Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

November 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

aram_113015Ինծի կը թուի, թէ հայ ժողովուրդը, իր մէկ մեծ մասով կը վստահի Դաշնակցութեան, որովհետեւ`

Ան ձեւակերպողն է մեր ազգային ձգտումներն ու ազգային երազը` «Միացեալ, անկախ Հայաստան» նշանաբանով:

Հաւատարիմ պահակն եղած է մեր ֆիզիքականին ու ազգային մշակոյթին:

Իր ուժերու առաւելագոյնով պաշտպանած է հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը` ներքին թէ արտաքին թշնամիներու դէմ, ամէն տեսակ դաւադրութեանց չէզոքացման համար` առանց սակարկելու իր արիւնն իսկ:

Ղեկավարած է Փետրուարեան ապստամբութիւնը:

Դաշնակցութիւնը, հակառակ իր խորունկ հաւատացեալ մը չըլլալուն, հայ եկեղեցին պաշտպանեց ամէն անգամ որ ներքին կամ արտաքին վտանգ մը սպառնաց անոր:

Դաշնակցութիւնը ճշդեց 1915-ի ահաւոր աղէտին պատասխանատուները ու անխնայ պատուհասեց զանոնք:

Երբ ներկայ Հայաստանի մտաւորականութեան կէսը ահաբեկ ու գլխահակ կը շրջէր Երեւանի փողոցներուն մէջ, երբ միւս կէսին ճակատագիրը, անորոշ ու մութ էր Սիպերիոյ սառնամանիքներուն մէջ, երբ ազատ աշխարհի մէջ ապրող բազմաթիւ մարդիկ Խանջեանի, հայոց կաթողիկոսին, Չարենցի ու բազում ուրիշներու դահճապետ հայր Ստալինը կը փառաբանէին արձակ ու տաղաչափուած, Դաշնակցութիւնն էր որ մինակը բողոքի ձայն բարձրացուց ու մերկացումներ ըրաւ:

Ու այս բանին համար որակուեցաւ «դաշնակ շուն» ու «հակահայաստանեան»:

Ժողովուրդները առհասարակ առողջ բնազդ ունին:

Ահա թէ ո՛ւր է Դաշնակցութեան ուժն ու հմայքը:

Վերջին խօսք մըն ալ ու կը փակեմ:

Պէտք չէ մոռնալ, թէ վերածնուող ներկայ Հայաստանը կառուցուած է 1918 թուին ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերուն վրայ:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

 

Sh-Toriguian_113015Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛անուանենք մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն հետաքրքրական ու լուսաւոր շրջանը, գիտնալով հանդերձ որ այդ եղաւ սովի, համաճարակի, սահմանավէճերու, ներքին կռիւներու եւ պատերազմներու շրջան: Հայ ժողովուրդը, իր երկար թմբիրէն ետք, կ՛ունենար պետականութիւն: Ազգութեան եւ պետականութեան գաղափարին այս վերահաստատումը անկիւնադարձը պէտք է նկատել մեր արդի պատմութեան:

Շ. ԹՈՐԻԿԵԱՆ

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով

99.- 1981-ին սկսած Իրան-Իրաք պատերազմով` Պարսկաստանի պատմական մեր գաղութին համար ստեղծուեցաւ դժուարին հանգրուան մը, երբ մէկ կողմէ երկրի ընդհանուր պաշտպանութեան մասնակցելու, իսկ միւս կողմէ` գաղութի կազմակերպ հիմերը կանգուն պահելու մարտահրաւէրները շեշտուեցան: ՀՅ դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ պատուով դուրս գալ այդ հանգրուանէն` ինքնալքումի եւ արտագաղթի ալիքին դիմաց թումբ կանգնելով եւ հայրենամերձ այս կարեւոր գօտիին կառչած մնալու հաստատակամութիւնը ամրապնդելով ժողովրդային խաւերուն մէջ:

1981 թուականի ապրիլ 26-ին, մի քանի հազարի հասնող զինուած խուժանը թրքամէտ հակահայ տրամադրութիւններով յարձակում գործեց Նոր Ջուղայի զուտ հայաբնակ Բաղ-Քիշմիշ թաղամասի վրայ: Դաշնակցական երիտասարդութիւնը անմիջապէս կազմակերպեց թաղամասի եւ այդտեղ բնակուող հայութեան դիմադրութիւնը: Այս դէպքի առիթով Ռուբէն Երիտասարդական Միութեան «Դէպի Երկիր» թերթը գրեց.- «Կռիւը նպատակ չէ: Կռիւ փնտռողները հետապնդում են շահեր: Սակայն պաշտպանութիւնը մի բնազդ է, որը չի կարող չունենալ ոեւէ անձ, որի զգացումները բթացած չեն:… Հայ ժողովրդի մէջ բթացած չէ ինքնապաշտպանութեան առողջ բնազդը, որով նա միշտ պատրաստ է պաշտպանելու իր եւ իր ժողովրդի, իր քոյրերի ու եղբայրների կեանքն ու պատիւը` ի գին ամէն զոհողութեան»:

Նախորդը

«Անկախութիւն» Հասկացողութեան. Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) Թ.

Յաջորդը

«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն. «Մենք» Խորագիրով Լիբանանահայ Գեղանկարիչներու Հաւաքական Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.