մենք հաւատում ենք, որ Հայաստանը նորից կը լինի ազատ եւ անկախ, աւելի լայն ազգային սահմաններով: Ընդունակ` տեղ տալու իր ծոցում ի սփիւռս աշխարհի հողմացրիւ եղած զաւակներին:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է ապրել հայ ժողովուրդի սրտում, որպէս մշտավառ յուշ` անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյս` ապագայի»:
Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի եւ ազգային-հասարակական ու պետական-քաղաքական ղեկավար գործիչ Լեւոն Շանթ (Լեւոն Սեղբոսեան) անկախ գաղափարին եւ իրավիճակին հասնելու իրողութիւնը կ’ընդգծէ հետեւեալ տողերուն մէջ. «Ինչի՞ է նման ամէն արժանիքէ զուրկ ու ստորին ազգային գոյութիւն մը: Արդի ու անցեալ մեր ամբողջ հալածանքը, մեր ամբողջ տառապանքը, մեր մարդկային արժանապատուութեան այս ամբողջ լեղին եթէ մենք կը խմենք, կը խմենք միայն մէ՛կ նպատակով, որ դիմադրենք, մաքառինք, յանձն առնենք ամէն ինչ, մինչեւ որ հայութիւնը տիրանայ իր բոլոր իրաւունքներուն, իր ամբողջական եւ անկախ հայրենիքին»: Շանթ այլ առիթով մը անկախութեան մասին կ’աւելցնէ. «Եւ միայն անկախ պետականութեան ամրապնդումն է այդ խնդիրների լուծման բանալին: Անկախութեան գաղափարը հարստանում ու լրացւում է ազատութեան ու արդարութեան սկզբունքներով: Կերտել անկախ պետութիւն անհնար է առանց այդ պետութեան մէջ արդար հասարակութիւն կառուցելու, առանց ազատութիւն ապահովելու»:
Զինուորական-կազմակերպական մեծ տաղանդ ու հայ ժողովուրդի պանծալի հերոս Գարեգին Նժդեհը (Գարեգին Տէր Յարութիւնեան) համոզուած էր, որ` «Մարդն արժանի չէ իր հայրենիքին, եթէ ան չի ընդունում որպէս նպատակ, իսկ իր անձը` իբրեւ միջոց: Նոյն տրամաբանութիւնը կիրառելի է նաեւ անկախութեան, անկախ պետականութեան դէպքում: Անկախութեան պէտք է ձգտել, այն պէտք է նուաճել, յանուն անկախութեան պէտք է պայքարել: Անկախութեանը պէտք է արժանի լինել»:
Նժդեհ, անկախութեան մասին կը գրէ` աւելցնելով, որ` «Անկախութեան արժանի է այն ազգը` որպէս հաւաքականութիւն, եւ այն մարդը` որպէս անհատ, ով ոչ միայն ուզում է ապրել, այլեւ ապրել ազատ: Եւ իրօք ազատ ու անկախ է նա, ով ոչ միայն ուզում է անկախ ապրել, այլեւ պատրաստ է կեանքը տալ յանուն այդ անկախութեան», ու ապա կ’աւելցնէ, թէ` «Անկախ պետութիւնը սոսկ վիճակ չէ, այն գիտակցութիւն է ու աշխարհահայեացք, աշխարհընկալում ու ապրելակերպ: Եթէ այսօր ունենք անկախութիւն, ուրեմն արժանի ենք եղել անկախութեանը: Եթէ ուզում ենք ունենալ անկախ պետականութիւն, բոլորս, ամէն օր, ամէն քայլափոխի, ամէն խօսքով ու գործով պէտք է արժանի լինենք մեր անկախութեանը»:
Գաղափարական մտաւորական եւ հայկական հրապարակագրութեան լաւագոյն տիպարներէն Կարօ Գէորգեան կը գրէ. «Մեր անկախութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէր, ինչպէս կ’ուզեն բացատրել ստրկամիտ մարդիկ: Եթէ այդպէս ըլլար, մենք պիտի չցաւէինք անոր կորուստին համար: Մեր բիւրաւոր նահատակներու արեան գինն է մայիս 28-ը, որ մեր բոլոր թշնամիներու աչքին փուշ դարձաւ: Թուրքն ու պոլշեւիկը, ձեռք-ձեռքի, օր եւ գիշեր դաւեցին անոր դէմ»:
Քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդ, գաղափարի շունչն ու կամքը մարմնաւորած դարբին Սարգիս Զէյթլեան մեզի դիտել կու տայ, որ` «ՀՅ Դաշնակցութիւնը մղիչ գլխաւոր ուժն ու ախոյեանը եղաւ միշտ ազգային անկախ եւ ինքնուրոյն մշակոյթի զարգացման:
«Առ այդ` ան աննահանջ ջահակիրը մնաց ո՛չ միայն անկախութեան գաղափարին, այլեւ` մտածումի անկախութեան ու ազատութեան սկզբունքին, իբրեւ հիմնաքարը ընկերային ու անհատական ամէն յառաջդիմութեան:
«Ազատութի՛ւն եւ ինքնուրոյնութի՛ւն` ոչ միայն մտածումի, այլեւ ստեղծագործութեան, խղճի՛, խօսքի՛, ինչպէս եւ գործի մէջ»:
Միւս կողմէ, ազգային-կուսակցական ղեկավար Հրայր Մարուխեան այսպէս կը պատգամէր. «Այն ազգերը, որոնք տակաւին չեն տիրացած իրենց քաղաքական եւ տնտեսական ամբողջական ազատութեան, եւ կամ, որոնք կորսնցուցած են այդ անկախութիւնն ու ազատութիւնը, ստիպուած են կարեւորութեամբ կառչելու իրենց ազգային ինքնագիտակցութեան ու ազգային իրաւունքներուն… Ծայրայեղութիւնները բնականաբար մեղադրելի են եւ ազգային հարցի արծարծումը ցեղապաշտութեան եւ գերակայութեան մակարդակի վրայ երբեք չի կրնար համապատասխանել, ընկերային եւ պատմական արդարութեան սահմաններուն մէջ, տուեալ ազգային իրաւունքներու էութեան հետ…»: Ապա, աւելցնելով կը գրէ. «Որքան աւելի լաւ աշխատենք, ինչքան աւելի միասնական տրամադրութիւններով աշխատենք, ինչքան աւելի հեռու մնանք փառասիրութիւններից ու ժողովրդի յաղթանակները անձերի հետ կապելու սխալ կեցուածքից, այնքան աւելի արագ ժողովուրդը կարող է հասնիլ իր անկախութեանը:
«Արցախի հարցով ՀՅ Դաշնակցութեան ուղեգիծը միշտ նոյնն է եղել նախորդ 70-ամեակի ընթացքում: Յատկապէս Արցախի հայութեան անցնող երեք տարիների հերոսական պայքարը մէկ անգամ եւս ապացոյցը եղաւ այն բանի, որ որեւէ դատ յարատեւ պայքարով միայն կարող է կենդանի պահուել»:
Իսկ ուսուցիչ, հայ մշակոյթի սպասարկու, բառի ամենաազնիւ իմաստով գաղափարական մտաւորական գործիչ Գէորգ Գանտահարեան այս բառերով պիտի բանաձեւէր անկախութեան ձեռքբերումը. «Սուղ վճարեցինք. շա՜տ սուղ, գնելու համար մեր անկախութիւնը: Եւ, հաւանաբար ո՛չ ոք մեզի չափ սուղ վճարած է իր անկախութեան համար: Հազարաւորներու մաքուր արեամբ գրուած է 1918 մայիս 28-ը: Զայն ուրանալ փորձել` կը նշանակէ ցեղի ձայնին դաւաճանել», ու ապա կ’աւելցնէ, թէ` «Ցաւալի է հաստատել, որ անկախութեան հռչակումէն սկսեալ եւ դեռ մինչեւ այսօր սփիւռքի մէջ կը գտնուին մարդիկ, որ կ’ուզեն նսեմացնել մայիս 28-ի արժէքը: Երբեմն թիւրիմացութեանց զոհ, երբեմն դիտաւորեալ մեկնաբանութեամբ` զայն վերածելու համար թուրքէն տրուած շնորհքի եւ որոշ հատուածի մը սեփականութիւն»:
Վերը յայտնուած «Անկախութիւն» հասկացողութիւնը ՀՅԴ-ի եւ ՀՅ դաշնակցականներու մօտ մեզի կը հասցնէ այն եզրայանգումին, որ անկախութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան բաղկացուցիչներէն մէկն է, որուն իրականացումը տեղի կ’ունենայ հայրենիքով, Հայաստանով` այն հողատարածքով, ուր ազգը ապրած է դարերու ընթացքին` պատմական Հայաստան, Նախիջեւան, Արցախ, Ջաւախք եւ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջականութեամբ եւ ստեղծելով տնտեսութիւն եւ մշակոյթ: Այդ հող-հայրենիքն է, որ եղած է մեր ինքնութեան կռուանը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ամբողջական գործունէութիւնը, ինքնութիւնը եւ ի հարկ է գաղափարախօսութիւնը պայմանաւորուած են ազգի գոյութեան, հայրենիքի կերտման եւ լիիրաւ անկախութեան, քանի որ հայրենիքի ամբողջացումով կը պայմանաւորուի ճշմարիտ անկախութիւնը:
(Շար. 9)