Քաղաքականութիւնը (յունարէն` πολιτικός, politicos բառէն «քաղաքացիներու, քաղաքացիներու համար կամ քաղաքացիներուն վերաբերող») գործընթաց է, երբ մարդոց խումբ մը միասնական որոշում կ՛ընդունի:
Բառեզրը սովորաբար կը վերաբերի կառավարական կամ պետական գործերու վարման արուեստին կամ գիտութեան, ներառեալ` իրաւական կառավարութեան վարքագիծին. ան կը վերաբերի նաեւ հաստատութիւններուն, բնագաւառներուն եւ յատուկ հետաքրքրութիւններով խումբերուն, ինչպէս` միաւորումներ, ակադեմիաներ, կրօնական եւ հասարակութեան այլ հատուածներ: Ան բաղկացած է «հասարակական յարաբերութիւններէ, ներառեալ` իշխանութիւնը կամ հզօրութիւնը», եւ կը վերաբերի հասարակական կեանքի կարգաւորման քաղաքական միութիւններու ներքին, եւ իրականացուող քաղաքականութեան մեթոտներն ու մարտավարութիւնը ձեւաւորելուն:
Գիտական եւ փիլիսոփայական մտքի զարգացման զուգընթաց` առաջարկուած են քաղաքականութեան տարբեր բնորոշումներ. ընդհանուր «արքայական արուեստ», որ իր մէջ ամբողջութեամբ կը ներառէ մասնակիները (հռետորականը, զինուորականը, դատականը եւ այլն), «բոլոր քաղաքացիներուն պահպանելու եւ անոնց հնարաւորինս լաւը դարձնելու կարողութիւնը» (Պղատոն), գիտելիք` ճիշդ եւ հմուտ կառավարման մասին (Մաքիավելի), պետական անձնակազմի առաջնորդութիւն կամ ազդեցութիւն այդ առաջնորդութեան վրայ (Մաքս Վեպեր), դասակարգային հետաքրքրութիւններու պայքար (Քարլ Մարքս): Այժմ առաւել տարածուած է քաղաքականութեան բնորոշումը իբրեւ գործունէութեան տեսակի, որ կ՛արտայայտուի հասարակական խումբերու վարքագծին մէջ, ինչպէս նաեւ` հասարակական յարաբերութիւնները կառավարող եւ իշխանութեան տիրանալու համար մրցապայքարը վերահսկող ընկերային հաստատութիւններու վարքագծային ձեւերու ամբողջութեան մէջ: Գոյութիւն ունի նաեւ այն պատկերացումը, որ, լայն առումով, քաղաքականութիւնը կարող է բնորոշուիլ որպէս ընկերային գործունէութիւն, որ ուղղուած է պետականօրէն կազմակերպուած հասարակութեան (ներքին քաղաքականութիւն) եւ համաշխարհային խմբակցութեան (արտաքին քաղաքականութիւն, միջազգային քաղաքականութիւն) մէջ գոյութիւն ունեցող իշխանութեան եւ սեփականութեան բաշխման կարգի պահպանումին կամ փոփոխութեան:
Քաղաքականութիւնը բազմանախագծային ընկերային երեւոյթ մըն է, որ կարելի է դիտարկել որպէս հասարակութեան գիտակցուած ինքնակարգաւորում: Գոյութիւն ունի տարբեր տեսական ուղղութիւններու կողմէ առաջարկուող քաղաքականութեան բնորոշումներու ամբողջ շարք մը, որոնցմէ կ՛ընդգծուի քաղաքականութեան գործունէութեան հիմնական տեսանկիւններէ որեւէ մէկը` իրաւական, տնտեսական, հոգեբանական, ընկերային, մարդաբանական եւ այլն:
«Ծրագիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»-ի (1998-ին ՀՅԴ ԻԷ. Ընդհանուր ժողովով հաստատուած) մէջ մեծ տեղ տրուած է ՀՅԴ-ի քաղաքական դրուածքին եւ սկզբունքներուն: Ծրագրին սկիզբը կը կարդանք, որ` «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն իր բոլոր ուժերով պայքարում է յանուն հայ ազգի քաղաքական-տնտեսական, ընկերային-մշակութային բովանդակ շահերի պաշտպանութեան»:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագրին մէջ յստակօրէն կը ներկայանան ՀՅԴ-ի քաղաքական հիմքերը: «ՆՊԱՏԱԿ» վերնագրի տակ գրուած «ՀՅ Դաշնակցութիւնը նպատակադրում է»-ի տակ թուագրուած չորս կէտերու ամբողջացումէն ետք կը տեսնենք «Քաղաքական առաջադրանքներ» վերտառութիւն, ուր կը կարդանք. «Ելնելով վերոյիշեալ նպատակներից` ՀՅ Դաշնակցութիւնը հետապնդում է հետեւեալ քաղաքական առաջադրանքները.
