Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչներուն Միջ-Եկեղեցական Ժողովներուն Մասնակցութիւնը

December 1, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եկեղեցիներու Համաշխարհային
Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողով

12287154_1170770232936677_590974998_o

12-19 նոյեմբեր 2015-ին Ժընեւի մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կիպրոսի Հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Ի պաշտօնէ, ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Վիգէն արք. Այքազեան (Ս. Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւն):

Ժողովականներ լսեցին եւ քննարկեցին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետին պատգամն ու ընդհանուր քարտուղարին զեկոյցը: Ապա առիթ ունեցան ստանալու Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներուն եւ յանձնաժողովներու ատենապետներուն տեղեկագիրները: Վերջապէս, լուսարձակի տակ բերին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ծրագիրները, պաշտօնէութիւնը, տնտեսական պատկերն ու եկեղեցիներու անդամակցութիւնը, եւ համապատասխան որոշումներ որդեգրեցին` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի առաքելութիւնն ու վկայութիւնը առաւել ազդու դարձնելու համար, յատկապէս ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Կիրակի, 15 նոյեմբերի առաւօտուն, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամները աղօթակից դարձան Ժընեւի Ս. Պետրոս մայր տաճարի հաւատացեալներուն հետ, ուր յատուկ աղօթք կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ:

Հռոմէական Կաթոլիկ Եւ Արեւելեան
Ուղղափառ Եկեղեցիներու (Ոչ-Քաղկեդոնական)
Ժողով «Փրօ Օրիէնթ»-ի Կազմակերպութեամբ

«Փրօ Օրիէնթ»-ի կազմակերպութեամբ  Հռոմէական կաթոլիկ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու (ոչ-քաղկեդոնական) միջեկեղեցական երկխօսութեան ենթայանձնախումբի ներկայացուցիչներու ժողովը տեղի ունեցաւ 10-11 նոյեմբեր 2015-ին, Վիեննայի մէջ: Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց` Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, իսկ   Ս. Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը` Արմաշ եպս. Նալպանդեան:

Ժողովին բացումը կատարեց «Փրօ Օրիէնթ»-ի նախագահ դոկտ. Ճոհան Մարթը: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ան հակիրճ պատմականը ըրաւ յետ Վատիկանի Բ. Համաժողովին եկեղեցիներու միջեւ միութիւն հաստատելու գծով Վիեննայի մէջ կեանքի կոչուած «Փրօ Օրիէնթ» կազմակերպութեան նկարագրին մասին, որ ենթահողը պատրաստած է Հռոմէական կաթողիկէ եւ  արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան (Catholic Church – Oriental Orthodox Churches International joint Commission for Theological Dialogue):

Ապա, փրոֆ. դոկտ. Տիեթմար Ուինքլըր պատմականը կատարեց 1971-էն ի վեր վերոյիշեալ եկեղեցիներուն միջեւ զարգացած յարաբերութեան եւ պաշտօնական երկխօսութեան: Ան 1991-էն ի վեր անձամբ մասնակցած ըլլալով սոյն ժողովներուն` համապարփակ կերպով ներկայացուց  անոնց ընթացքը:

«Փրօ Օրիէնթ»-ի աշխատանքները տասնամեակէ մը աւելի դադրած ըլլալով, նախապատրաստական այս ժողովը զբաղեցաւ անցեալի պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական երկխօսութեանց ընդհանուր գործունէութեամբ, տեղեակ եղաւ եկեղեցիներու միութեան գծով արձանագրուած յառաջխաղացքին, եւ պատրաստեց օրակարգը յառաջիկայ ժողովին, ուր պիտի քննարկուին եկեղեցիներու միջեւ առկայ տարբերութիւնները:

Երեքշաբթի` 10 Նոյեմբերի երեկոյեան, ժողովականները ներկայ եղան Վիեննայի Ս. Գաբրիէլ Ղպտի եկեղեցւոյ մէջ միջեկեղեցական արարողութեան մը, ուր յատուկ աղօթք մատուցուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մեր նահատակներու բարեխօսութեամբ:

Ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց, յառաջիկայ տարուան հանդիպումը նկատի ունենալով, 28 նոյեմբերէն 1 դեկտեմբեր 2016, Վիեննայի մէջ:

 

Նախորդը

Կարօ Փայլան. «Հարցը Միայն Ցեղասպանութեան Ճանաչումով Չի Վերջանար. Անկէ Ետք Հողերու Վերադարձի Հարցը Կայ»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.