Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Դեկտեմբեր Բ./2015. Սփիւռքը Նոր Պատկերով

Դեկտեմբեր 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայութեան երկու երրորդը այսօր կ՛ապրի սփիւռքի մէջ:

Վերջին տարիներուն, Միջին Արեւելքի քաղաքական իրավիճակին պատճառով երկրէ երկիր տեղափոխութիւններուն, տեղւոյն հայ գաղութներու թիւին նօսրացումին, անոր փոխարէն` արեւմտեան շարք մը երկիրներու մէջ գաղութներու թուային աճին, որոնց կողքին հայրենիքէն արտագաղթին պատճառով հայկական սփիւռքը յայտնուած է նոր իրավիճակի մէջ:

Ցաւօք պէտք է արձանագրել, որ հայ զանգուածներու հեռացումը Միջին Արեւելքէն պիտի զրկէ անոնց պատմական հայրենիքին մերձաւորութեան, աւանդապահ հայկական միջավայրի մէջ ապրելու հնարաւորութենէն. երբ այս շրջանի հայութենէն նկատառելի տարր մը կը հեռանայ եւ հոգեպէս թէ աշխարհագրականօրէն կ՛անջատուի իր պատմական հայրենիքին հարեւանութեան ապրող ու իր հայեացքն ու միտքը անոր յառած զանգուածէն, թէկուզ հարկադրաբար, թրքական հայասպան դաւն է, որ կրկին կը բանի: Միւս կողմէ` արեւմտեան ափեր ուղղուիլը, աւելի յարմարաւէտ ու ապահով կեանք որոնելու պատճառով, կը դժուարացնէ այդ զանգուածին գոյապայքարը որպէս հայ: Օտար ափերու մէջ համաշխարհայնացման, ձուլումի վտանգները տարուէ տարի առաւել մեծ ուժգնութեամբ կը սպառնան տուեալ շրջաններու հայութեան հայեցի գոյութեան: Այսուհանդերձ, ներկայ անխուսափելի կացութիւններու լոյսին տակ սփիւռքահայ զանգուածներու գոյութիւնը կրնայ վերածուիլ դրական գործօնի, եթէ գաղութներու վերակազմակերպման եւ ուժեղացման հեռանկարով ազգային ռազմավարութիւն մը կեանքի կոչուի:

Սփիւռքահայ իւրաքանչիւր համայնք, ներառեալ` Միջին Արեւելքի համայնքները, ըլլալով ուժեղ, գործունեայ եւ ազդեցիկ իր ապրած երկրին մէջ, հնարաւորութիւն ունի իր դրական ներդրումն ու նպաստը բերելու մեր ազգին ու հայրենիքին, նախ տուեալ երկրին մէջ Հայաստանին համար կարեւոր յենարան դառնալով, ապա նաեւ, ազգային պարտաւորութիւններ ստանձնող սերունդներու փաղանգներ հասցնելու պարագային, մնալով նկատառելի ուժ` իբրեւ հաւաքական ներդաշնակ կազմակերպութիւն, Հայ դատի հետապնդման գործօն դերակատար եւ իբրեւ Միացեալ Հայաստանի իրաւատէր:

Հայ քաղաքական միտքը լուսարձակի տակ պէտք է պահէ սփիւռքի հզօրացման հրամայականը` ե՛ւ աւանդական, ե՛ւ նոր սփիւռքներու մէջ հայ երիտասարդութիւնը կապուած պահելու ազգային ինքնութեան եւ հայութեան գոյապայքարին:

Սփիւռքեան համայնքներուն ազգային, քաղաքական եւ մշակութային արժէքներու եւ նպատակներու շուրջ կազմակերպումը, նորահաս սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւնը եւ տարբեր երկիրներու իրավիճակներուն մէջ անոնց անվտանգութեան ապահովումը ունին ազգային ռազմավարական նշանակութիւն:

Աւելի՛ն. սփիւռքեան համայնքներու փոխգործակցութեան կառոյցներու ստեղծումը, Հայաստան-սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդումը ազգային միացեալ լինելութեան գաղափարը կը շեշտադրեն:

Սփիւռքը այդ լինելութեան կարեւոր կռուաններէն մէկն է, որուն պահպանման ուղղուած ճիգերը ժամանակակից իրավիճակներուն եւ պահանջներուն պէտք է համապատասխանեցնել:

Սփիւռքի պահպանման ջանքերուն զուգահեռ, Հայաստանի հզօրացման նպաստող համահայկական ճիգերը պիտի ծառայեն հայրենիքի մէջ կայանալու գաղափարի շեշտադրումին` սփիւռքահայ երիտասարդութեան մօտ արմատացնելով հայրենիք ներգաղթելու, հայկական արմատներուն կառչելու գիտակցութիւնը:

Հայ ժողովուրդի մնայուն օթեւանը հայրենիքն է վերջապէս, անկախ Հայաստանը` որպէս մէկ հատուածը ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանին:

Զ. Պ.

Նախորդը

Գ. Չեմպերճեանն Ու Լ. Սարգսեանը Պարգեւատրուած Են «Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

Յաջորդը

Համակարգիչները Կը Բարելաւե՞ն Աշակերտներու Արդիւնքները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?