«Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութեան լրատուական-քաղաքական ծրագիրներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան կը գրէ.
Նախօրէին Ֆրանսայի դրօշի գոյներով ծածկուեցաւ նաեւ Մատենադարանը, իսկ քիչ աւելի հեռու` Ֆրանսական անունը կրող հրապարակին մէջ, վառեցան հազարաւոր մոմեր: Շաբաթ երեկոյեան հաւաքուած էին հարիւրաւոր մարդիկ` յարգանքի տուրք մատուցելու ահաբեկչութիւններու զոհերու յիշատակին: Նոյնիսկ հնչեց Ֆրանսայի օրհներգ «Մարսեյեզ»-ը` կենդանի կատարումով: Սգոյ հաւաքին միացած էր նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ահաբեկչական գործողութիւններէն ժամեր անց, առտու կանուխէն, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան դիմաց սկսան յայտնուիլ ծաղկեփունջեր: Անհատ քաղաքացիներ, առանձին կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններ կը շտապէին Ֆրանսան Հայաստանի մէջ ներկայացնող գլխաւոր հաստատութիւն` իրենց զօրակցութիւնն ու ցաւակցութիւնը յայտնելու ֆրանսացի ժողովուրդին: Մարդիկ դեսպանատան փոստարկղ կը նետէին առանձին գրութիւններ եւ վշտակցութեան խօսքերով ուղերձներ:
Իսկ այդ ընթացքին ֆէյսպուքի մէջ սկսաւ լայն արշաւ` օգտատէրերը իրենց դիմապատկերները կը ծածկէին Ֆրանսայի դրօշի երանգներով` իբրեւ զօրակցական քայլ: Սա ալ դարձաւ հանրային մեծ բանավէճի նիւթ` ոչ միայն Հայաստանի, այլ միջազգային լայն շրջանակներու մէջ: Շատեր կը բողոքէին, թէ ինչո՞ւ նման նախաձեռնութիւն չեղաւ, երբ նախորդ տարի Քենիոյ մէջ իսլամ ահաբեկիչները յարձակեցան համալսարանի վրայ ու գնդակահարեցին առնուազն 200-է աւելի քրիստոնեայ ուսանողներ, ինչո՞ւ չեղաւ, երբ ահաբեկչութիւն կազմակերպուեցաւ Պէյրութի մէջ, այս շաբաթ նաեւ` Պաղտատի մէջ, ու վերջապէս, ինչո՞ւ չեղաւ, երբ անցնող երեք-չորս տարիներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ զոհուեցաւ 350 հազարէ աւելի խաղաղ բնակիչներ:Սուրիոյ թեման յատկապէս շատ նուրբ է փարիզեան ահաբեկչութիւններէն ետք:
Ի վերջոյ, ինչպէ՞ս ծնաւ մարդկութեան նորագոյն այդ չարիքը: Չէ՞ որ անոնց նօսր շարքերուն մէջ Սուրիոյ առաջին ցոյցերուն ու յետոյ ռազմական գործողութիւններու օրերուն նոյն միջազգային առաջնորդները կ՛անուանէին Ասատի վարչակարգին հակառակորդ ժողովրդավարական ուժեր, կը պահանջէին` Սուրիոյ մէջ Ասատի հեռացում նոյն այդ ուժերով, կը զօրակցէին անոնց, կը հանդիպէին անոնց հետ: Չէ՞ որ նոյն ամերիկեան ծերակուտական Մակքէյնի հետ հրապարակուած են այն նոյն իսլամականներու լուսանկարները, անոնց շարքին` Իսլամական պետութեան առաջնորդ Պաղտատիի հետ: Քազզաֆիի դէմ պայքարողները ինչո՞ւ մէկ վայրկեանի մէջ դարձան արեւմտեան ժողովրդավարութեան կրողներ, նոյնիսկ Քազզաֆիին առանց դատ ու դատաստանի բզկտող բազմութիւնը քննադատութեան չարժանացաւ:
Չէ՞ որ այդ բոլոր ահաբեկիչները այնպէս մէջտեղ չեկան: Զանոնք սնուցանեցին, ֆինանսաւորեցին, զինեցին, մարզեցին: Ու այսօր բոլորս կ՛ողբանք Փարիզի մէջ սպաննուած 129 անմեղ մարդոց համար: Ողջ աշխարհով կ՛ողբանք: Իսկ ո՞վ պիտի ողբայ մեր հայրենակից այն 70-է աւելի հալէպահայերուն համար, որոնք զոհուեցան այս քանի մը տարիներուն` նոյն այդ ահաբեկչական խմբաւորումներու դիպուկահարներու գնդակներէն կամ զինեալներու արձակած արկերու բեկորներէն: Ո՞վ պէտք է ողբայ, այն անհետ կորած կամ զոհուած մեր քեսապցի հայրենակիցներուն համար, որոնց բնակավայրը նոյն ահաբեկիչները գրաւեցին արդէն Թուրքիոյ աջակցութեամբ: Այն Թուրքիոյ, որուն իշխանութեան ու իսլամական պետութեան կապը կ՛արձանագրեն անգամ այդ երկրին մէջ, որուն անվտանգութեան ծառայութեան պետ Հաքան Ֆիտանը դեռ օրերս միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ընէր` ճանչնալու Իսլամական պետութիւնը, կ՛առաջարկէր այդ ահաբեկչական խմբաւորման պաշտօնական գրասենեակ բանալ Պոլսոյ մէջ, որ` անոնց հետ շփումները համակարգուած ըլլան: Կ՛ողբանք արդարացիօրէն ողջ աշխարհով Փարիզի անմեղ զոհերուն համար, սակայն քանի՞ հոգին կ՛ողբայ ճիշդ այս օրերուն Թուրքիոյ տարածքին, հարաւարեւելեան Ճիզրէ քաղաքին մէջ պետական զօրքին կողմէ սպաննուող խաղաղ բնակիչներուն համար, կամ` այն վայրագութիւններուն, որոնք կը կատարուին հոն:
Երկակի չափանիշներ ըսուածը այս է, որ համաշխարհային պատմութեան ոլորաններուն մէջ միշտ ալ հանդիպած է ու միշտ ալ դարձած` երկսայր սուր: Անցնող քանի մը տարիներուն «Արաբական գարուն»-ը ատոր վառ օրինակն է:
Երբ ժողովրդավարական անունը կրող ոլրանետ (պումըրանկ) նետելով չէին պատկերացներ, որ ատիկա կը վերադառնայ կամ գուցէ՞ անգրագէտ ըլլալով` չէին հասկնար, թէ ոլրանետի գործը ի՛նչ է: