Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօ Փայլան. «Հարցը Միայն Ցեղասպանութեան Ճանաչումով Չի Վերջանար. Անկէ Ետք Հողերու Վերադարձի Հարցը Կայ»

Դեկտեմբեր 1, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

Paylan_120115

Ինչպէս հաղորդուած էր մամուլի էջերուն, վերջերս «Մերձաւոր Արեւելքի տագնապը, քիւրտերը եւ Իսլամական պետութեան դէմ պայքարը» թեմայով Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովին կը մասնակցէր նաեւ թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ կը ներկայացնէր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդվարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահետտին Տեմիրթաշը:

Այս պատեհ առիթէն օգտուելով` «Նոր Յառաջ» Թուրքիոյ հայ երեսփոխանին հետ կատարած է հետեւեալ հարցազրոյցը.-

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ կը մտածէք Թուրքիոյ` Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հարցին կապակցութեամբ:

ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ.- Դժբախտաբար այսօր շատ հեռու ենք այդ հանգրուանէն, որովհետեւ թուրքիոյ մէջ տակաւին իրական ժողովրդավարական կարգեր չեն հաստատուած: Աւելի՛ն. ներկայիս ձեւով մը պատերազմական շրջան մը կ՛ապրինք, եւ մինչեւ որ նշեալ հարցերը չհարթուին, կարելի չէ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան մասին խօսիլ:

 

Հ.- Գերմանիոյ վարչապետը Թուրքիոյ նախագահին հետ տեսակցութեան ընթացքին այս կապակցութեամբ որոշ խոստումներ կատարեց Էրտողանին:

Կ. Փ.- Այդպէս է, սակայն չմոռնանք, որ ընդհանրապէս Եւրոպական միութեան ղեկավարներուն մտահոգութիւնը այսօր կարծէք միայն Սուրիոյ հարցն է, իսկ անդին, եթէ Թուրքիա բացէ ի բաց պատերազմ կը մղէ քիւրտ ժողովուր-դին դէմ, այդ մասին ո՛չ ոք կը խօսի եւ ոչ մէկ քայլ կ՛առնուի ատոր առաջքը առնելու համար:

Հ.- Որո՞նք են ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան պահանջները Եւրոպական միութենէն:

Կ. Փ.- Եւրոպական միութիւնը պէտք է Թուրքիայէն պահանջէ յարգել ժողովրդավարական կարգերը, ան պէտք է աջակից ըլլայ արդարութեան: Այսօր Թուրքիոյ մէջ մենք կ՛ապրինք նախագահ Էրտողանի կողմէ հաստատուած բռնապետական կարգերու պայմաններուն մէջ:

Հ.- Էրտողանի կուսակցութիւնը (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում) երկու տարի առաջ որոշ ազատութիւններ տուած էր փոքրամասնութիւններուն, սակայն այդ ճամբան այսօր գրեթէ փակ կը մնայ: կը կարծէ՞ք, թէ սա պահուս դարձեալ վերադարձած ենք զինուորականներու կամ քեմալականներու շրջանին, երբ կրօնական փոքրամասնութիւնները հալածանքի կ՛ենթարկուէին:

Կ. Փ.- Այո՛, ցաւ ի սիրտ այդ է իրականութիւնը: Երեք տարիէ ի վեր Արդարութիւն  եւ բարգաւաճում զինուորականներու հետ քայլ կը պահէ: Այսպէսով ոչ միայն հայերուն համար գէշ կացութիւն մը ստեղծուած է, այլեւ` ասորիներուն, յոյներուն, գնչուներուն եւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններուն: ժողովուրդը 1980-ական, 1990-ական թուականներու վախը կ՛ապրի, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենայ նման միջավայրի մէջ զաւակ մեծցնել, դաստիարակել: Մարդիկ այլեւս լաւատես չեն:

