Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ոխերիմ թշնամի Ֆեթհուլլահ Կիւլենը Էրտողանը նզովելու ընթացքին նաեւ կ՛անիծէ «Բագրատունի ահաբեկչական» խմբաւորումը: Բագրատունի անունը թրքական մամուլին մէջ մեծ արձագանգ գտած է: Այս հարցի շուրջ «Նիուզ ամ.» կայքէջին մեկնաբանութիւն կատարած է թրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեանը:
Ֆեթհուլլահ Կիւլենը նզովքով արձագանգեց օրեր առաջ Էրտողանի հրահանգով Ֆեթհուլլահ Կիւլենի եւ անոր շարժման հետեւորդները ահաբեկիչ յայտարարելուն: Կիւլեն իր նզովքին մէջ ըսաւ. «Թող Աստուած պատժէ Բագրատունի ահաբեկչական կառոյցը…»:
Թուրքիոյ մէջ ուշադրութիւն չդարձուցին, որ նզովք կը հնչէ Էրտողանին հասցէին, սակայն մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին «Բագրատունի կառոյց»-ին հանդէպ: Թուրքիոյ մէջ բոլորը սկսան մուտք գործել համացանց` ճշդելու, թէ ովքե՛ր են Բագրատունիները:
Սակայն հայոց Բագրատունիներու թեման առասպելական ու առեղծուածային երանգներ ստացած է Թուրքիոյ մէջ: Թուրք վերլուծաբանները կը համարեն, որ Բագրատունիները երեք ինքնութիւն ունեցող գաղտնի խմբաւորում են, ովքեր զիրար կը ճանչնան ու կ՛ապրին յատուկ կանոններով: Այսինքն Թուրքիոյ Բագրատունիները հրապարակաւ իսլամ են, սակայն ծպտեալ հայ են, իսկ երրորդ շերտի մէջ հրեայ են:
Հրէական արմատներով թուրք հետազօտող Կատ Նասսին, որ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ գաղտնի խմբակներու շուրջ, առանձնայատուկ ուշադրութիւն հրաւիրած է Թուրքիոյ մէջ հայ Բագրատունիներու կենցաղի ու սովորութիւններու վրայ: Ըստ Նասիի, Բագրատունիները Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին հիմնականին մէջ Սվազէն (Սեբաստիա) Երզնկա երկարող հատուածին մէջ, Արաբկիրի մէջ, Կապադովկիոյ մէջ եւ Կիլիկիոյ մէջ: Ան կը նշէ, թէ Բագրատունիները առեւտուրի եւ ելեւմտական ոլորտին մէջ մեծ յաջողութիւններ կը վայելեն:
Բագրատունիներու հետ կապուած պնդումներով յայտնի է նաեւ պոլսահայ հակահայ լրագրող Լեւոն Փանոս Տապաղեանը, որ կը շեշտէ, թէ Զէյթունի ապստամբութեան ետին կանգնած եղած են Բագրատունիները, ովքեր կազմակերպած են զայն:
Իսկ որոշ թուրք լրագրողներ կը շեշտեն, որ Թուրքիոյ մէջ Բագրատունիները ազդեցիկ պաշտօններ կը վարեն ու կարեւոր դերակատարներ են Թուրքիոյ կեանքին մէջ:
Իսկ Կիւլենի նզովքին մէջ Բագրատունիները յիշատակելու հետ կապուած թուրք ուսումնասիրողներու ամէնէն հետաքրքրական մեկնաբանութիւնը այն է, որ Կիւլենը իր նզովքի խօսքին միջոցով գաղտնի ուղերձ յղած է համապատասխան մարդոց:
Նշենք, որ հայ Բագրատունիները նախարարական, ապա արքայական տոհմ էին Հայաստանի մէջ (Ի. եւ ԺԱ. դարերուն): 922-էն սկսեալ կրած են Շահնշահ հայոց եւ վրաց տիտղոսը: Վրաստանի մէջ սկզբնաւորած են վրաց Բագրատունիներու արքայատոհմը: