ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայ ժողովուրդի անհուն տառապանքէն ու ծով ցաւերէն, իբրեւ արտայայտիչը անոր ազատ ու անկախ ապրելու կամքին:
Դարձակէտ մը կազմեց անոր ծնունդը իննսունական թուականներու վերջին տասնամեակին, երբ ահաւոր երկունքի մէջ էր հայաշխարհը,- մեր արցունքի հովիտը:
Դարաւոր բռնակալութեան դէմ ընդվզում մըն էր անոր երեւումը դարաւոր ու փառաւոր պատմութեան դափնիներով պսակուած ազգի մը ընտրանիին կողմէ: Տարերային պոռթկում մը` ստրկութեան անարգ շղթաները քանդելու եւ ազատութեան տաճարներ կանգնելու:
Հայութեան լաւագոյն զաւակները առաջին իսկ վայրկեանէն բոլորուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան շուրջ, որ իր սրբազան դրօշին վրայ բոցավառ տառերով արձանագրեց «Մա՛հ կամ ազատութիւն»:
Ու ազատութեան ճանապարհին վրայ զոհեց իր անձնուէր զաւակները, հազարներով:
Հայութեան տուաւ հաւատոյ հանգանակ մը, ազատ հայրենիքի գաղափարականը, որուն հաւատարիմ կը մնայ իր ծնունդէն ի վեր:
Այսօր, երկարաձիգ տարիներու բեղուն վաստակով բեռնաւոր, հաստարմատ կաղնիի մը հանգոյն կանգուն կը մնայ հայութեան կողքին, իբրեւ հարազատ ներկայացուցիչը անոր ազգային ու քաղաքական բաղձանքներուն:
Մասնակից է անոր ուրախութեանց եւ ցաւերուն, յոյսերուն եւ հիասթափութեանց, անկէ կ՛առնէ իր աւիշը: Կը թարմանայ ու կ՛երիտասարդանայ անընդհատ: Հին սերունդին կը յաջորդէ նորը: Ջահը կը փոխանցուի յորդւոց որդի, միշտ բոցավառ: Ո՞ւր է գաղտնիքը իր կենսունակութեան, իր մշտանորոգ թարմութեան եւ նախանձելի երկարակեցութեան:
Արտասահմանի օտար մթնոլորտին ու միջավայրին մէջ հրաշքի համազօր երեւոյթ է ՀՅ Դաշնակցութեան կենսունակութիւնը:
Պատճա՞ռը: Դաշնակցութիւնը հարազատ զաւակն է հայ ազգին, ծնած անոր ծոցէն, իբրեւ իսկական արտայայտիչը բազմաչարչար մեր ցեղին քաղաքական պահանջներուն եւ ազգային ձգտումներուն: Վերէն, օտար ուժէ մը չէ պարտադրուած անիկա հայութեան, այլ կեանքի կոչուած է ինքնաբուխ կերպով, գոհացում տալու համար կենսական պահանջի մը:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ ազգին տուած է գաղափարական մը, հայրենիքի եւ ազատութեան գաղափարականը: Անոր իրագործման համար շարժման մէջ է դրած միանգամայն միտքն ու բազուկը:
Ժողովուրդի համեստ ու խոնարհ, աշխատաւոր ու գիւղացի խաւերէն հարիւրաւոր հայդուկներ զէն ի ձեռին լեռ են բարձրացած յանուն ազատ ու անկախ հայրենիքի, Դաշնակցութեան դրօշին տակ:
ՀՐԱՆԴ-ՍԱՄՈՒԷԼ
Լոկ պատմական երեւոյթ չէ Դաշնակցութիւնը: Անիկա, հոգեբանական եւ գաղափարախօսական տեսակէտէ, ամէնէն հարազատ արտայայտութիւնն է յաւերժական հայութեան հոգեբնախօսական կառոյցին: Ան իր մէջ կը մարմնաւորէ այդ կառոյցին ամէնէն հիմնական յատկանիշները,- ազատութեան պաշտամունք, հոգեկան արիութիւն, ազգային հպարտութիւն: Իր նկարագրային ամէնէն շեշտուած գիծերը,- գաղափարապաշտութիւն եւ մարտունակութիւն,- առաքինութիւններ են, որոնք հայ ժողովուրդինը եղած են` անոր փառապանծ պատմութեան արշալոյսէն սկսած:
Ուստի, ոեւէ ժողովուրդի պատի՛ւ միայն բերող աստուածային բռնկումներու ադամանդեայ շղթայէն ալ անդին, առասպելական տիպարներու նկարագրային ամբասիր վեհութենէն ալ վեր, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրը կը յատկանշէ.