1. Ապահովել արցախեան պայքարի յաղթական ելքը` իբրեւ Հայ դատի լուծման առաջնահերթ հանգրուան.
2. Հիմնական նկատել Հայաստանի պետական ռազմավարութեան կազմաւորման գործում Հայ դատի առանցքային դերը,
3. Ամրապնդել սփիւռքի ազգային ինքնութիւնը եւ կազմակերպել քաղաքական դերակատարութիւնը` նրա կարողականութիւնները ուղղելու համար դէպի Հայաստանի պետականութեան հզօրացում եւ Հայ դատի հետապնդում,
4. Ապահովել իւրաքանչիւր հայ անհատի Հայաստանի քաղաքացի դառնալու իրաւունքը,
5. Հայաստանի օրէնքները պէտք է ներառեն հետեւեալ հիմնական սկզբունքները`
– Բոլոր քաղաքացիների հաւասարութիւնը օրէնքի առջեւ,
– Ազատութիւն մտքի, խօսքի, ստեղծագործութեան, մամուլի, հրատարակութեան եւ արտայայտութեան այլ միջոցների, խղճի, քաղաքական եւ այլ կազմակերպութիւնների գործունէութեան, հաւաքների եւ տեղափոխութեան,
– Իրաւունք գործադուլի եւ ցոյցերի,
– Անձի, բնակարանի, սեփականութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցների անձեռնմխելիութիւն,
– Ազգային փոքրամասնութիւնների իրաւունքների յարգում»:
1920 դեկտեմբերին Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Դաշնակցութիւնը երկրին մէջ դարձաւ ընդյատակեայ` արտասահմանի մէջ շարունակելով իր սկսած գործը: Հայաստանի խորհրդայնացումը վերջ տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայութեան` երկրէն ներս:
1923-ին Վիեննայի խորհրդաժողովը իր որոշումները կը նկատէ պարտադիր` արտասահմանեան բոլոր մարմիններուն համար: Քաղաքական մարզին մէջ միացեալ եւ անկախ Հայաստանի պահանջը կը շարունակուի նկատուիլ ղեկավար սկզբունք:
Քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդ ու մտաւորական Նիկոլ Աղբալեան բացառիկ բանաձեւումով մը կը բնութագրէ. «Դաշնակցութիւնը քաղաքական կուսակցութիւն է, որ ունի որոշ ծրագիր, այդ ծրագիրը թարգման է որոշ շահերի: Հանրային շահերի պաշտպանութեան եւ հետապնդման կուսակցութիւն լինելով` Դաշնակցութիւնը շահակցական կազմակերպութիւն չէ: Նա հանրային շահեր է պաշտպանում եւ ոչ թէ իր անդամների շահերը»:
Աղբալեան տարբեր առիթով մը կը պատգամէ. ««Դաշնակցականը» պէտք չէ մոռանայ երբեք, որ ինքը մի հայ կուսակցութեան անդամ է եւ մի քաղաքական եւ յեղափոխական կուսակցութեան անդամ: Այս «հայ», «քաղաքական» եւ «յեղափոխական» բառերը նախորոշում են իր բռնելիք դիրքի բնոյթը, իր ընթանալիք ճամբի ծիրը, առանց պատասխան տալու այս ու այն հարցումին. այդ պատասխանն ինքն է, որ պէտք է գտնէ եւ տայ` միշտ մնալով «դաշնակցական»:
Նիկոլ Աղբալեան կը գրէ` աւելցնելով, որ` «Հանգիստ խղճով եւ պայծառ հայեացքով նայում եմ կուսակցութեանս անցեալին: Կորած ու մոլորած մի ժողովուրդ դարձնել ռազմունակ մի ազգ եւ քաղաքական կեանքով ապրեցնել ծխականին, տալ նրան հայադէմ հայրենիք ու պետութիւն, դնել նրա ապագայ մշակոյթի հիմնաքարերը. սրանք գործեր են, որ կատարեց Դաշնակցութիւնը յամառօրէն եւ անթիւ զոհերի գնով»:
Միւս կողմէ, հայ քաղաքական մտքի արթնամիտ պահակը եւ Դաշնակցութեան մարտունակ պատգամաբերը` Էդիկ Յովհաննիսեան կը գրէ.
