Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Բացումը Կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռնարկած Հայագիտական Դասընթացքին

December 1, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

119_112015

20 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին կողմէ ձեռնարկուած հայագիտական դասընթացքին: Վեհափառ հայրապետը բաժանմունքի գործավար Ժիրայր Դանիէլեանի, դասաւանդողներու եւ միաբան հայրերու ներկայութեան հանդիպում ունեցաւ դասընթացքին արձանագրուած երեսունէ աւելի ուսանողներուն հետ:

Նորին սրբութիւնը յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար կարեւոր բնագաւառ է արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը եւ այս առնչութեամբ տարբեր նախաձեռնութիւններու դիմած ենք: Նկատի ունենալով մեր մայրենիին դիմագրաւած դժուարութիւնները, նաեւ հաստատեցինք այս դասընթացքը չորս տարիներ առաջ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ փորձառական շրջանը անցած ենք, եւ տարուէ տարի աւելի ծրագրուած կը պատրաստուին ու կը համադրուին դասընթացքին նիւթերը: Կաթողիկոսը պարզեց, որ յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ համալսարանական մակարդակի բարձրացնել այս դասընթացքը եւ նշեց, թէ այդ ուղղութեամբ արդէն սկզբնական աշխատանք մը կը տարուի:

Ժիրայր Դանիէլեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա.-ին եւ ըսաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ աշակերտներու ընտրութեան իմաստով աւելի խստապահանջ եղած են, բայց եւ այնպէս, այսօր աշակերտներու այսքան մեծ թիւով կը սկսին տարին: Ան վստահեցուց, որ այս նախաձեռնութիւնը անպայման իր դրական արդիւնքը պիտի տայ մեր գաղութին մէջ:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – (Նոյեմբեր Գ.). Բացայայտելով Թուրքիոյ Կործանարար Դերը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.