Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իւրաքանչիւր Արուեստի Գործ…

December 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

– Եւգինէ Եփրեմեան (Տը Կրեֆ)
– Ալեքս Պերեճիկեան (Պէրլեան)

Արձանագործուհի Եւգինէ Եփրեմեան -Տը Կրեֆ
Արձանագործուհի Եւգինէ Եփրեմեան -Տը Կրեֆ

Պատերազմի ժամանակ յաղթանակ տարած մեր անձնուէր հերոսներուն կը նմանին մեր արուեստագէտները, խաղաղութեան մէջ քանդակ մը, համանուագ մը կամ քերթուած մը նոյնքան ազդու են, որքան հայ զինուորին արձակած ռումբերը… դէպի թշնամին:

Երկու արուեստագէտներ, երկու ցեղասպանութենէ փրկուած ծնողներու ժառանգներ` Եւգինէ Եփրեմեան` Տը Կրեֆ արձանագործուհի եւ Ալեքսան Պերեճիկեան-Պէրլեան` նկարիչ, կը ստեղծագործեն առաջինը Քանատա, երկրորդը` Փարիզ, հարստացնելով մեր մշակոյթի գանձարանը եւ բարձրացնելով հայութեան անունը:

Եւգինէ Եփրեմեան ծնած է Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղին մէջ: Աւարտելէ ետք Սահակեան բարձրագոյն վարժարանը, յաճախած է Աքատեմի Լիպանեզ տէ Պօզա՛ր, քանդակի բաժին, ապա մեկնած է Փարիզ ու աշխատած` Էքոլ Նասիոնալ Սիւփերէօր տէ պօ զ՛ան-ի մէջ, աշակերտելով երկու նշանաւոր արձանագործներու` Քութիւրիէրի եւ Քոլամարինիի:

60-ականներուն ամուսնացած է ու ընտանեօք մեկնած` Քանատա, ուր կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ:

Եւգինէ իրագործած է բազմաթիւ նշանաւոր անձերու կիսանդրիները` Փարիզ եւ Քանատա:

Տուած է անհատական ցուցահանդէսներ` Մոնրէալ, Փարիզ, Թորոնթօ, Օթավա եւ Նիւ Եորք` արժանանալով բարձր գնահատանքի:

Գործ՝ Եւգինէ Եփրեմեան-Տը Կրեֆի «Իրաքի երազը» (պրոնզ)
Գործ՝ Եւգինէ Եփրեմեան-Տը Կրեֆի «Իրաքի երազը» (պրոնզ)
«Կոմիտաս» գործ՝ Եւգինէ Եփրեմեան-Տը Կրեֆի
«Կոմիտաս» գործ՝ Եւգինէ Եփրեմեան-Տը Կրեֆի
Դիմաքանդակ՝ երգահան Կարպիս Ափրիկեանի (Փարիզ) գործ՝ Եւգինէի
Դիմաքանդակ՝ երգահան Կարպիս Ափրիկեանի (Փարիզ) գործ՝ Եւգինէի

Մասնակցած է հետեւեալ սալոններուն.

– Գերիրապաշտ սալոն, Փարիզ,

– արձանագործութեան միջազգային սալոն-թանգարան Ռոտենի մէջ, Փարիզ,

– Աշնանային սալոն եւ Ապրող Արուեստ, Մոնրէալ,

– Հայ արուեստագէտներու սալոն, Մոնրէալ, 23 անձնական ցուցահանդէսներ տուած է 2007-էն մինչեւ 2015 թուական, զանազան երկիրներու մէջ:

Իր գործերը կը զարդարեն բազմաթիւ հաւաքածոներ եւ կը գտնուին թանգարաններու մէջ:

Ալեքս Պերեճիկեան։ Ալեքս Պէրլեան, դիմանկար
Ալեքս Պերեճիկեան։ Ալեքս Պէրլեան, դիմանկար
«Սայաթ Նովա», իւղանկար, 1981, գործ՝ Ալեքս Պէրլեանի
«Սայաթ Նովա», իւղանկար, 1981, գործ՝ Ալեքս Պէրլեանի

1970-ականներուն ծանօթացած եմ Ալեքսին: Այդ շրջանին կը նկարազարդէր «Երիտասարդ հայ»-ի կողքերը: Մեծ մասամբ քաղաքական եւ մտաւորական անձնաւորութիւններու դիմանկարներով:

Ալեքս ծնած է Հալէպ, 1946-ին: Յաճախած է Գերմանիկեան վարժարան, ապա` Քարեն Եփփէ ազգային ճեմարան: 1965-1970 յաճախած է Վենետիկի գեղարուեստից կաճառ` ուսուցիչ ունենալով աշխարհահռչակ փրոֆեսէօր Ճուզեփփէ Սանթոմազոն:

Շրջան մը ապրած է Պէյրութ եւ մաս կազմած` «Երիտասարդ հայ»-ի խմբագրական կազմին` Հայր Անդրանիկ Կռանեանի, Ժիրայր Դանիէլեանի, Պետրոս Թերզեանի եւ Լութֆիկ Թապաքեանի կողքին:

Գծանկար, գործ՝ Ալեքս Պէրլեանի, 1980, (ածխամատիտ)
Գծանկար, գործ՝ Ալեքս Պէրլեանի, 1980, (ածխամատիտ)
«Տարերային պար»,1989-91, իւղանկար, գործ՝ Ալեքս Պէրլեանի
«Տարերային պար»,1989-91, իւղանկար, գործ՝ Ալեքս Պէրլեանի

1976-ին կը հաստատուի Փարիզ, ուր կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ ցարդ:

2011-ին կը հրատարակուի իր «Արուեստի ուղիներ»-ով հատորը` արժանանալով «Մելիտինեցի» մրցանակին: Այդ հատորը կ՛ամփոփէ «Յառաջ»-ի մէջ լոյս տեսած արուեստի մասին իր գրած յօդուածները:

1970-ին Վենետիկի ակադեմիային իբրեւ աւարտաճառ կը ներկայացնէ Արշիլ Կորքիի կեանքն ու գործը: Արշիլ Կորքի կեղծանունն է  Ցեղասպանութեան որբերէն` Ոստանիկ Ատոյեանի: Սոյն աշխատութիւնը կը հրատարակէ 2007-ին, ֆրանսերէն լեզուով, Փարիզ:

Փարիզի մէջ մաս կազմած է «Ակ» խումբին, որուն մաս կը կազմէին Արշակ Գառնիկեան, Արամ Ալեքսեան եւ Ռ. Նաճարեան:

1987-ին տուած է իր անդրանիկ ցուցահանդէսը Փարիզի մէջ, վերացական գործերով: Մասնակցած է Փարիզի սալոններուն եւ խմբական միջազգային ցուցահանդէսներու:

Ալեքս Պէրլեան մտաւորական արուեստագէտ մըն է, արուեստի մասին իր գրած յօդուածները ունին ակադեմական մակարդակ:

Տիպար հայ արուեստագէտ մը, նուիրեալ իր ժողովուրդին եւ անոր մշակոյթին:

Փարիզ-Պէյրութ, 2013-2015

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ` Ս. Խաչ Հարպոյեան Վարժարանի. Ս. Ծննդեան Համերգ

Յաջորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Ուխտապահներու Ճանապարհով (ՀՅԴ 125-Ամեակ)

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.