«Այն, ինչ այսօր կոչւում է Հայ դատ, հայ ժողովրդի քաղաքական ուղեգիծն է, ուստի ամէն մի հայ պարտաւոր է ճանաչելու այդ ուղին եւ ճշդելու իր վերաբերմունքը նրա նկատմամբ: Սա վերաբերւում է թէ՛ սփիւռքում եւ թէ՛ հայրենիքում ապրող հային»:
Իսկ քաղաքական-հասարակական անձնուէր գործիչ ու սրամիտ ընկեր Վահան Յովհաննիսեան քաղաքականութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Բոլոր պետութիւնների ներքին հասարակական եւ քաղաքական կեանքի պատմութիւնը, ի վերջոյ, իշխանութեան եւ իրաւունքի բախման պատմութիւն է: Եւ յաճախ` ողբերգական պատմութեան, քանի որ այդ բախման արդիւնքում կարող է ծնուել ե՛ւ անարխիա, ե՛ւ իրաւական պետութիւն, ե՛ւ բռնապետութիւն: Քաղաքական փիլիսոփայութեանը վաղուց է յայտնի. իրաւունքը միշտ ըմբոստանում է իշխանութեան կողմից անհատի ազատութեան սահմանափակման դէմ, փորձում է ազատուել իշխանութեան կապանքներից եւ իր ծայրայեղութեան մէջ ժխտում իշխանութիւնը` որպէս ազատ կամքին պարտադրուած երեւոյթ», ու ապա կ՛աւելցնէ, որ` «Միայն քաղաքական պայքարի արդիւնքում է ձեւաւորւում բարոյական հեղինակութեամբ օժտուած եւ իրաւունքի վրայ հիմնուած իշխանութիւն եւ յաղթում քաղաքացիական հասարակութիւնը: Իշխանութեան պայքարի արդիւնքում պարտութիւն են կրում բոլոր քաղաքական ուժերը, այդ թւում եւ առաջին հերթին` թուացեալ յաղթանակ գրանցածները, որովհետեւ իրական յաղթանակն այդ դէպքում միշտ մնում է դիւանակալական մեքենային»:
Վ. Յովհաննիսեան այս առումով կ՛անդրադառնայ նաեւ, որ` «Քաղաքական մենաշնորհի ձգտող ցանկացած ուժ անմիջապէս դառնում է դիւանակալութեան զոհը: Նրան թւում է, թէ նա իր մէջ ձուլեց դիւանակալական մեքենան եւ հզօրացաւ, այնինչ կատարւում է ճիշդ հակառակը` դիւանակալական մեքենան կլանում եւ ձուլում իր մէջ միահեծանութեան փառամոլութիւնից կուրացած քաղաքական ուժին, ուղղորդում նրան, հզօրանում եւ ապահովում սեփական վերարտադրման շարունակականութիւնը` դառնալով բոլորովին անվերահսկելի հասարակութեան կողմից: Դրա օրինակները մեր եւ ուրիշների պատմութեան մէջ շատ են, արդիւնքներն էլ` յայտնի: Այսօրուայ Հայաստանում այդ վտանգն աւելի ու աւելի նկատելի է դառնում»:
Վերոնշեալ միտքերէն ու բացատրութիւններէն կը հետեւցնենք, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ ունի որոշակի գաղափարախօսութիւն ու քաղաքական գիծ:
Քաղաքական, հասարակական աշխուժութիւն, որոշակի գաղափարա-քաղաքական դաւանանք, որ կը ստիպէ հնարաւորութիւնները ներդրել ի նպաստ ընդհանուր գործի ու նպատակի:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
(Շար. 11)