Յօդուածներ

«Պէյրութ Չենց» Փառատօնի Ծիրին Մէջ.  Բարձր Մակարդակի 28 Ելոյթներ` Մինչեւ 23 Դեկտեմբեր

«Պէյրութ Չենց» Փառատօնի Ծիրին Մէջ. Բարձր Մակարդակի 28 Ելոյթներ` Մինչեւ 23 Դեկտեմբեր

Կազմակերպութեամբ «Պէյրութ Չենց» փառատօնին, գործակցութեամբ Պէյրութի մէջ Իտալիոյ մշակութային հաստատութեան, երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մարոնիներու Սեն Ժորժ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Պէյրութ Չենց» փառատօնին բացումը` Ճիաքոմօ Փուչինիի «Լա մեսա տի կլորիա»-ով, զոր կատարեց «Ճիովանիլ» նուագախումբը` «Պէյրութ Չենց» փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Թուֆիք Մաաթուքի խմբավարութեամբ: «Ճիովանիլ» նուագախումբին ընկերակցեցան Անտոնեան եւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարաններու երգչախումբերը` հայր Խալիլ Ռահմէի խմբավարութեամբ: Ելոյթին...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Ընտանիքի Անդամներուն Փոխյարաբերութիւնը» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ընտանիքի Անդամներուն Փոխյարաբերութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ընտանիքի անդամներուն  փոխյարաբերութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի դասախօս  Շաղիկ Խիւտավերտեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ մարդկային առողջ ընկերութեան մը գրաւականը համերաշխ...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս Վարուիլ «Ալցհայմըր» Հիւանդութեամբ Տառապողի Մը Հետ» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս Վարուիլ «Ալցհայմըր» Հիւանդութեամբ Տառապողի Մը Հետ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ինչպէ՞ս վարուիլ Ալցհայմըր հիւանդութեամբ տառապողի մը հետ» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Միռնա Մնայմնէ, գործադիր տնօրէն Լիբանանի «Ալցհայմըր» ընկերակցութեան: Առողջապահական յանձնախումբի եւ «Արաքսի  Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Վերժին Խորշիտեան: ...

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին` 125-Ամեայ Դրուագով

Խմբագրական. Կազմակերպուածութեան Որակն Ու Ժողովրդային Ընդառաջումի Փաստերը (ՀՅԴ 125-Ամեակ)

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին առիթով չորեքշաբթի օր կազմակերպուած նուիրահաւաքը թէ՛ ներկաներու մասնակցութեան եւ թէ՛ գումարային առումներով աննախընթաց էր: Այս մէկը անշուշտ ցուցանիշ է 125-ամեայ կազմակերպութեան հանդէպ ժողովուրդին, յարանուանութիւններուն եւ անխտիր  բոլոր շրջանակներուն տածած յարգանքին ու վստահութեան: Դաշնակցութեան լիբանանեան քաղաքական շրջանակներու մասնակցութեան այս երեւոյթը եւս կը վկայէ, որ մեր կուսակցութեան Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ վայելած վարկին ու հեղինակութեան: Նման պայմաններու...

Միջազգային Վերջին Զարգացումներուն Շուրջ  Հարցազրոյց Մկրտիչ Մկրտիչեանի Հետ

Միջազգային Վերջին Զարգացումներուն Շուրջ Հարցազրոյց Մկրտիչ Մկրտիչեանի Հետ

Հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ: Միջազգային վերջին զարգացումներուն շուրջ հարցազրոյցը վարեց` «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով ահաբեկչութեան նոր թատերաբեմ` Եւրոպա փոխադրուելով ընդհանրապէս վերջինիս եւ մասնաւորաբար Եւրոպական Միութեան վրայ ունենալիք ազդեցութեան մասին, Մկրտիչեան ըսաւ, որ այն ինչ որ եւրոպացիք կը կոչեն...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Դաշնակցականը իւրայատուկ հոգեբանութիւն եւ խառնուածք ունի. իտէալ եւ հաւատք ունի: Կը ներշնչուի մեր պատմութենէն, մեր ժողովուրդի հրաշազան առաքինութիւններէն: Կը հաղորդուի մեր հայրենի երկրի սրբութիւններէն, մեր լեռներէն ու ձորերէն: Դաշնակցականը պաշտելու աստիճան կը սիրէ իր հայրենիքը: Դաշնակցականին խօսքը պայծառ է եւ անկեղծ, այդ պատճառաւ ալ իր խօսքը ուժեղ է եւ ազդու: Իր գաղափարներն ու տեսակէտները կը ներկայացնէ յստակ եւ ձեւակերպուած. այդ...