Հ.- Վերջին ընտրութիւններուն արդիւնքը աւելի զօրացուց Թուրքիոյ նախագահին դիրքը: Արդեօ՞ք ատիկա կը նշանակէ, թէ ան պիտի աւելցնէ ազգային փոքամասնութիւններուն վրայ իր ճնշումը:

Կ. Փ.- Թուրքիոյ նախագահը պատեհապաշտ անձնաւորութիւն մըն է եւ ան ի վիճակի է զանազան առիթներու տարբեր քաղաքականութիւն վարելու: Անոր համար նախ եւ առաջ գերադաս են իր անձնական շահերը: Այս օրերուն ան զինուորականներուն կողմը թեքած է եւ անոնց հետ քայլ կը պահէ: Այս ընթացքով ընդդիմութիւնն ալ ձեռնպահ չի կրնար մնալ եւ պիտի փորձէ ամէն գնով կացութիւնը փոփոխութեան ենթարկել: Այս բոլորին հետեւանքը պիտի ըլլայ երկրին կայունութեան խախտումը, ինչ որ մեզի նման ժողովուրդներուն համար մեծ փորձանքի դուռ պիտի բանայ:

Հ.- Կ՛ուզէինք գիտնալ, թէ դուք ինչո՞ւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական ցանկին վրայ ներկայացուցիք ձեր թեկնածութիւնը:

Կ. Փ.- Այսօր քրտական եւ այլ փոքրամասնութիւններու թեկնածուները իբրեւ ընդդիմութիւն նոյն պայքարին մաս կը կազմեն: բոլորս նոյն խնդիրները ունինք, հետեւաբար պէտք էր միասին քալէինք: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական ծրագրով մենք բոլորս հաւասարութեան կը հաւատանք:

Հ.- Ո՞րն է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական ծրագրին հայանպաստ կողմը:

Կ. Փ.- Քրտական այս կուսակցութիւնը նկատի ունի անցնող հարիւր տարուան պատմութիւնը: կը հաւատայ, որ անցեալի պատմական դէպքերուն ճիշդ գնահատումը եւ անուանումը պէտք է տալ, ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պարագային: Անմիջապէս ըսեմ, թէ ճանաչումը ոչ միայն մեզի համար հրամայական է, այլ նաեւ` քիւրտին եւ մանաւա՛նդ թուրքին համար: Կարեւոր է, որ Թուրքիա ընդունի իր սխալը եւ ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ անկէ ետքն է, որ կրնայ իր հայեացքը ուղղել դէպի ապագայ:

Բայց հարցը միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումով չի վերջանար: Անկէ ետք հողերու, կալուածներու վերադարձի պարագան ի յայտ կու գայ: Տակաւին կան փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, կրթական ծրագիրներու մշակումը…:

Ձեր մատնանշած բոլոր հարցերը մեր ծրագրին մաս կը կազմեն: Բայց պէտք է քայլ առ քայլ յառաջանալ: Մեզի համար արդարութեան հաստատումը առաջին գիծին վրայ կը գտնուի: Ըսեմ նաեւ, որ այս բոլոր հարցերը մէկ օրէն միւսը կարելի չէ լուծել եւ առնուազն տասը, քսան տարի հարկաւոր է հարիւր տարուան կուտակուած խնդիրները լուծելու համար:

Հ.- Ասիկա շատ նման է Հրանդ Տինքի ընտրած ճանապարհին…:

Կ. Փ.- Անշու՛շտ: Նախքան Հրանդ Տինք` մարդիկ կը մտածէին այս հարցերուն շուրջ, բայց տուներուն մէջ կը խօսէին, որովհետեւ կը վախնային բարձրաձայն արտայայտուելու: Հրանդ Տինք մեզի համար բացաւ արդարութեան ճամբան: Ես եւ իմ նմանները պիտի շարունակենք այդ ուղիով քալել:

 

Նախորդը

Էրզրումէն Այլեւս Ձայն Չի Հնչեր…

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչներուն Միջ-Եկեղեցական Ժողովներուն Մասնակցութիւնը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?