Յօդուածներ

Շուշանիկ

Շուշանիկ

Վարդան Մամիկոնեանի երէց դուստրը` Վարդենի, ճանչցուած` Շուշանիկ, ծնած է Հայաստան, 440 թուականին: Կ՛ամուսնանայ Վրաստանի Ծուրթաւի շրջանի իշխան` բդեշխ Վազգէնի հետ: Կ՛ունենան չորս զաւակներ: Վազգէն կամ Վարզգէն, Արշուշա Բ.ի որդին էր: Այդ ժամանակներուն Վազգէն իշխանը կը ղրկուի Պարսկաստան, պարսից թագաւոր` Պերոզի հետ տեսակցութիւն ունենալու եւ երկու երկիրներու միջեւ սերտ յարաբերութիւն մշակելու: Պերոզ թագաւորի պահանջին վրայ Վազգէն իշխանը, ինքն իր կամքով, կրօնափոխ...

Մասնաճիւղերու Աշխատանքներ

ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղը (Ռապիէ), նախաձեռնած էր աշնանային հանդիպումի ձեռնարկ մը ներկայութեամբ ներկայացուցիչին, հիւրերու, խաչուհիներու եւ ԼՕԽ-ի նեցուկ կանգնող 180 համակիրներու, որոնք մուտքին ստացան գունաւոր հովանոցներ` վարչութեան կողմէ: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Իզապէլ Տէկիրմէնճեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց մասնաճիւղի տարեկան յատկացումները, որոնք կը կատարուին ծերերուն, աշակերտներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան...

Կամաւորներու Օր.  Հայութեան Կեանքին Մէջ Կամաւոր Սկզբունքով  Գործող ԼՕԽ-ը Հզօրութեան Եւ Հպարտութեան Աղբիւր Է

Կամաւորներու Օր

Ամէն տարի, 4 դեկտեմբերին, ՄԱԿ-ը կը տօնէ «Կամաւորներու օր»: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ այս տօնին, որ կը խօսի իր սրտին: ԼՕԽ-ի բոլոր անդամուհիները բոլոր ժամանակներուն կամաւոր աշխատողներ եղած են եւ կը շարունակեն ըլլալ: Ահա՛ թէ ինչու ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը հանդիսաւոր շուքով եւ արժանաւորապէս կը տօնէ այս օրը: 28 նոյեմբեր 2015-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը կազմակերպեց «Կամաւորներու օր»-ը...

Համակարգիչները Կը Բարելաւե՞ն Աշակերտներու Արդիւնքները

Համակարգիչները Կը Բարելաւե՞ն Աշակերտներու Արդիւնքները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Կեանքի ներկայ ընթացքը այնպէս մըն է, որ բնականաբար կարելի չէ արհեստագիտական, ճարտարագիտական նորութիւններն ու նորարարութիւնները հեռու պահել դպրոցներէն եւ ընդհանրապէս կրթական-ուսումնական համակարգէն: Պատասխանատուներ, մասնագէտներ, ուսումնասիրողներ միշտ այս հարցերը կը քննարկեն աւելի արդիւնաւէտին ձգտելու մղումով: Եզրակացութիւնները երբեմն կը հերքեն ընդունուած նախկին տեսակէտները, տարածուած մօտեցումները` փորձելով հաստատել նորը, ապա աւելի նորը, եւ այսպէս` շարունակ... Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութիւնը...

Հալէպը Կրկին Աղէտ Ապրեցաւ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Դեկտեմբեր Բ./2015. Սփիւռքը Նոր Պատկերով

Հայութեան երկու երրորդը այսօր կ՛ապրի սփիւռքի մէջ: Վերջին տարիներուն, Միջին Արեւելքի քաղաքական իրավիճակին պատճառով երկրէ երկիր տեղափոխութիւններուն, տեղւոյն հայ գաղութներու թիւին նօսրացումին, անոր փոխարէն` արեւմտեան շարք մը երկիրներու մէջ գաղութներու թուային աճին, որոնց կողքին հայրենիքէն արտագաղթին պատճառով հայկական սփիւռքը յայտնուած է նոր իրավիճակի մէջ: Ցաւօք պէտք է արձանագրել, որ հայ զանգուածներու հեռացումը Միջին Արեւելքէն պիտի զրկէ անոնց պատմական հայրենիքին մերձաւորութեան,...