ա) Հայ հոգիի հարազատ դիմագծութեան եւ ազգային ազատութեան վերազարթնումը` աւելի քան հինգ հարիւր տարուան ամօթալի խաւարէն ետք:
բ) Դարբնումը հայ քաղաքացիի կերպարին, վերացումովը դաւանական թէ տեղացիական այն անիմաստ եւ վտանգաւոր հոգեբանութեան, որ հայը կ՛ընէր լուսաւորչական կամ կաթոլիկ, արեւելահայ կամ արեւմտահայ, ղարաբաղցի կամ մշեցի: Դաշնակցութիւնը արեւելահայութեան կողմէ ստեղծուեցաւ, բայց, հիմնականին մէջ, արեւմտահայութեա՛ն համար: Հասարակաց դիմագծութեան դարբնումի անոր դպրոցին մէջ` վերացան բոլոր տարբերութիւնները եւ մարդիկ դարձան պարզապէս ՀԱՅ:
գ) Իր իրաւունքներուն եւ ազգային արժանիքներուն գիտակից հայ մարդու կերտումը, վերջապէս: Հայ մարդուն, որ այսօր կրնայ դաշնակցական ըլլալ կամ Դաշնակցութեան հակառակորդ, բայց որ բոլոր պարագաներուն պէտք չէ մոռնայ, թէ անկախ մտածողութիւն ունենալու, ընկերային հարցերուն այս կամ այն եղանակով մօտենալու եւ ազգային-քաղաքական պահանջներ բանաձեւելու իր այսօրուան ընդունակութիւնը ժառանգ մնացած է իրեն` հայ հոգիի եւ գիտակցութեան զարթօնքը կերտող յեղափոխական սերունդներէն:
Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛ըսենք անվարան, թէ ազգային վերակերտումի, վերագիտակցումի, վերահայացման իմաստներով է լեցուած Դաշնակցութեան Օրը:
ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ
ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով
100.- Լիբանանեան տագնապը անկիւնադարձ մը արձանագրեց 15 սեպտեմբեր 1975-ին: Կացութիւնը վատթարացաւ արմատականօրէն, հաղորդակցութիւններն ու շրջագայութիւնը ընդհատուեցան, պետութիւնը ամբողջովին անհետացաւ: Այդ թուականէն սկսեալ ՀՅ Դաշնակցութեան գլխաւոր գործը հանդիսացաւ հայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը: Քաղաքական յարաբերութիւնները, որպէս ինքնապաշտպանութեան լրացուցիչ բաժին, աննախընթաց ծաւալ ստացան: Գրեթէ ամբողջ տարի մը ՀՅԴ պատասխանատուներ ապրեցան կուսակցական ակումբներուն մէջ, գիշեր-ցերեկ, յաճախ ռումբերու եւ գնդակներու տարափին տակ, նաեւ շրջագայեցան մէկ շրջանէն միւսը, հակառակ բոլոր վտանգներուն:
101.- 1970-ական թուականներու աւարտին` սերտելով լիբանանեան իրականութեան մէջ տիրող քաոսային վիճակը, դաշնակցութիւնը կ՛որոշէ.