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին` 125-Ամեայ Դրուագով

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին` 125-Ամեայ Դրուագով

116.- 30 մայիս 1999-ին կայացած Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը ունեցաւ 8 պատգամաւոր: 117.- 2003-ի յունուարին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ 28-րդ Ընդհանուր ժողովը: 118.- 28 մայիս 2000-ին ազգային հերոս Դրաստամատ Կանայեանի վերայուղարկաւորութիւնը կը կատարուի Բաշ Ապարանի յուշարձանին մէջ: 119.- 2003 թուականի մայիս 25-ին տեղի ունեցած Հայաստանի երրորդ գումարման Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ՀՅԴ շահելով ընտրողներու ձայներու 12 տոկոսը` խորհրդարանէն ներս ունեցաւ...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Վերջաբան

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ «ՀՅԴ-Ի ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՈՒՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅԼ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ» աշխատութեան մէջ փորձ կատարուեցաւ ուսումնասիրութեան շրջանառութեան մէջ դնել եւ գիտական շրջանակներուն, դաշնակցականներուն կամ այլ կուսակցականներուն եւ մտաւորականներուն ներկայացնել շարք մը նիւթեր` առնչուած երեք դարերու ընդմէջէն ՀՅ Դաշնակցականներու խորհուրդները եւ պատգամները ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութեան եւ հիմունքներուն հասկացողութեանց շուրջ: Այս ուսումնասիրութեան մէջ կատարուած բացայայտումներն ու վերլուծումները ամբողջացնելու նպատակով կը կատարենք քանի...

Հեռուներէն  Եկող Երթ

Հեւք

ՄԱՐԻԱՆԱ-ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Երկինք է թէեւ, բայց  հարբած է, հեւք ունի սրտին, տխուր տարուած է մտքերով: Ամպերը իրարու անցած, գունաթափած, թուլօրէն կը շնչեն` համակուած ամպրոպին սպառնալիքով: Հողը մերկ է, կ՛այրի, գետերուն ուղղութիւնը փոխուած է: Անապատացած անդունդները ծարաւ են ծուէն մը ամպի զոհաբերման սպասումով: Անոնք  կը  պատրաստուին ճեղքուելու, որ  անյագօրէն ըմպեն եւ կլանեն անձրեւի բարեբեր լիութիւնը, ուր որ է` ընդերքը կը պայթի անյագ...

Արհեստագիտութեան Բարի՞քները, Թէ՞…

Արհեստագիտութեան Բարի՞քները, Թէ՞…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Արհեստագիտութիւնը կենսական դարձած է 21-րդ դարու մարդկութեան զանազան խաւերուն համար: Պէտք չէ խրտչիլ, կամ սկիզբէն իսկ մերժողական կեցուածք ճշդել նորարարութիւններու հանդէպ: Պէտք է յաղթահարել ներքին բարդոյթը նոր սարքերու եւ գործիքներու նկատմամբ եւ ատոնք օգտագործել անհրաժեշտ պարագային, մանաւանդ` դրական, շինիչ նպատակներով: Խնդիրը կը ծագի այն ատեն, երբ ժխտական եւ քանդիչ միտումները գերակայ կը դառնան: «Թելեկրամ Ափփ» Կը Կոտրէ...

Ֆէյսպուք Կը Փորձարկէ «Բաժանումի» Գործիքները

Ֆէյսպուք Կը Փորձարկէ «Բաժանումի» Գործիքները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բաժանումը, խզումը ծանր է, մանաւանդ` «Ֆէյսպուք»-ի վրայ: Չկայ զգացում մը, այնքան նման` ստամոքսի պրկումին, որ դուք կ՛ունենաք, երբ պատահաբար կը տեսնէք նամակագրութիւն մը  ձեր եւ նախկին սիրելիին միջեւ, աւելի երջանիկ ժամանակներու մէջ: Նոյնիսկ աւելի դաժան է, երբ կը նկատէք, որ անոր մականունը փոխուած է այդ ատենէն ի վեր: Ամէն պարագայի: Աշխարհի ամենամեծ ընկերային ցանցը յայտարարած է, որ...

Նամակ Երկրէն.  Իսկական Հերոսները (2)

Նամակ Երկրէն. Երկիրը Երկի՛ր Է

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Տարուան աշխատանքները ամփոփելու եւ հաշուետուութիւնները պատրաստելու նպատակով որոշած էինք մեր գրասենեակին մէջ ժողով մը գումարել մեր գործընկերներուն հետ: Անոնք պիտի գային Հայաստանի տարբեր մարզերէն` օգտագործելով հանրային փոխադրութեան միջոցները, մասնաւորաբար` փոքր պասերը, որոնք համեմատաբար աւելի աժան են եւ մատչելի բոլորին: Մեր գործընկերները պարտաճանաչ եւ ճշդապահ երիտասարդ մասնագէտներ են, որոնց հետ արդէն քանի մը տարիէ շարունակաբար կ՛աշխատինք համայնքային զարգացման, հաշմանդամութեան...

Հայ Բեմի Անզուգական Վարդուհին

Հայ Բեմի Անզուգական Վարդուհին

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Դժուար է հրաժեշտի խօսք գրել մի անզուգական դերասանուհու, հաւատարիմ ընկերոջ, ճշմարտութեան հետեւորդի, բիւրեղեայ անձնաւորութեան, խորը հոգու տէր մարդու` Վարդուհի Վարդերեսեանի մասին: Իր երկարամեայ բեմական գործունէութեան մասին հարիւրաւոր էջեր են գրուել, դեռ նոյնքան էլ կը գրուեն անշուշտ, եւ իր բազմահազար երկրպագուները ովքեր դեռ կենդանի են, կը շարունակեն կրել այս անկրկնելի դերասանուհու ստեղծած կերպարների հմայքը իրենց հոգում: Մեծ...

ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» Ձեռնարկը

ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» Ձեռնարկը

Հայ տարեցներու տան ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան եւ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին տարեկան ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ «Ուրախացի՛ր, ուրախացո՛ւր» ձեռնարկը: Տօնավաճառին բացումը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 26 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին: Բարի գալուստի ջերմ խօսք ուղղեց ՔԱՀԼ-ի տնօրէն` պատ. Սեպուհ Թէրզեան: Ան նախ տեղեկութիւն տուաւ այս աւանդական ձեռնարկին մասին, ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց հաստատութեան խնամակալութեան, անոր օժանդակ տիկնանց յանձնախումբին, ՔԱՀԼ-ի անձնակազմին եւ...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Չթարգմանուած իղձ մը մարմնացնող յայտնութիւնը եղաւ Դաշնակցութիւնը հայ կեանքին մէջ, համատարած տագնապի մը բաղձալի լուծումը, ճակատագրի մը կոչը: Երեւի այսպէս կը կազմուին պատմական անկիւնադարձները: Երեւի միշտ այսպէս կ՛ըլլայ ու խռովիչ կ՛ըլլայ երկարօրէն սպասուած ու յանկարծօրէն յայտնուած շարժումներուն հմայքը: Երեւի մարդոց արագ գինովութիւնը արդիւնք է երկարատեւ պապակներու յաջորդող մեծ պոռթկումներու: Հայ կեանքին մէջ մութը առաւելագոյն խտութեամբ դիզուած էր այդ օրերուն ու...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

«Հայ Դատ» Հասկացողութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) ԺԲ.

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Հայ դատ (Հայկական հարց) առաջին անգամ տեղ գտաւ 1878 Սան Սթեֆանոյի պայմանագրի մէջ,  16-րդ յօդուածով, հայաբնակ վայրերուն մէջ բարեփոխումներ ընելու համար: Հայ դատը իր հողատարածքի վրայ հայ ժողովուրդին իրաւունքները վերահաստատելու, հայոց պետականութիւնը վերականգնելու եւ մէկ միասնական հայրենիք կերտելու նպատակով ձեւաւորուած գաղափարախօսութիւն է եւ շարժում: Հայ դատը` որպէս համապարփակ ծրագիր, ձեւաւորուած է Մեծ եղեռնէն ետք, երբ Արեւմտեան Հայաստանը ամբողջութեամբ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Թեհրան «Հայ Դատն Այսօր» 12-րդ Խորհրդաժողովը Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբին, 19 նոյեմբերին Հ. Մ. «Արարատ» կեդրոնի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ սկսաւ «Հայ դատն այսօր» 12-րդ խորհրդաժողովը, որուն  նպատակն է քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ վերլուծել եւ լուսարձակի տակ առնել Հայ դատի նոր հանգրուանի հնարաւորութիւնները եւ նոր հեռանկարները: Երկօրեայ նստաշրջանին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն ժամանած քաղաքագէտներ եւ...

Ջութակի Ծագումը

Ջութակի Ծագումը

«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի վարիչ տնօրէն` ԱՐՄԷՆ ՃԵՆՏԵՐԵՃԵԱՆ Ռեպապ Ջութակը, ինչպէս նաեւ` ջութակային ընտանիքի միւս նուագարանները (ալթ, թաւջութակ, աւելի ուշ նաեւ քոնթրապաս), ծնունդ են առել լարային աղեղնաւոր նուագարանների զարգացման երկարատեւ ու բարդ գործընթացների արդիւնքում, որը  պայմանաւորուած էր երաժշտական կատարողական մշակոյթի եւ ընկերային պայմանների զարգացման հետ: Հնագոյն ժամանակներից մարդուն գրաւել է  որսորդական աղեղի պիրկ ձգուած լարի հնչողութիւնը, որը հետագայում հիմք պէտք...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Հայ յեղափոխութիւնը եղաւ նոր հայութեան կերտիչը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղաւ Հայ յեղափոխութեան առաջնորդը, առաջատար ուժը, աննկուն ախոյեանը: Արդ, հայ յեղափոխութիւնը զէնք չէր միայն, այլեւ ոգեկան զինավառում էր, նոր խօսք չէր միայն, այլեւ վերափոխիչ ու ամրապնդիչ գործ էր, գաղափար չէր լոկ, այլեւ գաղափարականացում էր: Ընդվզում չէր միայն պատմութեան դէմ, բռնութեան ու ճակատագրին դէմ, այլեւ ստեղծագործ թռիչք էր, բարոյական, հոգեկան ու իմացական վերանորոգում,...

Page 986 of 1110 1 … 985 986 987 … 1,110

Արխիւներ