Գ. Չեմպերճեանն Ու Լ. Սարգսեանը Պարգեւատրուած Են «Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

Գ. Չեմպերճեանն Ու Լ. Սարգսեանը Պարգեւատրուած Են «Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան  ստորագրած է հրամանագիրներ, որոնց համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կատարած կարեւոր բարեսիրութեան համար «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուած են «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի պատուաւոր նախագահ, բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանն ու հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Լեւոն Սարգսեան: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան)

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան) Գ. Մաս

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Պատերազմներ Եւ Յեղափոխութիւններ Հայոց աշխարհը իր հիմերէն սարսող 1914-1924 տասնամեակի հրդեհները` Ա. Աշխարհամարտ, Ցեղասպանութիւն, ռուսական զոյգ յեղափոխութիւններ (փետրուար եւ հոկտեմբեր 1917), Սեւրի դաշնագիր, հայ-թրքական պատերազմ, Հայաստանի խորհրդայնացում (1920), ֆրանսական նահանջ Կիլիկիայէն (1922) եւ հայ գաղթականութեան ցրւում` Կ. Սասունին ուսանողական կեանքէն ուղղակի կը նետեն բոլոր ճակատներուն վրայ: 1914-ի աւարտին, մինչ կը յայտարարուի պատերազմը Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսաստանի միջեւ,...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Երկիրը Երկի՛ր Է

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Երբ Սուրիոյ մէջ ծագած կռիւները քանի մը տարի առաջ Հալէպ հասան, բազմահազար սուրիահայեր տուն, խանութ եւ գործարան իրենց ետին ձգելով` ապաստան գտան հայրենի խաղաղ երկնքին տակ: Անոնցմէ շատեր յոյս ունէին, որ պատերազմը շուտով վերջ պիտի գտնէ եւ բոլորն ալ պիտի վերադառնան իրենց քաղաքը: Օրեր, շաբաթներ, ամիսներ անցան եւ ոչինչ փոխուեցաւ Սուրիոյ ներքին ռազմաճակատներուն վրայ, ընդհակառա՛կը, կացութիւնը աւելի վատթարացաւ,...

Բոլորին Գիտցած «Գաղտնիք»-ը` Իսլամացած Հայերը

Բոլորին Գիտցած «Գաղտնիք»-ը` Իսլամացած Հայերը

  Ֆեթհիյէ Չեթինը իրաւաբան, մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ Թուրքիոյ ականաւոր գրողներէն մէկն է: 14 նոյեմբեր 2015-ին ան հրաւիրուած էր Նիւ Ճըրզիի Ռամափօ քոլեճի Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան հետազօտութեանց Կրոս կեդրոնի բաժինին մէջ հետեւեալ բանախօսութիւնը ներկայացնելու: Չեթին իր բանախօսութիւնը կարդաց թրքերէն լեզուով, որը նախապէս թարգմանուած էր անգլերէնի Նուրհան Պեչիտեանի կողմէ: Չեթինի ընթերցման հետեւելով, պարբերութիւն առ պարբերութիւն, անգլերէն թարգմանութիւնը կարդացուեցաւ հանրութեան: Բանախօսութեան հայերէնի...

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի.  Ուխտապահներու Ճանապարհով (ՀՅԴ 125-Ամեակ)

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Ուխտապահներու Ճանապարհով (ՀՅԴ 125-Ամեակ)

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ չկայ ազգային գաղափարի մը շուրջ համախմբուած հաւաքականութիւն մը, ինչպիսին է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Մէկ դար ու քառորդ ազգային առաքելութիւն մը` լի բազում զոհողութիւններով: 125-ամեայ ճանապարհ մը` աննկարագրելի խոյանքներով ու մահագուպարներով: Ո՞վ է դաշնակցականը: «Ի պահանջեալ հարկին, կեանքի գնովն իսկ ծառայելու հայրենիքին»... պարզ` այս մէկ նախադասութեան մէջ ամփոփուած ու կերտուած է Դաշնակցականի կերպարն ու ինքնութիւնը: Այսօր չունինք...