– Զարկ տալ սեփական ուժի հզօրացման, ինքնապաշտպանութեան ուժական ծրագիրի մը հիման վրայ:
– Անյապաղ անցնիլ ժողովուրդի, երիտասարդութեան եւ շարքերուն գաղափարական ու քաղաքական դաստիարակութեան` անոնց փոխանցելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քաղաքական հիմնաւորումը, միեւնոյն ատեն անոնց մէջ ամրացնելով տոկունութեան գաղափարը եւ դիմադրական ոգին:
– Զարկ տալ քաղաքական յարաբերութեանց` մեկնելով դրական չէզոքութեան ընդունուած քաղաքականութենէն, միշտ նկատի ունենալով հայութեան ընդհանրական շահերը եւ դաշնակցութեան որդագրած հիմնական սկզբունքները:
102.- 1982-1988 ժամանակաշրջանին լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի քաոսին մէջ, յետին հաշիւներ որոնողներու կողմէ սկիզբ առաւ հակադաշնակցական պայքարի շղթայ մը: Նենգ հաշիւներու զոհ գացին կուսակցութեան ընտրանիէն կուսակցական ղեկավարներ եւ ընկերներ:
103.- 80-ական թուականներու ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովները, 22-րդը (1981 դեկտեմբեր, Փարիզ), 23-րդը (1985, Աթէնք), 24-րդը (1988, Աթէնք) հիմնական գիծերու մէջ վերահաստատեցին ՀՅԴ 20-րդ ընդհանուր ժողովին որդեգրուած քաղաքական ուղեգիծը:
104.- 1981 դեկտեմբերին գումարուած 22-րդ Ընդհանուր ժողովին քննարկուած վերամշակուած ՀՅԴ Ծրագիրը հրապարակուեցաւ 1982:
105.- 24-րդ Ընդհանուր ժողովը ճշդեց սկզբունքները Արցախեան քաղաքականութեան` «Դէպի երկիր» նայելու եւ այդ ուղղութեամբ գործելու: Այս առիթով հրապարակուած ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարագիրին մէջ կը կարդանք.
«Հնչած է ժամը Արցախեան շարժման հասունացման:
Փետրուար 1988-ի պատմական ու տարերային իր պոռթկումէն հանգրուան մը յառաջ անցնելով, հայրենի հայութեան պահանջատիրական զարթօնքը կը դիմագրաւէ նոր դարձակէտ մը:
Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու պահանջով ոտքի կանգնած ժողովրդային խմբաւորումները ո՛չ միայն ծաւալած ու ճիւղաւորուած են այսօր, այլեւ` ամբողջ հայութեան ազգային-քաղաքական անկատար տենչերուն դրօշն են պարզած:
Ինչպէս յեղափոխական եռեւփումի մէջ գտնուող բոլոր ժողովրդային շարժումներու պարագային, այդպէս ալ ահա մեր հայրենի ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած մարտունակ խմբաւորումները կը դիմագրաւեն գաղափարական իրենց ուղին ճշդորոշելու եւ կազմակերպական միեւնոյն ճակատին մէջ խմբուելու մարտահրաւէրը:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ Արցախեան պահանջատիրութեան առաջին իսկ օրերէն հայ ժողովուրդին ծնունդը նկատեց այդ շարժումները եւ զօրակցեցաւ անոնց, այսօր կու գայ հրապարակաւ ողջունելու անոնց ցիրուցան ուժերը ի մի խմբելու բոլոր նախաձեռնութիւնները:
Հնչած է ժամը ազգային-քաղաքական հասունացման եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ողջունելով համահայկական պայքարի միացեալ ճակատ կազմելու ճիգերը, կարեւորութեամբ կը շեշտէ հայ ժողովուրդն ու անոր Դատը իբրեւ մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն տեսնելու, հայրենի ու տարագիր հայութեան բազմութիւնները իբրեւ միեւնոյն դատին պահանջատէր ընդունելու եւ Հայ դատի պայքարը իբրեւ ամբողջ հայութեան անկատար տենչերուն խտացումը դաւանելու հրամայականը: