Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կամաւորներու Օր

December 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

lokh-6_112815

Ամէն տարի, 4 դեկտեմբերին, ՄԱԿ-ը կը տօնէ «Կամաւորներու օր»: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ այս տօնին, որ կը խօսի իր սրտին: ԼՕԽ-ի բոլոր անդամուհիները բոլոր ժամանակներուն կամաւոր աշխատողներ եղած են եւ կը շարունակեն ըլլալ: Ահա՛ թէ ինչու ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը հանդիսաւոր շուքով եւ արժանաւորապէս կը տօնէ այս օրը:

28 նոյեմբեր 2015-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը կազմակերպեց «Կամաւորներու օր»-ը «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ այս հանդիսութեան:

Գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր մը, որ ունէր երկու մաս` բանախօսութիւն եւ գեղարուեստական բաժին: Օրուան բանախօսները շատ յստակօրէն եւ օրինակներով բացատրեցին «կամաւոր» բառին իմաստը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին կամաւոր աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ, բա՛ն մը, որ հետզհետէ սկսած է պակսիլ դժբախտաբար` ներքին եւ արտաքին պատճառներու բերումով: Հո՛ս է, որ բանախօսները վեր առին ԼՕԽ-ի կամաւոր աշխատանքը եւ անոր կենսական դերակատարութիւնը մանաւանդ այս օրերուն: Անոնք հաստատեցին այն իրողութիւնը, որ կամաւոր անձը պէտք է ըլլայ նուիրեալ, առանց ակնկալութիւններ ունենալու` անանձնական ծառայող մը: Եթէ այս յատկանիշերը վերցնենք «կամաւոր» բառէն, մենք կ՛ունենանք նիւթապաշտ անհատ մը: Անշահախնդիր այս նուիրումին օրինակները, ըսին բանախօսները, ամէն օր կը տեսնենք ԼՕԽ-ի շարքերուն մէջ:

Խօսքերու բաժնէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ իրապէս տպաւորիչ էր: Անոր մասնակցութիւն բերին երիտասարդ երգիչ մը, երգչուհի մը եւ նուագող մը, որոնք մեներգով եւ զուգերգով գեղեցիկ կերպով եւ հրաշալիօրէն մեկնաբանեցին հայկական ընտրուած զտարիւն երգեր` յուզելով ներկաներու հոգեկան աշխարհը: Այդպէս է, որ անոնք արժանացան ներկաներուն ջերմ գնահատանքին:

Այս ձեռնարկին ուրախալի երեւոյթներէն մէկն էր նաեւ երիտասարդ սերունդին ներկայութիւնը: Արդարեւ, խոստմնալից երիտասարդ-երիտասարդուհիներ իրենց գեղանկարներով զարդարած էին սրահին պատերը` արուեստի մթնոլորտ մը ստեղծելով այնտեղ:

Տակաւին, կարելի է մանրամասնել այս ձեռնարկին առթած տպաւորութիւնը: Դուրս ելանք սրահէն ուրախ տրամադրութեամբ եւ անհուն գոհունակութեամբ` շնորհաւորելով ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբը:

Զ. Յ.

Նախորդը

Համակարգիչները Կը Բարելաւե՞ն Աշակերտներու Արդիւնքները

Յաջորդը

Մասնաճիւղերու Աշխատանքներ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.