Իւրաքանչիւր Արուեստի Գործ…

Իւրաքանչիւր Արուեստի Գործ…

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ - Եւգինէ Եփրեմեան (Տը Կրեֆ) - Ալեքս Պերեճիկեան (Պէրլեան) Արձանագործուհի Եւգինէ Եփրեմեան -Տը Կրեֆ Պատերազմի ժամանակ յաղթանակ տարած մեր անձնուէր հերոսներուն կը նմանին մեր արուեստագէտները, խաղաղութեան մէջ քանդակ մը, համանուագ մը կամ քերթուած մը նոյնքան ազդու են, որքան հայ զինուորին արձակած ռումբերը... դէպի թշնամին: Երկու արուեստագէտներ, երկու ցեղասպանութենէ փրկուած ծնողներու ժառանգներ` Եւգինէ Եփրեմեան` Տը Կրեֆ արձանագործուհի եւ Ալեքսան...

Կազմակերպութեամբ` Ս. Խաչ Հարպոյեան Վարժարանի.  Ս. Ծննդեան Համերգ

Կազմակերպութեամբ` Ս. Խաչ Հարպոյեան Վարժարանի. Ս. Ծննդեան Համերգ

Հայ ժողովուրդը, հայրենիքի մէջ թէ այլուր, մշակոյթը դարձուցած է իր անբաժան ընկերակիցը եւ ինքնապահպանման երաշխիքը: Գրական ստեղծագործութիւններով, թատերական թէ երաժշտական ելոյթներով, ինչպէս նաեւ այլ տիպի գեղարուեստական հանդէսներով կրցած է հայրենի հողէն իր հեռաւորութիւնը հատուցել ոգեղէն հայրենիքով: Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, գիտակցելով մշակոյթի եւ արուեստի արժէքին ու կարեւորութեան, իր կրթական առաքելութեան կողքին ոչ մէկ ջանք խնայած է...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  Դէպի Այնճար

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Դէպի Այնճար

Չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, ԺԱ. դասարանի աշակերտներս ճամբայ ելանք դէպի մեր փոքրիկ Հայաստանը` Այնճար: Անհամբեր սպասած էինք այդ օրուան: Վերջապէս հասանք «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոն, ուր յուշակոթողին մօտ մեզ դիմաւորեց Եսայի Հաւաթեանը, որ ներկայացուց Այնճարի ամբողջ պատմութիւնը` անդրադառնալով նաեւ ներկայ իրավիճակին, Այնճարի զարթօնքին, ինչպէս նաեւ` դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ապա անցնելով «Դալար անկիւն»-էն, հասանք քաղաքապետարան, ուր մեզ հիւրընկալեց Այնճարի քաղաքապետ Կարօ...

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարան.  Ձիրքերու Բացայայտում

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարան. Ձիրքերու Բացայայտում

Ուրբաթ, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոսեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ձիրքերու յայտնաբերման «Թալընթ շօ» յայտագիր մը: Յայտագիրին մասնակցեցան վարժարանի աշակերտները` առաջին կարգէն մինչեւ իններորդ կարգ, իրենց դասընկերներուն, ծնողներուն եւ ներկայ հիւրերուն ներկայացնելով իրենց ձիրքերը` պար, ասմունք, նուագ եւ երգ արուեստի մարզերուն մէջ: Կար դատական կազմ մը` տարբեր մարզերու մասնագէտներէ կազմուած, անոնք էին` Վիգէն Տիշչեքենեան, Կասիա Հաճեքեան, Յակոբ Քելուկեան...

Ակնարկ.  Ժողովրդավարացումով  Տագնապողները

Ակնարկ. Ժողովրդավարացումով Տագնապողները

Սահմանադրական հանրաքուէին առիթով արձանագրուած խախտումներուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան յայտարարութիւնը տեղի տուած է թէ՛ պետական եւ թէ՛ քաղաքական-հասարակական շրջանակներու լայն արձագանգի: Ընտրութիւններու եղանակին մասին դէտերու թէ ընդհանրապէս տարբեր պետութիւններու գնահատականները  բնականաբար միայն իրաւական սահմաններու մէջ չեն ըլլար` օրէնքը կիրարկած ըլլալու, քաղաքացիին ազատ կամքին վրայ չազդելու, ժողովրդավարական օրինաչափութիւնները յարգած ըլլալու եւ ընդհանրապէս տեսականօրէն ընտրակարգի բիւրեղացումը առաջադրող սկզբունքները գործադրելու առումներով: Քաղաքական ուղղուածութիւնը...

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան)

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան) Բ. Մաս

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Բնանկար՝ լեռնային գիւղի բնակարանով եւ բնակիչներով Անուններ Եւ Բանասիրութիւն «Լեռներու խորհուրդը» ժողովածուի շապիկին վրայ հեղինակի Վիգէն Գլակ անունին խորհրդապահական ձեւով կ՛ընկերանայ երկրորդ` «Կարօ Սասունի» անունը, աւելի փոքր տառերով ու փակագիծի մէջ: Այս կրկնութիւնը կը թելադրէ մտածուած ընտրութիւն մը, ինքնութեան դաւանում մը: Միասնաբար անոնք կը յուշեն կարեւորութիւնը անուանակոչական արարքին, անձնանուանումի իմաստային պաշտօնին: Կարօ Սասունի ծնած է 1888-ի (կամ...

Գառնիկ Սարգիսեանի Զոյգ Համերգներով Հալէպահայութիւնը Տօնական Ոգեւորութիւն Ապրեցաւ

Գառնիկ Սարգիսեանի Զոյգ Համերգներով Հալէպահայութիւնը Տօնական Ոգեւորութիւն Ապրեցաւ

Հալէպահայութիւնը չորս տարիէ ի վեր տօնական պահերու ծարաւը ունէր: Համայնքի ազգային կեանքը թէեւ աշխուժ էր, սակայն ՍԵՄ-ի Կեդր. վարչութեան կազմակերպութեամբ ազգային-յեղափոխական երգերու անզուգական մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի զոյգ համերգները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին: ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով ազգային-յեղափոխական երգերը մասունքի պէս պահած հալէպահայութիւնը հոծ բազմութեամբ ներկայացաւ զոյգ համերգներուն, երգեց Գառնիկին հետ, անմահացուց մեր հերոսներն ու ազգային հպարտութիւն առթող անոնց սխրանքները ու իր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Նոր Ջուղա Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Ի Յիշատակ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» Միութեան Ննջեցեալ Միութենականներուն Հովանաւորութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան հիմնադրման 60-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս 20 նոյեմբերին Նոր Ջուղայի հայոց  Ազգային  գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ միութեան ննջեցեալ հիմնադիրներուն եւ միութենականներուն, որոնք նշանակալի դեր ունեցած են...

«Մայր» Ու «Որդի» Արարատի Գագաթին  (Վարդան Մելքոնեանին Եւ Մարիա Ճէյքըպսընին)

«Մայր» Ու «Որդի» Արարատի Գագաթին (Վարդան Մելքոնեանին Եւ Մարիա Ճէյքըպսընին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ       «... Բայց մենք բոլորս հոս ենք, սիրելի՛ Վարդան, փաղանգ մը ամբողջ մայրերու, քեզ հիւրընկալելու եւ փայփայելու»: ՍԵԴԱ ԽՏԸՇԵԱՆ (Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ) Ճիշդ է, որ կեանքի իրականութիւնները ո՛չ ոք կրնայ չակերտել, ո՛չ ոք կը համարձակի զանոնք լուսանցքայնացնել, իմաստազրկել եւ կամ իրենց  էութենէն պարպել, պարզապէս շրջանցելու համար դառնութեամբ թէ տառապանքով յագեցած անհատական կեանք մը, մոռացութեան մատնելու...

Անկրկնելի  Հալէպը. Երբեմնի «Դպրոցներ»-ը … Ժողովրդային Գրադարանները

Ժընեւեան Հայաբոյր Երեկոյ Մը ` Սուրիահայ Աշխարհահռչակ Երգչուհի Լենա Շամամեան Խրոխտ Կանգնեցաւ «Վիքթորիա Հոլ»-ի Բեմին Վրայ

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Վիրաւոր Սուրիոյ գաղթական զաւակները եւ ժընեւաբնակ երաժշտասէր ընտրանի մը, շուրջ հազար հանդիսատես, աւելի քան երկու ժամ անընդհատ, յոտնկայս ծափողջոյններու ընդմիջումներով, ունկնդրեցին սուրիահայ աշխարհահռչակ երգչուհի Լենա Շամամեանի իւրայատուկ կատարումները: Ժընեւի «Վիքթորիա հոլ»-ը, իր դասական յարդարումով, եւրոպական բարձրորակ երաժշտական փարոս մըն է, ուր կը սլանան աշխարհահռչակ արուեստագէտներու կատարումները: Շաբաթ, 5 դեկտեմբեր 2015-ին, Լենա Շամամեան իր արտակարգ ելոյթով այդ հորիզոնին բարձրացուց...

Page 981 of 1110 1 … 980 981 982 … 1,110

Արխիւներ